Ուժանիւթի նախարար Մուհամէտ ալ-Պաշիր հաստատեց, որ Հալէպի նահանգի խմելու ջուրի մատակարարման ընդհատումի հարցը վերջնականապէս վերացաւ՝ Պապիրի կայանի անխափան մատակարարումը ապահովող պահեստային էլեկտրական գիծի միացման աարտէն ետք։
Նախարարը «X» հարթակի վրայ գրառումին մէջ ըսաւ. «Մենք լաւ լուր ունինք Հալէպ նահանգի մեր ժողովուրդին․ խմելու ջուրի ընդհատման մտահոգութիւնը նահանգի համար այլեւս անցեալի մէջ մնաց՝ Թշրին ամբարտակէն Պապիրի կայան պահեստային էլեկտրահաղորդման գիծի հաստատման մեր յաջողութենէն ետք»։