Հասիչէ նահանգի ներքին ապահովութեան հրամանատար Մարուան ալ-Ալի եւ Ներքին գործոց Նախարարութեան խօսնակ Նուր ատ-Տին ալ-Պապա Երեքշաբթի օր ստուգած է Հասիչէ նահանգի հիւսիսային ծայրամասը գտնուող Գամիշլիի մէջ ՔԱՍԱՏ-ի ապահովական շտապը՝ նախքան անոր յանձնումը եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղակայումը այնտեղ:
«Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը սկսած է Գամիշլիի ապահովութեան կառոյցներու վերահսկողութիւնը ստանձնել ՔԱՍԱՏ-էն՝ քաղաքը տեղակայուելու եւ կայունութեան վերահսկելու նպատակով՝ ի կատարումն Սուրիոյ կառավարութեան եւ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն միջեւ 18 Յունուարին կնքուած համաձայնագրին»։
Խօսնակը յայտնեց, որ իշխանութեան յանձնումի գործընթացը կ՚արտացոլէ բոլոր կողմերուն մօտ տիրող դրական մթնոլորտը՝ աւելցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը կարիք ունի այս մթնոլորտին, եւ որ տեղի ունեցածը կը ներկայացնէ անոր բոլոր բաղադրիչներու միասնական յաղթանակը եւ նոր փուլի սկիզբ մը՝ ատելութեան խօսքէն եւ պառակտումէն հեռու մնալով Սուրիան կառուցելու համար։