Սուրիա Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի արաբական խումբի նախագահութիւնը ստանձնեց։ ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան մնայուն բանագնաց իր X հարթակին վրայ յայտնեց, որ Սուրիոյ համար հպարտութիւն է Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի արաբական խումբի նախագահութեան ստանձնումը։

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Իպրահիմ Ուլապի Արաբական Լիկայի մնայուն ներկայացուց Մաճէտ Ապտուլ Ֆաթթահ Ապտուլ Ազիզի հետ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին խումբի յառաջիկայ ամիսներու աշխատանքային ծրագրերը սերտուեցան։