Շաբաթ, 31 Յունուարին, Քննչական Կոմիտէ հրաւիրուած էին Յովնան Եպս. Յակոբեան, Մակար Եպս. Յակոբեան եւ տէր Մովսէս քահանայ:
Աւելի կանուխ փաստաբան Արա Զոհրապեան յայտնած էր, որ «շաբաթ առաւօտէն ոստիկանութեան միջոցով ծանուցագրեր կը յանձնուին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եպիսկոպոս անդամներուն` իբրեւ մեղադրեալ Քննչական Կոմիտէ ներկայանալու համար»:
Փաստաբանին համաձայն, եպիսկոպոսները կը մեղադրուին դատական վճիռի կատարումը խոչընդոտելու արարքի յանցանքով:
Քննչական Կոմիտէն առայժմ չի մեկնաբաներ այս տեղեկատուութիւնը:
«Ակնյայտ է, որ սա հերթական միջամտութիւնն է եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, եւ ասոր հիմնական նպատակն է խոչընդոտել Եպիսկոպոսաց ժողովի կայացումը», գրած է փաստաբան Արա Զոհրաբեան:
Հաղորդուեցաւ, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եպիսկոպոս անդամներուն արգիլուած է երկրէն դուրս գալ: