Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունած է Հնդկաստանի զինուած ուժերու պաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատար զօր. Անիլ Չաուհանը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, Չաուհան յայտնած է Հնդկաստանի զինուած ուժերու պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համագործակցութեան զարգացումը առկայ ուղղութիւններով եւ նախաձեռնելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նոր ուղղութիւններ:

Պապիկեան բարձր գնահատած պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան ներկայիս մակարդակը` կարեւոր նկատելով փոխադարձ գործակցութեան ծրագիրներու կանոնաւոր իրականացումը:

Անոնք քննարկած են նաեւ շրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհա:

Զօրավար Անիլ Չաուհանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան հասած էր նախանցեալ օր: