Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 3 Փետրուարին հանդիպած է Եւրոպական Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Մայքլ Օ՚Ֆլահերթիի հետ։
«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ զրուցակիցները անդրադարձած են Եւրոպական Խորհուրդի շրջագիծէն ներս առաջնահերթ ուղղութիւններով՝ իրաւունքի գերակայութեան շարունակական ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով փոխգործակցութեան:
Անդրադարձ կատարուած է նաև Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած փախստականներու կարիքներու հասցէագրման ծրագրերուն:
Արարատ Միրզոյեան եւ Մայքլ Օ՚Ֆլահերթ մտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հարցերու շուրջ: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան շարունակական ամրապնդման ջանքերին, այդ կարգին՝ մարդասիրական բնոյթի հարցերու։