Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ՔԱՍԱՏ-ի հետ համաձայնութիւնը գործնականացնելու նպատակով սուրիական ներքին ապահովական ուժերը սկսան Հասիչէ եւ Արաբունար մուտք գործել` իրենց ամբողջական հսկողութեան տակ առնելու այդ շրջանները ու ապահովութիւնը համակարգելու ՔԱՍԱՏ-ի ուժերուն հետ գործակցաբար։