Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան նախարար Մազէն Սալհանի յայտնեց, որ ՔԱՍԱՏ-ի եւ սուրիական կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւնը դարձաւ երկրի խաղաղութեան ամրապնդման նպաստող ազդակներէն մէկը, որ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ յատպակէս զբօսաշրջութեան հատուածին վրայ, շեշտելով որ քաղաքական ձեռքբերումը անմիջական ազդեցութիւն ունի զբօսաշրջութեան հատուածի զարգացման վրայ։