Սուրիոյ կարգ մը շրջաններու մէջ տիրող անկայուն վիճակը իր անդրադարձը կ’ունենայ ինչպէս երկրի բոլոր ոլորտներուն, այնպէս ալ կրթական կեանքին վրայ։
Երկրորդ կիսամեակի վերամուտը կը յետաձգուի, տնտեսութիւնը կայունացման համար խաղաղ միջավայրի
կը սպասէ, այլ խօսքով` կեանքը ընդհանրապէս տեղքայլի մէջ կը մնայ, հակառակ տարուող  աշխատանքներուն, եւ այս բոլորին հիմնական պատճառը համընդհանուր խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ուշացումն է։
Սուրիոյ կրթական կեանքը տուժեց պատերազմի տարիներուն, պսակաձեւ ժահրի տարածման օրերուն։ Տուժեց ո՛չ միայն արձակուրդներու աւելացման արդիւնքով, այլեւ՝ մասնագէտ դասախօսներու գաղթին, համալսարաններէ ներս ժամանակակից ծրագրերու  որդեգրման ուշացումին, ինչպէս նաեւ դասախօսներու եւ դեկաններու ցած ամսականներուն  հետեւանքով։ Հակառակ այս բոլորին, դասախօսներն ու ուսանողները դժուար պայմանները յաղթահարելով պատուաբեր աշխատանք տարին։
Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք, Կրթութեան Նախարարութիւնը այս բոլորը նկատի առած, նոր ծրագրեր մշակելու, նոր համալսարաններ բանալու, սուրիական համալսարանները մրցունակ դարձնելու աշխատանք սկսաւ, այս բոլորը, սակայն, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ կիրարկել, երբ մերթ ընդ մերթ բախումներ տեղի կ’ունենան երկրի կարգ մը շրջաններուն մէջ ու այդ բախումներուն հետեւանքով կ’ազդուի երկրի կրթական ողջ համակարգը ու արձակուրդի օրերը կրկին կը բազմանան՝ ծրագրերու իրականացման հաշուոյն։
Կրթական կեանքի մէջ բարեփոխումները անհրաժեշտ են ու կը կարօտին մասնագիտական սերտուած աշխատանքի՝ երկրի ներքին խաղաղութեան ու սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան ամրապնդման պայմաններուն մէջ։
Սուրիահայ համայնքը  այս նկատառումներէն մեկնելով միշտ կողմնակիցը եղած է հարցերու խաղաղ կարգաւորման ու երկրէն ներս ազգային երկխօսութեան, որպէսզի տարբեր ոլորտներու մէջ, ներառեալ կրթական, բարեփոխումները երեւելի դառնան, Սուրիոյ ժողովուրդը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը վերականգնումի աշխատանքներու մասնակիցը դառնայ ու Սուրիան իր արժանի տեղն ու դերը վերագտնէ տարածաշրջանին մէջ։