Այսօր, երբ աշխարհաքաղաքական բեկումնային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ եւ միջինարեւելեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումները, վերստին
կը զարթնեցնեն ժողովուրդներու ազատագրական տենչը, յեղափոխութեան գաղափարը դուրս կու գայ լոկ փողոցային պայքարի սահմաններէն։ Ան կը դառնայ հաւաքական գիտակցութեան զարթնումի եւ անարդարութեան ճիրաններէն ազատագրուելու հրամայական։ Այս ճակատագրական պահերուն, երբ յեղափոխութիւնը կը ձգտի պետականութեան ամրագրման, յեղափոխականի կերպարը կը վերափոխուի՝ դառնալով պետականամէտ մարդու տիպար։ Այս իմաստով, հայ քաղաքական մտքի տիտաններու գաղափարները աւելի քան այժմէական են։
Նիկոլ Աղբալեանի համար յեղափոխականը պարզապէս «կուրօրէն հարուածող ուժ» չէ։ Անիկա այն «նոր մարդ»-ն է, որ նախ եւ առաջ յաղթած է իր ներքին ստրուկին։ Ըստ Աղբալեանի, յեղափոխականը պէտք է օժտուած ըլլայ բարձրագոյն գիտակցութեամբ, բաց մտքով եւ ներքին կարգապահութեամբ։ Անոր համար յեղափոխութիւնը ո՛չ միայն վարչակարգի փոփոխութիւն է, այլեւ՝ մշակութային եւ հոգեբանական վերածնունդ, իսկ պետութիւնը՝ ժողովուրդի գոյատեւման միակ  երաշխիք։
Այս գաղափարը կ’ամբողջացնէ Քրիստափոր Միքայէլեանի միտքը, որուն համաձայն յեղափոխականը գործի եւ անձնազոհութեան մարմնացումն է։ Քրիստափորի համար յեղափոխութիւնը արկածախնդրութիւն չէ, այլ բարոյական հրամայական։ Անոր տեսանկիւնէն, յեղափոխականը այն անհատն է, որ իր անձնական շահը
կը ձուլէ հաւաքականին՝ նպատակ ունենալով ստեղծել արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան վրայ հիմնուած պետականութիւն։
Վահան Նաւասարդեանի քաղաքական հայեացքներով՝ յեղափոխութիւնը լոկ միջոց է, իսկ պետութիւնը՝ բացարձակ նպատակ։ Անկախութեան այս ջատագովին համար պետականութիւնը ազգի քաղաքական հասունութեան բարձրագոյն քննութիւնն է։ Միայն պետականակերտ մտածողութեամբ օժտուած յեղափոխականը կրնայ իր երկիրը նոր բարձունքներու առաջնորդել, ժողովուրդի ազատութիւնն ու ապահովութիւնը, այլեւ տարբեր իրաւունքները յարգել։
Այսօրուան սրընթաց աշխարհին մէջ, յեղափոխական ըլլալ չի նշանակեր միայն քանդել հինը, այլ գիտակցաբար կառուցել նորը։ Իսկական յեղափոխականը ան է, որուն զէնքը գիտելիքն է, իսկ վահանը՝ պատասխանատուութիւնը։
Յեղափոխական մտածողութիւնը կը սկսի պայքարով ու կը յաղթանակէ միայն այն ատեն, երբ կը հասնի պետականութեան կերտման ու կը դառնայ շինարար մտածողութիւն։ Մերօրեայ յեղափոխականի մեծագոյն առաքելութիւնը ո՛չ թէ լոկ ժողովուրդը անարդարութենէ ազատագրելն է, այլ՝ այդ ազատութիւնը պետականութեան ամուր սիւներուն վրայ իմաստաւորելը։