18 Յունուարին Սուրիոյ նախագահը եւ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու ղեկավարը ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ 6 Յունուարին սկսած զինեալ բախումներու վերջը կը յայտարարէր եւ կը շեշտէր, որ ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ ուժերը կ՚անցնին Եփրատի արեւելեան շրջան, ապա որպէս անհատ զինուորական ծառայողներ կը համարկուին սուրիական բանակին մէջ։ Քրտական կողմի բոլոր բաղադրիչները համաձայն չէին այս համաձայնագրի բոլոր յօդուածներուն, որուն հետեւանքով ալ բախումները շարունակուեցան կողմերուն միջեւ եւ Սուրիական բանակը երկրի հիւսիսարեւելեան կարգ մը շրջաններ եւս իր վերահսկողուըեան տակ առնելէ ետք, 20 Յունարին նոր զինադադար մը յայտարարուեցաւ Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժերուն եւ Սուրիոյ կառավարութեան միջեւ։

Սուրիոյ նախագահականը հրապարակեց ճանապարհային քարտէզ մը՝ քրտական կողմին չորս օր ժամանակ տալով մշակելու համարկումի համապարփակ ծրագիր։ Դրական արձագանգի պարագային երկրի իշխանութիւնները խոստացան չմտնել հիւսիսարեւելեան գլխաւոր քաղաքներ՝ Հասիչէ ու Գամիշլիի, զօրքերը տեղակայել արուարձաններուն մէջ՝ մինչեւ ամբոջական համարկումի շուրջ համաձայնութեան գոյացումը։
Կառավարութիւնը առաջարկեց նաեւ, որ քիւրտերը թեկնածուներ առաջադրեն Հասիչէի նահանգապետի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօններուն համար։ Իսկ նախագահը հրամանագրով հաստատեց, որ քիւրտերու ազգային, քաղաքական եւ մշակութային իրաւունքները պիտի պահպանուին սահմանադրութեամբ, քրտերէնի ուսուցումը պիտի իրականանայ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի յարգուին անոնց մշակութային առանձնայատկութիւնները, իսկ Նեւրուզը պիտի դառնայ պետական տօն։
Միացեալ Նահանգներ այս գործընթացին իրականացումը փութացնելու համար իր առաջարկը ունէր․ Սուրիոյ հարցերով յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաք յայտարարեց, որ գետնի վրայ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու՝ ՔԱՍԱՏ-ի դերը՝ որպէս «
ՏԱՀԵՇ»-ի դէմ պայքարող հիմնական ուժ կ՚աւարտի, հետեւաբար այս պայքարին մէջ առանձին դերակատարութիւն չի վերապահուիր անոր։ Ուաշինկթըն յայտնեց, որ քիւրտերու ապագան կը տեսնէ Սուրիոյ անցումային իշխանութեան ներքեւ՝ նախագահ Շարաաի ղեկավարութեամբ։ Սուրիոյ կառավարութեան կը վերապահուի երկրի ապահովութեան հաստատումն ու «ՏԱՀԵՇ»-ի դէմ դնելու պայքարը։ Աւելին․ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ զինուորական այլ ներկայութեան կարիք չի տեսներ։

Ներկայիս կողմերու միջեւ վստահութեան վերականգնումը հիմնական մարտահրաւէրն է։ Չորսօրեայ զինադադարէն ետք, եթէ ՔԱՍԱՏ-ի եւ Սուրիոյ կառավարութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագրի կէտերը իրականանալ սկսին ու նախագահ Շարաաի ներկայացուցած ճանապարհային քարտէզը կիրարկուի, աստիճանաբար կը սկսի վերականգնիլ կողմերու միջեւ վստահութիւնը որպէս սուրիական ուժեր, որոնց նպատակը վերջապէս Սուրիան խաղաղ ու բոլորին իրաւունքները պահպանուած տեսնելն է սահմանադրութեամբ։
Քրտական կողմը կը շեշտէ նաեւ երկրի ժողովրդավար եւ ապակեդրոն դառնալու իր պայմանը։ Այս բոլորը փոխադարձ վստահութեան եւ երկրի խաղաղութեան պայմաններուն մէջ իրականանալի քայլեր են, որոնք ժամանակի կը կարօտին։
Հիմնականը փոխադարձ վստահութեան ամրագրումն է, որ երեւելի կրնայ դառնալ ստորագրուած համաձայնագրերու եւ հրապարակուած հրամանագիրի իրագործումով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հիւսիսարեւեալեան շրջաններուն մէջ զինեալ ներկայութեան վերացումով, որպէսզի ինչպէս Սուրիոյ կառավարութեան, այնպէս ալ քրտական կողմին մտավախութիւնները արտաքին կողմերու ազդեցութեան վերաբերեալ ի թերեւ ելլեն եւ հարցը լուծուի առաւելաբար սուրիական երդիքի ներքեւ։