2025-ը սուրիահայ համայնքին համար եղաւ ալեկոծ, բայց դիւանագիտական հաւասարակշռուած քաղաքականութեամբ ընթացող արդիւնաւէտ տարի։
Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան հետեւանքով յեղափոխական ուժերը աստիճանաբար կազմակերպուիլ սկսան։ Թէեւ սկզբնական շրջանին համայնքի զաւակները անորոշութեան մատնուած էին, սակայն պէտք է արձանագրել, որ թեմի Առաջնորդի եւ Յարաբերական Մարմնի ճկուն աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղաւ՝ դրական յարաբերութիւններ մշակել նոր իշխանութիւններուն հետ, աւելին.   հանդիպումներ կազմակերպել, մասնակցիլ պետական մակարդակով տարբեր խորհրդակցական հաւաքներու՝  նախագահականէն մինչեւ Հալէպի ապահովական ուժերու եւ նահանգապետի մակարդակներով, ընկալել տեղի ունեցածն ու ըստայնմ կազմակերպել սուրիահայ համայնքին կեանքը՝ երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր քաղաք կամ նահանգ իւրայատուկ կացութեան դէմ յանդիման կանգնած էր։
Համայնքի զաւակներուն կեանքը բնականոն հունի մէջ մտաւ։ Հալէպահայ համայնքապետները ժողովուրդի զաւակները լուսաբանեցին պետական ու ապահովական մարմիններուն հետ ունեցած իրենց հանդիպումներուն գծով, հաւասարակշռութեան կոչ ուղղեցին, որպէսզի սուրիահայ համայնքը շարունակէ յանուն Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին իր շինիչ դերակատարութիւնը ունենալ երկրի տարբեր ոլորտներէն ներս։
Սուրիահայ դպրոցները Դեկտեմբեր 2024-ին կարճ արձակուրդէ մը ետք շարունակեցին իրենց ուսումնակրթական ընթացքը։ Նոր, ժամանակաւոր կառավարութեան կազմութեամբ, Կրթութեան Նախարարութիւնը դասագիրքերուն մէջ նկատառելի փոփոխութիւններ չկատարեց, սակայն յորդորեց չեղեալ համարել նախորդ վարչակարգը գովաբանող բոլոր արտայայտութիւններն ու պատկերները։
Հայկական դպրոցներէն ներս բոլոր դասանիւթերու, ներառեալ Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ու կրօնի, դասաւանդութիւնը շարունակուեցաւ նոյն ձեւով ու կշռոյթով։
Ազգային կեանքը եւս շարունակուեցաւ աշխոյժ թափով, նոր իշխանութիւնները յորդորեցին համայնքային կեանքը շարունակել այնպէս ինչպէս որ էր նախապէս, առանց որեւէ կաշկանդումի։
Անցնող տարին յատկանշուեցաւ նաեւ տնտեսական եւ ապահովական դժուարութիւններով, զորս յաղթահարելու համար մեր ժողովուրդի զաւակները ցուցաբերեցին զգուշաւոր լաւատեսութիւն, միշտ հաւատալով, որ Սուրիան որպէս ամբողջական ու միասնական երկիր, ժամանակի  ընթացքին պիտի վերագտնէ իր վերջնական խաղաղութիւնը, տնտեսութեան անիւը պիտի սկսի թաւալիլ ու բարգաւաճման ուղղել երկիրը։
Այս լաւատեսութիւնը անհիմն չէր.  Սուրիոյ պետութեան յարաբերութիւնները արտաքին աշխարհին հետ աստիճանաբար բարելաւուիլ սկսան, երկրի տնտեսական պաշարումը քայլ առ քայլ չեղարկուեցաւ, Սուրիոյ դէմ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցները, ներառեալ «Կայսեր» օրէնքը, չեղեալ համարուեցան։
Երկրի ապահովութիւնը սակայն մնաց խոցելի՝ արտաքին թէ ներքին տարբեր ազդակներու ներգործութեամբ։
Հակառակ տարաբնոյթ դժուարութիւններուն, մեր միութիւններն ու ազգային կառոյցները գործեցին, կազմակերպուեցան ձեռնարկներ, դասընթացքներ, բանակումներ, սեմինարներ, ցուցահանդէսներ, դպրոցական հանդէսներ։ Վերանորոգուեցան ու երիտասարդութեան առջեւ յարմարաւէտ պայմաններով բացուեցան կառոյցներ, շահարկման տրուեցան այլ կառոյցներ, մամուլն ու քարոզչական մեր հարթակները գործեցին պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ու տարին բոլորեցինք նոր փորձառութեամբ ու հասունութեամբ։
Հայրենի կեանքի ալեկոծումները եւս սուրիահայութեան կիզակէտին մէջ մնացին։ Հայաստանեայց Առաքելական Ս.  Եկեղեցի-Հայաստանի պետութիւն լարուած յարաբերութիւնը, քաղաքական կեանքէն ներս ընդդիմութեան նկատմամբ հալածանքները դատապարտելի համարեցինք, յատկապէս աշխարհաքաղաքական լարուած ներկայ պայմաններուն մէջ,  որոնց դէմ  յանդիման Հայաստանի քաղաքական թէ ազգային ներքին կեանքը պէտք է մնայ ամուր, կայուն եւ միասնական՝ որպէս պատնէշ այլազան վտանգներու դէմ։
Արցախահայութեան իրաւունքներու հետապնդումին, Ատրպէյճանի մէջ հայ քաղաքական բանտարկեալներու շինծու դատավարութեան անհրաժեշտ է համահայկական միասնական ուժերով հետեւիլ ու արդարութեան հաստատման համար գործել Սփիւռք-հայրենիք դերերու դիւանագիտական բաշխումով։
Սուրիահայ համայնքը, իր կարգին, պիտի գործէ երկրի ծանր պայմանները յաղթահարելու ողջախոհութեամբ, իր դրական ներդրումը բերելով երկրի անկիւնադարձային այս փուլին, միեւնոյն ժամանակ Նոր Սուրիոյ, նոր սահմանադրութեան մէջ իր իրաւունքները ամրագրուած տեսնելու հեռանկարով։
Արդեօ՞ք  համայնքը իր թիւի նօսրացումով պիտի շարունակէ պահել իր ներգործուն դերը, հարց պիտի տան շատեր…  «Գանձասար» Բացառիկի էջերը թերթատելով, պիտի տեսնէք տարուան մը ծաւալուն գործունէութիւնն ու յարաբերական աշխոյժ կեանքը, մանաւանդ՝ երիտասարդ տարրին կենսունակութիւնը.  այս բոլորը հիմնական երաշխիքներն են սուրիահայ համայնքի եռուն կեանքին ու նպատակասլաց աշխատանքին։
Այնուամենայնիւ հսկայ գործ ունինք տանելու՝ պահելու մեր կառոյցներու որակն ու մակարդակը, օգտուելու ժամանակակից ճարտարագիտութեան, առցանց աշխարհի պարզած կարելիութիւններէն, քայլ պահելու արդիականութեան հետ՝ որդեգրելով աշխատանքի նոր ոճ, պատրաստելով նոր մարդուժ, որոնց կողքին համայնքի տնտեսական կարելիութիւններու զարգացման համար երկարաժամկէտ ծրագրեր մշակելու։
Բարի, բեղուն եւ խաղաղ տարի կը մաղթենք մեր համայնքի զաւակներուն։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս.  Ծնունդ։
Զարմիկ Պօղիկեան