Սուրբծննդեան տօնի Ս. եւ Անմահ Պատարագը հազիւ աւարտին հասած էր, երբ Հալէպի մէջ ծայր առին զինեալ բուռն բախումներ, կրկին լարուածութիւն տիրեց, կրակոցներն ու ռումբերը փոխարինեցին բանակցութիւնները։
Նախորդ տարուան 10 Մարտին, Սուրիոյ նախագահին եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ կնքուած համաձայնութեան ժամկէտը կ’աւարտէր տարուան վերջին օրը, այնուամենայնիւ յոյսեր կային, որ բանակցութիւններու լեզուն տիրող կը դառնայ ու կողմերու միջեւ համաձայնութիւնը, բարդ ըլլալով մէկտեղ, գետնի վրայ քայլ առ քայլ կ’իրագործուի։
Ցաւօք կացութիւնը շրջիլ սկսաւ, սրացումներ երեւելի դարձան, արտաքին դրդումներ դերակատարութիւն ունեցան այս սրացումներուն մէջ՝ Սուրիան կրկին դարձնելու ճակատումներու բեմ, ինչպէս նաեւ հրահրելու Սուրիոյ մասնատումը։
Բախումնային օրերուն, ողջունելի էր Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքապետներուն կոչը՝ դադրեցնելու ուժի կիրարկման լեզուն եւ վերադառնալու բանակցութեան սեղան։
Քրիստոնեայ համայնքները, ներառեալ Բերիոյ Հայոց Թեմը, իրենց կարելին ըրին օգնելու տեղահանուած կամ վտանգի ենթարկուած ժողովուրդին՝ ապաստան եւ սնունդ տրամադրելով անոր, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը բաց պահեց վտանգի մէջ յայտնուած Նոր Գիւղի իր Դարմանատունը այդ օրերուն՝ բոլորին դիմաց անխտիր։ Հալէպի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք, համայնքները անմիջապէս գործի լծուեցան բնակարանային վնասներ կրող քաղաքացիներուն եւս ձեռք երկարելու, խրախուսելու ժողովուրդը՝ վերադառնալու իր բնականոն կեանքին։
Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչներու իրաւունքները պաշտպանուած պահելը հիմնական երաշխիքներ պիտի դառնան արտաքին միջամտութիւնները խափանելու, Սուրիան խաղաղութեան ափ առաջնորդելու եւ համերաշխ հասարակութիւն կերտելու։ Այս բոլորը Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին միասնական աշխատանքով միայն կրնան իրականանալ։ Այլապէս տարածաշրջանային ու արտաքին խաղացողներ ճեղքեր պիտի գտնեն միշտ ու պիտի փորձեն իրենց շահերուն սպասարկող իրավիճակներ ստեղծել երկրէն ներս, որուն հետեւանքով պիտի տուժեն բոլոր սուրիացիները, անխտիր։
Սուրիոյ պետութիւնը տակաւին տապալած չի համարեր 10 Մարտի համաձայնութիւնը, ուստի լարուածութեան մեղմացումէն ետք, կը հաւատանք, որ այդ համաձայնագրի կէտերու իրականացման միտող քայլեր երեւելի կը դառնան։