ԱՄՆ Քոնկրէսի կողմէն չեղարկումը «Կայսեր» օրէնքին, որ 2019-էն ի վեր ծանր պատժամիջոցներ կը պարտադրէր Սուրիոյ վրայ, շրջադարձային պահ կը նկատուի Սուրիոյ տնտեսութեան ապաքինման հեռանկարին համար։ Սուրիացի տնտեսագէտներ եւ պաշտօնատարներ կը շեշտեն, որ այս քայլը ոչ միայն կը բանայ դուռը միջազգային ելեւմտական համակարգ վերադառնալու, այլեւ կը խոստանայ աստիճանաբար մեղմացնել քաղաքացիներու տնտեսական ծանր վիճակը։
Ա) Անմիջական ազդեցութիւններ
Տնտեսագէտներու կարծիքով, առաջին շաբաթներուն կարելի է ակնկալել սուրիական լիրայի փոխարժէքի որոշակի կայունութիւն եւ հիմնական ապրանքներու գիներու նուազում։ Այս բարենպաստ մթնոլորտը, սկզբնական շրջանին առաւելաբար հոգեբանական ազդակ կրնայ ըլլալ, աւելի քան գետնի վրայ արձանագրուող կառուցային փոփոխութիւն։ Դրամանիշին կայունացումով, մարդիկ եւ տեղական հաստատութիւններ աստիճանաբար կը դադրին օտար դրամանիշի վստահելէ, երեւոյթ մը, որ աստիճանաբար կրնայ մեղմացնել ճնշումը սուրիական լիրայի փոխարժէքին վրայ։ Սակայն այս դրական ալիքը կարճատեւ կ’ըլլայ, եթէ հիմնուած չըլլայ արտադրութեան աճի կամ շուկայի իսկական ցուցանիշերու բարելաւման վրայ։
Բ) Միջնաժամկէտ հեռանկարներ
Տնտեսագէտներու համաձայն, պատժամիջոցներու չեղարկումը
կը խթանէ տնտեսական գործունէութիւնը։ Արտահանողներու եւ ներմուծողներու առջեւ կը բացուին նոր կարելիութիւններ, ինչ որ տեղական շուկային մէջ կը ստեղծէ մրցակցութիւն եւ կը նուազեցնէ սպառողական որոշ ապրանքներու գիները։ Միւս կողմէ, միջազգային դրամական փոխանցումներու եւ ներդրումներու հոսքը կը խթանէ ելեւմուտքի ոլորտը, կը ստեղծէ նոր աշխատատեղեր եւ արտադրողները արտահանման կը մղէ։ Այս բոլորը կը կապուին սուրիական լիրայի փոխարժէքի կայունութեան եւ գնաճի վերահսկողութեան հետ, որոնք ուղղակի ազդեցութիւն ունին քաղաքացիներու առօրեայ կենցաղին վրայ։
Գ) Երկարաժամկէտ հետեւանքներ
Իրականութեան մէջ, գիներու նուազումը եւ եկամուտներու բարելաւումը զգալի կրնան դառնալ միջին ժամկէտով՝ մէկէն երկու տարուան ընթացքին։ Նոր ներդրումներ եւ վերակառուցման ծրագրեր կրնան ստեղծել հազարաւոր աշխատատեղեր՝ շինարարութեան, արդիւնաբերութեան եւ ծառայութիւններու ոլորտներուն մէջ։ Արտաքին աշխարհէն եկամուտներու հասանելիութիւնը կառավարութեան առիթ կ’ընծայէ զարգացնելու կենսական ենթակառոյցները՝ ելեկտրականութիւն, ջուր, առողջապահութիւն եւ կրթութիւն։ Այս բոլորը երկար ժամանակի վրայ, կրնան բարձրացնել ծառայութիւններու մակարդակը եւ քաղաքացիներու կեանքի որակը։
Դ) Դրամատնային Միջազգային համակարգի վերամիացում
Եթէ Սուրիոյ դրամատնային համակարգը վերամիանայ միջազգային փոխանցումներու ցանցերուն, ինչպէս «SWIFT»-ը, հիմնական քայլ մը առած կ’ըլլայ ներդրումներու խթանման գծով, որովհետեւ այս ցանցին միացումը կը դիւրացնէ ներմուծում-արտահանումը եւ կը վերականգնէ վստահութիւնը ելեւմտական գործառնութիւններուն մէջ։ Նոր ներդրումներու եւ դրամական հոսքերու ազատ ընթացքը կը վերածուի տնտեսական շարժիչ ուժի, որ երկարաժամկէտ դրութեամբ կը նպաստէ տնտեսութեան կայունութեան եւ զարգացման։
«Կայսեր» օրէնքի չեղարկումը կարելի է անկիւնադարձ համարել Սուրիոյ տնտեսութեան համար։ Թէեւ անմիջական ազդեցութիւնները սահմանափակ են եւ հիմնականին մէջ՝ հոգեբանական, սակայն միջին եւ երկարաժամկէտ ազդեցութիւններէն կարելի է ակնկալել իսկական բարելաւումներ՝ գիներու նուազում, աշխատատեղերու ստեղծում, ծառայութիւններու զարգացում եւ միջազգային ելեւմտական համակարգի վերամիացում։ Այդուամենայնիւ, այս քայլը կրնայ համարուիլ համապարփակ վերակառուցման փուլի հիմք, եթէ սուրիական դրամատուները թարմացնեն իրենց ներքին կառոյցը, բարձրացնեն թափանցիկ աշխատանքի մակարդակը եւ գործեն միջազգային չափանիշերու համապատասխան ոճով ու վստահելիութեամբ։