2025-ը ելեւէջներով յղի տարի մը եղաւ Սուրիոյ համար ընդհանրապէս, սուրիահայութեան համար մասնաւորապէս։
Երկրէն ներս մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան հետեւանքով, երբ յեղափոխականներ հասան իշխանութեան, ժողովուրդը կտրուկ փոփոխութիւններու առջեւ գտաւ ինքզինք։
Նոր իշխանութիւնը առաջին օրերէն իսկ, դիմելով ժողովուրդին, հանդարտ մնալու կոչ կ’ուղղէր, կը շեշտէր, որ պիտի յարգէ բոլոր փոքրամասնութիւններու իրաւունքը եւ երկիրը պիտի առաջնորդէ դէպի նոր ապագայ, ուր պիտի տիրեն արդարութիւնն ու ազատութիւնը, վերջ պիտի տրուի փտածութեան եւ հալածանքներու, իսկ Սուրիան պիտի վերականգնէ իր յարաբերութիւնները ոչ միայն տարածաշրջանային, այլեւ՝ բոլոր երկիրներուն հետ, ո՛չ ոքի հետ հարց ունենալու եւ բոլորին հետ գործակցելու հեռանկարով։
Իշխանափոխութեան առաջին շաբաթները անկայուն շաբաթներ էին, որովհետեւ երկրի ապահովական համակարգի ամրագրումը, ոստիկանական եւ այլ ուժերու վերահաստատումը ժամանակի կը կարօտէին։ Այս իրավիճակի լոյսին տակ, Ազգ. Առաջնորդարանը յաճախակի հաղորդագրութիւններով մեր ժողովուրդի զաւակները կը լուսաբանէր, յատկապէս ներկայացնելով Հայ համայնքապետներու պետական եւ ապահովական պատասխանատուներու հետ ունեցած հանդիպումներու դրական արդիւնքները։
Համայնքային կեանքը աստիճանաբար հունի մէջ կը մտնէր, իսկ «Գանձասար» շարունակելով իր գործունէութիւնը, ժողովուրդը
կը լուսաբանէր Բերիոյ Հայոց Թեմին հրապարակած հաղորդագրութիւններով, երկրի ապահովական մարմիններու յայտարարութիւններով, հետագային նաեւ աստիճանաբար ազգային կեանքի վերաշխուժացման, հայկական վարժարաններու վերսկսման տեղեկութիւնները փոխանցելով, միշտ յորդորելով ըլլալ զուսպ եւ հետեւիլ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի կոչերուն։
Իրավիճակը, յատկապէս Հալէպի մէջ, կարճ ժամանակ մը ետք բարե-լաւուեցաւ։ Այդուամենայնիւ ապահովական առումով մտահոգութիւնները չփարատեցան։
14 Փետրուարին «Գանձասար»-ի խմբագրատունը եւ Ազգային «Արարատ» շէնքի բոլոր գրասենեակները կողոպուտի ենթարկուեցան։ Կողոպտուեցան խմբագրատան համակարգիչները, արձանագրուեցան նաեւ նիւթական այլ վնասներ։
Բարեբախտաբար «Գանձասար» իր արխիւները թուայնացուցած ու բազմացուցած էր, որուն համար ալ թուայնացած արխիւներու կորուստ չարձանագրուեցաւ։
Նախքան այս դէպքը, «Գանձասար» համաձայնագիր կնքած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին հետ եւ իր ամբողջ թուայնացուած ու որոնողական համակարգով օժտուած արխիւը փոխանցած Ազգային Գրադարան, որպէսզի տեղաւորուի հայկական մամուլի թուայնացած շտեմարանին մէջ։
Խմբագրատունը օժտուեցաւ նոր համակարգիչներով եւ աշխատանքը անխափան շարունակուեցաւ։
Ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, «Գանձասար» կազմակերպեց երիտասարդ լրագրողներու չորրորդ խորհրդաժողովը, Քեսապ, որուն մասնակցեցան շուրջ 30 երիտասարդներ Սուրիոյ տարբեր նահանգներէն։ Վերջին եւ նախորդ երեք խորհրդաժողովներուն ներկայացուեցան լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան ոլորտին առնչուող մասնագիտական դասախօսութիւններ, տեղի ունեցան զրոյցներ եւ քննարկումներ, որոնց շնորհիւ թերթը ունեցաւ երիտասարդ աշխատակիցներու ցանց մը Սուրիոյ ողջ տարածքին՝ Հալէպէն Գամիշլի, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ։
Խմբագրակազմի երիտասարդ անդամներէն ոմանք Հայաստան ուղղուեցան՝ հայրենիքի մէջ շարունակելու իրենց կեանքը եւ մասնագիտական գործունէութիւնը։ Անոնց փոխարինեցին նորեր ու աշխատանքը նոր թափով ու եռանդով շարունակուեցաւ։
Թերթի դիմագիծի պահպանման ու էջերու հարստացման մէջ մեծ ներդրում ունեցան «Գանձասար»-ի աշխարհացրիւ յօդուածագիրները՝ Հալէպէն Լիբանան, Հայաստան, Եգիպտոս եւ Միացեալ Նահանգներ, որոնց նուիրեալ աշխատանքը հարստացուց թերթը քաղաքական, հրապարակագրական եւ գեղարուեստական խայտաբղէտ յօդուածներով։
Խմբագրակազմի ժրաջան անդամները երկրի տարաբնոյթ պայմաններուն մէջ շարունակեցին իրենց աշխատանքը՝ հայերէն թերթը որպէս յոյսի ու յարատեւման ջահ վառ պահելու համար։
«Գանձասար»-ի վարչական աշխատանքներու պատասխանատուները եւս թեւ ու թիկունք կանգնեցան թերթի աշխատանքներուն։ Տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարուեցան։
Այդուամենայնիւ «Գանձասար»-ը չմնաց անթերի, անոր էջերուն մէջ մերթ ընդ մերթ տողանցեցին ուղղագրական վրիպումներ։ Յառաջիկայ տարուան մէջ յաւելեալ բծախնդրութիւն կը պահանջուի մեզմէ այս առումով։
Ի ուրախութիւն մեզ, երիտասարդ գրիչներ, յատկապէս նկատառելի թիւով լրագրողներ երեւիլ սկսան «Գանձասար»-ի էջերուն վրայ, սակայն քաղաքական, հրապարակագրական վերլուծող գրիչներու վերապատրաստումը իրականանալի ծրագիր կը մնայ տակաւին։
Երկրի տեղեկատուական դաշտի եւ համացանցային ծառայութեան բարելաւման խոստումներու լոյսին տակ, անհրաժեշտ է նաեւ կատարելագործել առցանց մեր հարթակները՝ հասնելու հայերէն թերթ ընթերցողներու աւելի լայն շրջանակի։
Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ տարի Սուրիան կ’ուղղուի խաղաղութեան ափ, երկրի բարգաւաճումը երեւելի կը դառնայ, ու մենք նոր ու ապահով պայմաններու մէջ, նորոգուած թափով կը շարունակենք մեր ընթացքը։