Սուրիոյ մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին տնտեսական իրավիճակի աստիճանական բարելաւման գծով դրական ազդանշաններ սկսան երեւիլ։ Երկրէն ներս տարուան առաջին օրերէն իսկ դեղորայքի ու սննդամթերքի տագնապը քայլ առ քայլ վերացաւ։ Ու թէեւ գիները այս տարուան մէջ ակնբախ նուազում չարձանագրեցին, սակայն գէթ սննդամթերքի, ամէնօրեայ ապահովման համար հասանելի վառելանիւթի գիները համեմատաբար աւելի ընդունելի մակարդակի մը հասան։ Փտածութեան երեւոյթը սկսաւ նահանջել, յատկապէս ոստիկանութեան, պետական պաշտօնէութեան ոլորտներուն մէջ, քաղաքէ քաղաք ապրանքափոխանակումը իր նախկին տուրքերէն, արգելքներէն զերծ կացուցուեցաւ, հիմա դիւրաւ քաղաքէ քաղաք կը հասնին տարբեր տեսակի մթերքներ։
Այստեղ չենք խօսիր երկրի որոշ շրջաններուն մէջ տակաւին առկայ քաղաքական տագնապներու մասին, այլ ընդհանուր ակնարկ մը կ’ուզենք նետել տնտեսութեան հաւանական բարելաւման տուեալներուն վրայ։
Տնտեսական վերականգնումը փուլային գործընթաց է. տեղի  չունենար կախարդական փայտիկով կամ կարճ ժամանակուան մէջ, այլ աստիճանաբար, յատկապէս երբ կը խօսինք երկրի մը մասին որ տասնչորս տարի տուայտեցաւ բախումներու եւ փտածութեան ճանկերուն մէջ։
Այդուհանդերձ երկրին դէմ պատիժներու աստիճանական չեղարկումը, Սուրիոյ տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը, տնտեսական նոր համաձայնագրերու ստորագրումը եւ յատկապէս ուժանիւթի եւ ենթակառոյցներու վերականգնումի սատարող կարգ մը երկիրներու գործակցութիւնը սուրիական տնտեսութեան դրական նոր փուլի մը առաջին քայլերը կը մատնանշեն։
Սուրիոյ մէջ ներդրումային միջավայրը եւս աստիճանական ձեւաւորման փուլի մէջ է։ Ան սկսած է քայլ առ քայլ բարելաւել իր տարրերը։
Օրէնսդրական  դաշտը հիմնարար նշանակութիւն ունի ներդրողները ներգրաւելու համար, այս առումով 14 թուակիր ներդրումային նոր օրէնքը կարեւոր փոփոխութիւն կարելի է համարել վերլուծաբաններու եւ ներդրողներու կարծիքով՝ իր պարզութեան, ճկունութեան եւ  պետութեան ու ներդրողի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման շնորհիւ։ Բնականաբար տուրքերու վերաբերող օրէնքները, դրամի փոխանակման դիւրութիւններն ու միջազգային դրամատուներու հետ Սուրիոյ Կեդրոնական Դրամատան կապն ալ իր դերը պիտի ունենայ այս ոլորտի աշխուժացման մէջ։
Առաջնայինը սակայն ճամբաներու, անցակէտերու, կամուրջներու եւ այլ ենթակառոյցներու բարեկարգումն է, որուն համար այս տարի ականատեսը եղանք յատկապէս տարածաշրջանային եւ Ծոցի երկիրներուն հետ ստորագրուած միլիառաւոր տոլարներու հասնող համաձայնագրերու ստորագրման։ Այս բոլորը արդիական չափանիշերով իրականացնելը ժամանակի կը կարօտին։
Տնտեսական կեանքի բարելաւման մէջ այս շրջանին որոշիչ դեր կրնան ունենալ առեւտուրի, ճարտարարուեստի, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան պալատները՝ սուրիական շուկային տրամաբանութեամբ կացութեան արժեւորումն ու ակնկալուող աշխատանքները սահմանելով։
Այս բարելաւման մէջ մեծ դեր կրնայ խաղալ մասնաւոր հատուածը եւս, մրցակցային շուկան խթանելով ու սուրիական մեծաթիւ մարդուժին վրայ հիմնուելով, յատկապէս եթէ տնտեսական կեանքին ընկերվարական համակարգէն ազատ շուկայի համակարգ փոխանցման լոյսին տակ երկրէն ներս այս հատուածին տրամադրուող ծառայողական դաշտն ալ ձեռնտու դառնայ՝ ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ եւ այլն։
Այս բոլորին համընթաց իրականացումը կը պահանջէ ժամանակակից միջոցներով, իրատեսօրէն գնահատել տնտեսութեան վիճակը՝ կանխելու մակերեսային գնահատականները եւ ստեղծելու տնտեսական յստակ ու վստահելի մթնոլորտ։
Սուրիան բնականաբար կարելիութիւն ունի նաեւ օգտուելու իր սփիւռքի դրամագլուխէն եւ փորձառութենէն։
Ակնկալուող բարելաւումներուն մէջ առաւելաբար պէտք է աշխատանք տարուի երիտասարդութեան վրայ, որպէսզի մասնագիտանայ այնպիսի ճարտարագիտական ոլորտներու մէջ, որոնք կրնան իր աշխատանքի որակը բարձրացնել ու զինք ատակ դարձնել գործակցելու տեղական թէ միջազգայնին տարբեր ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու հետ։
Մաղթենք որ 2025-ը Սուրիոյ ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական դժնդակ պայմաններու վերջին տարին ըլլայ ու նոր տարուան հետ տնտեսութեան բարելաւման նշոյլները աճ արձանագրեն։