Վերջին օրերու Սուրիոյ ներքին անցուդարձերը նոր մտահոգութիւններ յառաջացուցին։ Հայաստանեան լրատուամիջոցներ բազմիցս հարցուցին, թէ արդեօ՞ք սուրիահայերը ապահով են, թէ ոչ, նկատի ունենալով հասարակական ցանցերու վրայ տարածուող այլաբնոյթ լուրերը։ Հոմսի հարաւային ծայրամասին մէջ սպանութեան մը ոճիրը եւ անոր յաջորդող լարուածութեան դէպքերը «Հայկական Թաղամաս» կոչուող շրջանին մօտ, թիւր տպաւորութիւն ձգեցին հայկական լրատուամիջոցներուն վրայ, կարգ մը լրատուամիջոցներ ենթադրեցին որ դէպքը հայաբնակ թաղի մը մէջ է ու հայերու կեանքը վտանգուած է։
Իրականութեան մէջ Հոմսի «Հայկական Թաղամաս» կոչուած շրջանին մէջ տասնամեակներէ ի վեր հայեր չեն բնակիր։ Թաղամասը այդպէս կոչուած է, որովհետեւ դարասկիզբին այնտեղ մեծաթիւ հայեր հաստատուած են, սակայն վերջին տասնամեակներուն, հայերը ուղղուած են առաւելաբար քաղաքի կեդրոնական շրջանը.  այդուհանդերձ թաղամասը պահած է իր անունը։
Արդարեւ, քաղաքի վերջին օրերու լարուածութիւնը ուղղակի ոչ մէկ աղերս ունեցած է քաղաքի հայ բնակչութեան հետ.  Հոմսի մէջ ապրող սուրիահայ ընտանիքները հեռու եղած են ոճիրի վայրէն։ Միւս կողմէ, երկրի ներքին ապահովական ուժերը իրենց ներկայութեամբ վերահսկողութեան տակ առած են դէպքի վայրն ու քաղաքի ընդհանուր մուտքն ու ելքը։
 Սուրիահայութիւնը երկրի տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ կը շարունակէ իր կազմակերպ կեանքը՝ նախանձախնդիր մնալով ժողովուրդի միասնութեան, ազատ կամարտայայտութեան եւ ապահովութեան երաշխիքներու ամրապնդման։ Համայնքը կը գործէ միասնական ճիգերով, համախմբուած մնալով իր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ մշակութային օջախներուն շուրջ։ Կը պահէ յարգալից կապեր սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն հետ, նախանձախնդիր ըլլալով ժողովուրդի ապահովութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան։
Համայնքը, հակառակ տնտեսական դժուար պայմաններուն, իր բաժինը կը բերէ երկրի վերակառուցման աշխատանքներուն.  ան վերակառուցած է ու կը շարունակէ վերակառուցել համարեա՛ իր բոլոր քանդուած կառոյցները՝ դպրոցներ, եկեղեցիներ, հասարակական վայրեր, եւ այլն, որովհետեւ այդ կառոյցներուն աշխոյժ գործունէութիւնը դրական երանգ կը հաղորդէ Սուրիոյ ընդհանուր պատկերին՝ միաժամանակ համայնքի կենսունակութիւնը պարզելով։
Սուրիահայութիւնը տասնհինգ տարիներու տագնապէն լրջօրէն ազդուեցաւ, նուազեցաւ համայնքին, յատկապէս երիտասարդ տարրին թիւը, տնտեսական դժուարութիւնները արտագաղթի մղեցին շատեր։ Այդուհանդերձ, համայնքը
կը շարունակէ իր աշխոյժ կեանքը.  ու որքան արագ ընթանայ Սուրիոյ կայունացման գործընթացը, որքան արագ ամրագրուին խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը, այնքան
կը նուազին դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները։