Սուրիահայ դպրոցներու պատմութիւնը հարուստ է անուններով` աշակերտական այնպիսի պարբերաթերթերու, որոնք տարիներ շարունակ եղած են դպրոցական կեանքի գեղեցիկ զարդերը։ Անոնցմէ որպէս օրինակ յիշենք Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի «Ծիլեր» աշակերտական պարբերաթերթն ու Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանի «Բարձունք»-ը։
Ստեղծագործական բնոյթի այս մամուլը եղած է մատղաշ սերունդի գրական փորձերու առաջին հարթակը, որուն ճամբով նաեւ ծաղկած ու հարստացած է հայ աշակերտին լեզուն, գրաւոր խօսքով արտայայտուելու համարձակութիւնը, ոճը եւ վերջապէս քննական մտածողութիւնը։ Այս բոլորը վերածուած են անփոխարինելի փորձառութեան, որ աշակերտներուն դիմաց բացած է մամուլի եւ գրականութեան աշխարհի լայն դռները։
Աշակերտական պարբերաթերթերը եղած են նաեւ խմբագրական աշխատանքի ծանօթացման օրրաններ։ Աշակերտները, մաս կազմելով պարբերաթերթի խմբագրութեան, սորված են խմբագրական աշխատանքի առաջին քայլերը, թերթ հրատարակելու այբուբենը եւ զայն լոյսին բերելու հաւաքական աշխատանքը՝ խմբագրութենէն սրբագրութիւն, ձեւաւորում եւ վերջապէս տպագրութիւն։
Այս պարբերաթերթերուն միջոցով անոնք առաջին առնչութիւնը ունեցած են մամուլին հետ, վայելած իրենց հրատարակուած գրութիւններուն առաջին ընթերցումը ու ապրած այն անկրկնելի գոհունակութիւնը, որ իրականութեան մէջ կարեւոր խթան է իրենց առաջին փորձերը զարգացնելու իմաստով։
Սուրիահայ հանրածանօթ գրողներ, մտաւորականներ գրելու իրենց առաջին փորձերը սկսած են աշակերտական պարբերաթերթերուն ընդմէջէն։
Ցաւօք, վերջին տարիներուն այս գեղեցիկ աւանդոյթը նահանջ արձանագրած է։ Սուրիական տագնապը ազդած է նաեւ ա՛յս ոլորտին վրայ։ Տպագրութեան սղութիւնը, խմբագրական ոլորտի մէջ փորձառութիւն ունեցող ուսուցիչներու կարեւոր մէկ մասին գաղթը, տնտեսական դժուարութիւնները, տպագիր մամուլին հանդէպ հետաքրքրութեան նուազումը պատճառ դարձած են, որ հայկական վարժարանները պէտք եղած հետաքրքրութիւնը չընծայեն դպրոցական պարբերաթերթերուն։
Ու որքան բան կորսնցուցած են ու կը կորսնցնեն աշակերտները հեռու մնալով գրաւոր ինքնուրոյն խօսքին, խմբագրական ու հրատարակչական աշխատանքին ծանօթանալու, իրենց մայրենին այս առումով զարգացնելու ու ապագային հայ մամուլի ու գրականութեան ոլորտ մտնելու այս խրախուսիչ ազդակէն։
Հասկնալով մէկտեղ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւի նօսրացումը, հայերէնաւանդ ուսուցիչներու մասնակի տագնապը, տպագիր աշխատանքի հանդէպ հետաքրքրութեան նուազումն ու տպագրութեան սղութիւնը, որքան դրական պիտի ըլլար վերականգնել դպրոցական թէկուզ թուայնացուած, ոչ-տպագիր պարբերաթերթերը։ Այսպիսով աշակերտները գէթ կը սորվին իրենց միտքը արտայայտել անսխալ գրաւոր խօսքով, կը փորձեն գրել, խմբագրել եւ հրատարակչական աշխատանք կազմակերպել եւ վերջապէս կþարտացոլացնեն դպրոցական առօրեան, որ այնքան քաղցրաբոյր յօդուածներով, հարցազրոյցներով, ծաղրանկարներով, բանաստեղծութիւններով եւ սլաքներով արտայայտուած կը գտնենք դպրոցական նախկին պարբերաթերթերուն մէջ։
Այս պարբերաթերթերը դպրոցական գործունէութեան անբաժան մասը եղած են տարիներ շարունակ ու իրենց դրական արդիւնքը տուած՝ մամուլի եւ գրականութեան ոլորտ ուղղելով հայ աշակերտները։ Վերականգնենք այս աւանդոյթը։