Ակնարկ
Սուրիոյ նախագահի ԱՄՆ այցելութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութեան մէջ պատմական էջ մը կը բանայ, որովհետեւ Սուրիոյ անկախութենէն ի վեր առաջին նախագահն է, որ Սպիտակ տուն կ’այցելէ եւ գործակցութեան կամուրջ կը ջանայ կառուցել ԱՄՆ-ի հետ։ Այս այցելութիւնը նպաստաւոր է Սուրիոյ համար քանի մը պատճառներով։ Նախ անոր համար, որ կը խրախուսէ Սուրիոյ նկատմամբ պատիժներու չեղեալ համարումը։ Թէեւ ասիկա կը կարօտի որոշ ժամանակի, բայց ուղի մը կը բանայ Սուրիոյ ապաքինման ու երկրի վերականգնումին համար։ Պատիժներու վերջնական վերացումը պիտի ըլլայ Քոնկրէսի որոշումով, հաւանաբար մինչեւ յառաջիկայ տարուան հինգերորդ ամիս, սակայն չեղարկման ընթացք առած ուղին պիտի նպաստէ ներդրումներու եւ դէպի Սուրիա գէթ առաջին փուլին վառելանիւթի, ուժանիւթի եւ այլ էական արտադրութիւններու հասանելի դառնալուն։ Այս այցելութեամբ Սուրիա կը բացուի Արեւմտեան աշխարհին եւ կը ջանայ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել բոլորին հետ։ Այլ առումով իշխանութեան օրինականութիւնը կ’ամրագրուի ԱՄՆ նախագահին իսկ հաստատումով։ ԱՄՆ քանի մը պահանջ կը ներկայացնէ՝ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարող ամերիկեան դաշինքին Սուրիոյ միանալը, օտար զինեալներու հարցին լուծումը եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանումը։ Նոր փուլ մը կը բացուի Սուրիոյ դիմաց՝ ԱՄՆ-ի, ինչպէս այլ երկիրներու հետ գործընկերութեան մեկնարկի եւ պատիժներու վերացման։ Այս երկու տուեալները պիտի ազդեն երկրի ներքին կեանքին վրայ, որովհետեւ Դամասկոս գործընկերութեան ձեռք երկարելով տարբեր մայրաքաղաքներու կը հաստատէ, որ ջատագովն է խաղաղութեան հաստատման եւ մտադիր չէ որեւէ երկրի հետ բախման մէջ մտնելու.միւս կողմէ կը մատնանշէ, որ տնտեսութեան զարգացումն ու երկրի վերականգնումը պետութեան առաջնային նպատակներէն են։ ԱՄՆ-ի մէջ Սուրիոյ նախագահին հանդիպումը Միջազգային դրամատան տնօրէնին հետ լուսարձակի տակ կ’առնէ այն իրողութիւնը, որ Սուրիա ո՛չ թէ կը ձգտի վարկեր վերցնել դրամատունէն, այլ՝ ներդրումային ծրագիրներ ներգրաւել, որպէսզի անոնք նպաստեն երկրի վերակառուցման։ Նախագահին հանդիպումը միջազգային ներդրողներու հետ եւս այս տրամադրութիւնը կը շեշտէ։ Եթէ ԱՄՆ նախագահը հրաւիրէ Սուրիոյ վերակառուցման համար ներդրողներու խորհրդաժողով մը եւ վերակառուցման աշխատանքներու մասնակից դարձնէ ամերիկեան եւ միջազգային ընկերութիւններ, նպաստաւոր քայլ մը առնուած կ’ըլլայ Սուրիոյ վերականգնումի եւ ապահովութեան ոլորտներուն համար։ Ամերիկեան ընկերութիւններու Սուրիոյ վերականգնումի մասնակցութեամբ, ԱՄՆ եւս շահագրգռուած պիտի ըլլայ Սուրիոյ ապահովութեան ամրագրումով, հետեւաբար ալ պատիժներու վերջնական վերացումով, որպէսզի կարելի ըլլայ ներդրումներու համապատասխան միջավայր ստեղծել։ ԱՄՆ քոնկրէսի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուին հետ հանդիպումով նախագահը քոնկրէսի մտավախութիւնները փարատեց, հետեւաբար խթանեց պատիժներու չեղարկման ընթացքը։ ժամանակը կարեւոր է Սուրիոյ համար, պատիժներու երկարաձգումը թէեւ վերջնականապէս չի բանար ներդրումներու դռները, սակայն ամերիկեան ընկերութիւններու Սուրիոյ վերականգնումի մասնակցութիւնը առիթ կրնայ դառնալ պատիժներու վերջնական վերացումին եւ հետագայ ներդրումներու ներգրաւումին։ Ապահովութեան ամրագրում եւ տնտեսութեան զարգացում։ Այս հիմնական երկու ծրագիրները ապահովելու համար Սուրիա կը ջանայ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել բոլոր կողմերուն հետ, գործակցիլ՝ լարուած յարաբերութիւններ պահելու փոխարէն։ Ինչ կը վերաբերի ներքին քաղաքական կամ դրացի երկիրներու հետ հարցերուն, Սուրիոյ իշխանութիւններու յարաբերական եռուն աշխատանքը ցոյց կու տայ, որ ամէն ջանք կը թափուի հարցերը լուծելու երկխօսութեան եւ համաձայնութիւններու ճամբով, առանց սրելու լարուածութիւններն ու բախման հնարաւորութիւնները։ Բնականաբար ԱՄՆ պիտի չըլլայ Սուրիոյ վերականգնումի եւ խաղաղութեան միակ երաշխիքը, տարածաշրջանային եւ արաբական երկիրներու ներդրումը եւս իր դերը պիտի ունենայ։ Այս պատճառով ալ Սուրիա կը ջանայ գործակցութեան կամուրջներ հաստատել բոլորին հետ, չվստահիլ մէկ կողմի ու չներքաշուիլ այլ երկիրներու հարցերուն մէջ։ Սուրիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքը կը պահանջէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հետ։ Նոր Սուրիան ոչ թէ հակառակորդներ, այլ գործակիցներ կը փնտռէ։