Շուրջ մէկ տարուան սպասումէն ետք վերսկսան Հալէպ-Երեւան ուղղակի թռիչքները Հալէպի միջազգային օդակայանէն, երբ FLYCHAM սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ 7 Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ առաջին թռիչքը։
Պատերազմի տարիներուն տարաբնոյթ վիճակներու մէջ յայտնուած, քանիցս ռմբակոծուած Հալէպի օդակայանը վերջերս նորոգուելէ ու վերակազմակերպուելէ ետք բաց է արդէն տարբեր երկիրներէ հասնող օդանաւերու դէմ։
Հալէպ-Երեւան ուղղակի թռիչքը նախորդ տարիներուն քանի մը անգամ բացուած ու փակուած էր Հալէպի ապահովական անկայուն վիճակին բերումով։ Այս փուլին, թռիչքներու վերսկսումը հրճուանքով ընդունուեցաւ յատկապէս սուրիահայերուն կողմէ։
 Այս թռիչքները, ամէն բանէ առաջ պիտի դիւրացնեն ճամբորդութիւնը, որովհետեւ ուղղակի թռիչքներու չեղարկումով, ճամբորդները ստիպուած էին նախ Հալէպէն ցամաքային ճամբով մեկնիլ Պէյրութ, ապա Պէյրութի օդակայանէն ուղղուիլ Երեւան, ինչ որ ե՛ւ աւելի ծախսալից էր, ե՛ւ յոգնեցուցիչ, ե՛ւ երկար։  Նախապէս Հալէպէն ընթացք առնող սուրիական օդանաւերուն դիմաց փակ էր նաեւ թրքական օդային տարածքը, որուն համար ալ թռիչքը աւելի երկար կը տեւէր։ Այժմ այդ խոչընդոտը եւս վերացած է եւ Հալէպէն Երեւան թռիչքը կը տեւէ առաւելագոյնը մէկ ժամ, ինչ որ տոմսի գինը եւս աւելի նուազ կը դարձնէ։
Երկու քաղաքները կապուած են պատմական, մշակութային եւ առեւտրական կապերով։
Սուրիահայ համայնքին համար Հալէպ-Երեւան ուղղակի թռիչքին վերականգնումն ու տոմսերու մատչելիութիւնը կրնան նպաստել երթեւեկութեան աշխուժացման, յատկապէս Հայրենիք այցելութիւնները յաճախակի դարձնելով եւ Երեւան ու Սուրիա ապրող սուրիահայերու փոխադարձ այցելութիւնները կրկնապատկելով։ Ուղղակի եւ մատչելի թռիչքները կրնան նպաստել նաեւ սուրիահայ համայնքի մշակութային կեանքի աշխուժացման, եթէ նկատի ունենանք, որ նախապատերազմեան տարիներուն մշակութային ինչպիսի՛ խումբեր եւ մասնագէտներ կը ժամանէին Հալէպ կամ կþուղղուէին Երեւան՝ վերաշխուժացնելով Հայաստան-սուրիահայ համայնք եւ Հայաստան-Սուրիա մշակութային գործակցութիւնը։
Բնականաբար թռիչքներու վերսկսումը ներկայ պայմաններով պիտի աշխուժացնէ նաեւ ընտանեկան եւ ընկերային կապերը, յատկապէս նկատի ունենալով որ սուրիական տագնապի տարիներուն սուրիահայերու ստուար թիւ մը հաստատուած է Հայաստան։
Եթէ Սուրիոյ տնտեսական օրէնքներու ընթացք առած փոփոխութիւնները կանոնաւոր հունի մէջ մտնեն ու դառնան հեռանկարային, այս պարագային, յատկապէս Սուրիոյ վերականգնումի ծրագիրներու մեկնարկով, այս թռիչքները կրնան խթան հանդիսանալ տնտեսական փոքր ծրագիրներու, առեւտուրի եւ առողջապահական ոլորտի երկկողմանի աշխուժացման, ապրանքափոխադրումներու ընդլայնումին, փոխադարձ ցուցահանդէսներու կազմակերպման եւ արտածումի ու ներածումի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան երկկողմանի աճին։
Սուրիահայ առեւտրականներ եւ ձեռնարկատէրեր կարեւոր ներդրում կրնան ունենալ այս առումով, եթէ յատկապէս Հալէպի ճարտարարուեստի ու առեւտուրի պալատներու մէջ ներգրաւուած հալէպահայեր կարենան երկու երկիրներու տնտեսական գործակցութեան ուղիներ առաջարկել եւ ձեռնամուխ ըլլալ զանոնք կեանքի կոչելու աշխատանքին։ Նոյնպիսի ներդրում կրնան ունենալ Հայաստան հաստատուած սուրիահայեր՝ ամրապնդելու երկու երկիրներու առեւտրա-տնտեսական կապերը։
Երեւանն ու  Հալէպը երկու բարեկամ երկիրներն ու ժողովուրդները կամրջող կարեւոր օղակներ հանդիսացած են տարիներ շարունակ։