ԱՄՆ իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է «հիմա իսկ հեռանալ» Իրանէն՝ յայտնելով, որ երկրին մէջ ցոյցերը մեծ թափ ստացած են, արգելափակուած է համացանցի հասանելիութիւնը, փակուած են ճանապարհները, իսկ օդանաւային ընկերութիւնները սահմանափակած կամ չեղարկած են թռիչքները դէպի Իրան և այդ երկրէն դուրս։ Որպէս Իրանէն հեռանալու տարբերակ կ՚առաջարկուի նաեւ Հայաստանի տարածքը։ «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին հաղորդագրութիւն տարածուած է Իրանի ԱՄՆ առցանց գործող դեսպանատան կայքին վրայ։