Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Փարիզ մտահոգ է հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու սաստկացումով»:
«Կը դատապարտենք իսրայէլեան յարձակումները, որոնք հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքայիններ կը սպաննեն։ Մենք կը շեշտենք, որ պէտք է յարգել 27 Նոյեմբեր 2024-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութիւնը», աւելցուցած է ան:
Բանբերը նաեւ յայտարարած է. «Ֆրանսա մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Կոլանի բարձունքին վրայ արձանագրուող զարգացումներուն, եւ իսրայէլեան բանակի հեռացման ու Սուրիոյ գերիշխանութեան ու հողային ամբողջականութեան յարգման կոչ կ՛ուղղէ»: