Ռուսիա պատրաստ է ուսումնասիրելու «Թրամփի ուղի»-ի միանալու տարբերակները: Ճեպազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
Ռուսական կողմը կապի մէջ է իր հայ գործընկերներուն հետ՝ տնտեսական պլոկի միջոցով։ Այս մասին յայտնած է Զախարովան՝ ի պատասխան Հայաստանի տարածքին երկաթուղիին գիծերը վերականգնելու առնչուող հարցումին։
Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ռուսական կողմէն խնդրած էր վերականգնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններ տանող հատուածները, յետոյ նշած է, որ հայկական կողմը պատրաստ է այդ հատուածները վերականգնել իր միջոցներով, եթէ ռուսական կողմը չկարենայ արագօրէն իրականացնել անոնց վերանորոգումը։
«Երեւանէն ստացուած բոլոր հարցումները գործնականապէս կը մշակուին համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ։ ԹՐԻՓՓ-ի ուղի նախագիծին գծով կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ ուսումնասիրելու մեր մասնակցութեան կարելի տարբերակները՝ նկատի առնելով «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու եզակի փորձառութիւնը։ Սակայն անհրաժեշտ է ուշադրութեամբ ուսումնասիրել այս նախաձեռնութեան իրականացման եւ շահագործման բոլոր մանրամասնութիւնները։ Մենք կը հասկնանք, որ այդ մշակումը տակաւին սկզբնական փուլի մէջ է։
Մեր առաջարկը՝ մանրամասն խորհրդակցութիւններ կատարել է բոլոր շահագրգռուած գերատեսչութիւններու մասնակցութեամբ, կը մնայ գործադրութեան մէջ», ըսած է Զախարովա։