ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-2027-ի համաշխարհային պասքեթի ախոյեանութեան զտման մրցումներուն, Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը Յորդանանի մէջ երկու մրցում ունեցաւ հիւրընկալ կազմին հետ՝ կրելով երկու ծանր պարտութիւն: Առաջին հանդիպումը աւարտեցաւ 74 – 59 արդիւնքով, որմէ երկու օր ետք, զոյգ հաւաքականները կրկին հանդիպեցան, եւ Սուրիոյ կազմը դարձեալ պարտութիւն կրեց՝ 100 – 48 արդիւնքով:
-Ուրբաթ, 28 Նոյեմբերին, աւարտին հասաւ Սուրիոյ ազատագրման առիթով կազմակերպուած Հալէպի ֆութպոլի մրցաշարքը, որուն աւարտին Հալէպի Ահլին յաջողեցաւ 3 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Հոմսի Ֆիտա խումբը եւ տիրանալ ախոյեանութեան: Սոյն մրցաշարքին լաւագոյն խաղցող հանդիսացաւ Ահլիի արհեստավարժ մարզիկ Էմմանուէլ Մահոփը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ
ՎԱՆԷՍ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հայաստանի Կրթութեան,Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի Նախարարութիւնը խոր վիշտով գուժեց 39-ամեայ անուանի բռնցքամարտիկ, Հայաստանի 8-անգամուան ախոյեան Վանէս Մարտիրոսեանի անժամանակ մահը: Վանէս Մարտիրոսեան ԱՄՆ «Golden Gloves» տիտղոսի դափնեկիր էր, ինչպէս նաեւ 2004-ի ողոմպիական խաղերու մասնակից: Արհեստավարժ ռինկին, ամերիկահայ բռնցքամարտիկը կատարած է 41 մենամարտ՝ արձանագրելով
36 յաղթանակ: Մարզական կեանքի ընթացքին ան նուաճած է NABF աշխարհի ախոյեանի կոչումը, NABO-ի vacant տիտղոսը, WBA International, WBC Silver եւ WBO Inter-Continental գօտիներու առաջին միջին ծանրութեան կարգը։ Վանէս Մարտիրոսեանի վերջին մենամարտը տեղի ունեցած էր 2018-ին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԱՐԶԱՇԱՊԻԿԸ ԱՄԵՆԱՏԱՐԱԾՈՒԱԾՆ Է
Ըստ Euromericas Sport Marketing-ի, Ռէալ Մատրիտի մարզաշապիկը 2025-ին աշխարհի ամենատարածուածն է, անոր վաճառքը դարձած է աշխարհի առաջատարը։ Այս տարուան ընթացքին վաճառուած է աւելի քան 3.100.000 մարզաշապիկ, որոնց մեծամասնութիւնը եղած է Քիլիան Մպափէի, Ճուտ Պելինկհամի եւ Վինիսիոս Ժունիըրի անուններով: Այս ցուցանիշով առաջին հնգեակին մաս կը կազմեն նաեւ նաեւ Պարսելոնան (2,9 միլիոն), Փարիզ Սան Ժերմանը (2,5 միլիոն), Պայերն Միւնիխը (2,4 միլիոն) եւ Ինթըր Մայամին (2,2 միլիոն):