ՍՈՒՐԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ 
ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ
Անցեալ շաբթուան նընթացքին, Սուրիոյ ֆութպոլի առաջին հաւաքականը Քաթարի մայրաքաղաք Տաուհայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Արաբական երկիրներու ախոյեանական մրցումներուն: Առաջին հանդիպումին Սուրիան 1-0 արդիւնքով պար-տութեան մատնեց Թունուզը: Հանդիպումի առաջին կիսախաղը աւարտեցաւ հաւասար, որմէ ետք Սուրիան կրցաւ տիրապետել խաղարկութեան եւ քանի մը առիթներով վտանգի ենթարկել մրցակիցին դարպասը: Նախքան հանդիպումի աւարտը, Սուրիոյ հաւաքականի խմբապետ Օմար Խրէյպին հեռաւոր հարուածով մը կրցաւ ցնցել մրցակիցին դարպասը: Սուրիոյ երկրորդ մրցակիցը դարձաւ Քաթարի ուժեղ հաւաքականը. Թէեւ դաշտին մէջ ներկաներուն քաջալերող մեծամասնութիւնը հիւրընկալ հաւաքականի ժողովուրդն էր, բայց սուրիացի խաղցողները կրցան ներկայանալ բարձր մակարդակի խաղարկութեամբ: Քաթարի կազմը եղաւ առաջին կոլի հեղինակը 77-րդ վայրկեանին, որմէ միայն քանի մը վայրկեան ետք Սուրիան տուաւ անոր պատասխանը՝ նշանակելով հաւասարութեան կոլը դարձեալ շնորհիւ Օմար Խրէյպինի, որ կրկին  հեռաւոր հարուածով ցնցեց մրցակիցին դարպասը: Սուրիոյ երրորդ հանդիպումը եղաւ Պաղեստինի դէմ։ Խաղի հաւասար արդիւնքը բաւարար էր որ խումբերը միասին փոխանցուին քառորդ աւարտականի փուլ:
ՄՈՒՀԱՄՄԵՏ ՍԱԼԱՀ ՎՇՏԱՑԱԾ  Է 
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ
Լիվըրփուլը եզրային յարձակող Մուհամմետ Սալահ յայտարարած է, որ հիասթափուած է վերջին շրջանի ակումբին իրեն հանդէպ ունեցած մօտեցումէն եւ  սկսած է սերտել հեռանալու տարբերակը: Եգիպտացին վերջին երեք խաղերուն մնացած է պահեստայիններու նստարանին վրայ։ Լիվըրփուլի  վերջին երեք խաղերուն ան  խաղադաշտ ներկայացած է միայն մէկ կիսախաղի համար: «Ես երրորդ խաղը ըլլալով  պահեստայիններու նստարանին եմ արդէն։ Կը  կարծեմ, որ այս իմ մարզական կեանքին մէջ առաջին անգամն է։ Տպաւորութիւն ունիմ, որ ակումբը որոշած է հեռացնել զիս կազմէն։ Ես շատ բան տուած եմ այս ակումբին համար։ Կ’ակնկալեմ յարգանք։ Պարտաւոր չեմ ամէն օր պայքարիլ իմ դիրքին համար, քանի որ ես վաստկած եմ զայն։ Ոչ մէկէն աւելի լաւ եմ, բայց  վաստկած եմ իմ դիրքը։  Չեմ ընդունիր այս իրավիճակը։ Այս ակումբին համար միշտ  լաւագոյնս ներկայացուցած եմ եւ Փրեմիէր լիկ գալէս ի վեր այս սերունդի խաղցողներու շրջանի ամենաշատ կոլերու հեղինակն եմ։ Չեմ կարծեր, որ որեւէ մէկը ինձմէ աւելի շատ կոլեր նշանակած  կամ կոլային փոխանցումներ կատարած է  ամբողջ Փրեմիէր լիկին համար»։ Սալահի այս խօսքը մէջբերած է Daily Mai։
Սալահ խոստովանած է, որ «Պրայթընի» դէմ խաղը կրնայ իր վերջինը ըլլալ Լիվըրփուլի կազմին հետ, որմէ ետք  յարձակողը կը մեկնի Եգիպտոսի հաւաքական՝ մասնակցելու Ափրիկէի ազգերու գաւաթի խաղարկութեան, որմէ ետք հաւանաբար Անգլիա չվերադառնայ։
Ռաֆֆի Սիւլահեան