ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-ՀՄԸՄ-ի պասքեթի աղջկանց խումբի եւ Սուրիոյ հաւաքականի լաւագոյն խաղցողներեն Լիլիթ Սարգիսեան երեք տարուան պայմանագիրով միացաւ Հալէպի աշ-Շապիպէ «Ճալաա» խումբին: Վերջին տարիներուն Լիլիթ մեծ դեր ունեցաւ աղջկանց կազմին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ՀՄԸՄ-ի աղջկանց պատանեկան խումբին հետ տիրացաւ Հալէպի ախոյեանութեան:
Աւելցնենք, որ աշ-Շապիպէ խումբի գլխաւոր մարզիչն է Գարլա Մաղամէզ:
-Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբերին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Արաբական Ֆութպոլի նորընտիր դաշնութեան ընտրութիւնը, որուն աւարտին «Կառուցում եւ Զարգացում» խմբակը նախագահութեամբ մարզիչ Ֆիրաս Թիթի ընտրուեցաւ յառաջիկայ քառամեայ տարեշրջանի Սուրիոյ Արաբական Ֆութպոլի դաշնութեան գործադիր խորհուրդ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՇՐԱՖ ՀԱՔԻՄԻ ԴԱՐՁԱՒ ԱՓՐԻԿԷԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽԱՂՑՈՂ
Մարոքի հաւաքականի եւ Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի խաղցող Աշրաֆ Հաքիմի ընտրուեցաւ 2025 տարեշրջանի Ափրիկէի լաւագոյն խաղցող: Սոյն արարողութիւնը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Ռիպաթի մէջ: Հաքիմիին յաջորդեցին եգիպտացի Մուհամմետ Սալահն ու Նիճերիացի Վիքթոր Օսիմնը: Հաքիմին ֆրանսական խումբին հետ կրցաւ տիրանալ Եւրոպայի Չեմփիընզ լիկի ախոյեանութեան, որ առաջինն էր մայրաքաղաքի խումբին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ախոյեանութեան, հանրապետական բաժակին եւ Եւրոպայի Սուփըր բաժակին: 1998-էնի վեր ան մարոքցի առաջին խաղցողն է, որ կը տիրանայ այս պարգեւին:
ԱԼՔԱՐԱԶ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՎՆԱՍ ԿՐԵՑ

Աշխարհի առաջին թենիս խաղցող Գարլոս Ալքարազ վիրաւորուեցաւ, որուն հետեւանքով ան պիտի չկարենայ շարունակել Տէյվիսի գաւաթի եզրափակիչ մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենար Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ: «Կը ցաւիմ, որ պիտի չկարենամ մաս կազմել Սպանիոյ հաւաքականին։ Ձախ ծնկատակի ջիղս վնասուեցաւ, իսկ բժիշկները թելադրեցին հեռու մնալ մրցումներէն: Յաճախ կը շեշտեմ, որ Սպանիոյ հաւաքականէն խաղալը լաւագոյն առիթն էր ինծի համար. շատ կը փափաքէի օգնել կազմին Տէյվիսի գաւաթի մրցումներուն», գրեց Ալքարազ դիմատետրի եւ ինսթակրամի իր էջերուն։ Թորինոյի մէջ տեղի ունեցած ATP Finals-ի եզրափակիչին, Ալքարազ պարտութեան մատնուեցաւ աշխարհի երկրորդ դիրքը գրաւող, իտալացի Եանիք Սիներին կողմէ՝ 6 -7 /4- 7/ 5-7 արդիւնքով:
Ռաֆֆի Սիւլահեան