Քեսապի աշունը հարուստ է իր բազմազան պտուղներով՝ թուզ, խաղող, սինձ, նուռ, դեղձ, սերկեւիլ եւ ուրիշ շատ պտուղներով, սակայն Քեսապի այս հարուստ աշնան պտուղներու բուրգի գագաթին խնձորը կ’ըլլայ։
Մանուկ պարտէզէն վերադարձաւ՝ խնձորով լեցուն դոյլը ձեռքը։ Տան սեմին տեղաւորելով զայն, մանուշին ձայն տուաւ, որ դոյլը ներս առնէ։ Ան պարտէզի լաւագոյն ու առողջ խնձորի հատիկները ընտրած էր։ Տէ՛ իր թանկագին զաւակներն ու թոռները պիտի ուտեն այդ խնձորը։
Փայլուն ու ախորժաբեր խնձորները, սիրուն ձեւով խոշոր ամանի մը մէջ տեղաւորուած, ճաշասեղանը զարդարած էին։ Մանուկի ամէնէն փոքր թոռնիկը դէպի սեղան վազեց, սեղանին մօտիկ աթոռը անդին հրելով խնձոր մը զատեց ու աջ ձեռքի հինգ մատներով գրկեց խնձորը եւ խոշոր կտոր մը խածաւ։ Երբ երկրորդ անգամ բերնին մօտեցուց զայն՝ ուտելը շարունակելու, խնձորին վրայ պզտիկ, ոսպի հատիկի մը չափ սպի մը նկատեց։ Ան ծուռ-ծուռ նայեցաւ խնձորին, դժգոհ ու զզուած հայեացքով կոթէն բռնեց եւ սկսաւ կլոր-կլոր դարձնել զայն։
– Ի՞նչ կ’ընես, գլխուս մէջ պտոյտ կը զգամ,- խնձորն էր, ձայնի բարձր հնչերանգով։
Տղան շուարած ու շշմած, խնձորը երկու ձեռքով բռնած, անոր նայեցաւ։
– Այո՛, այո՛, ես եմ, խնձորն է խօսողը։ Եթէ դուն տեղեակ ըլլայիր, թէ ես ինչերէ անցած եմ մինչեւ ձեռքերուդ մէջ հասնիմ, այս վերաբերմունքը չէիր ունենար ինծի հանդէպ,- ըսաւ խնձորը։
Տղան անդին հրած աթոռը սեղանին մօտեցուց, խնձորը ճաշասեղանին վրայ տեղաւորեց, ապշահար ու զմայլած հետեւեցաւ անոր ըսածներուն։
– Գարուն էր։ Ծաղկած ծառի վարդ մըն էի, բայց հոտ չունէի։ Ծառին վրայ շատ ու շատ ծաղիկներ էինք ու ծառը կը զարդարէինք։ Գարնան տաքուկ շողերը թերթիկներս ու զիս տաքցուցին, ու ես ծառէն սնունդ առնելով կամաց-կամաց կազմաւորուեցայ։ Մերթ ընդ մերթ զեփիւռը այտերս շոյեց։ Երբեմն գարնան տեղացած անձրեւները լոգցուցին ու թրջեցին զիս։ Ո՜հ, սակայն երբեմն գարնան ցուրտ օրերուն, երբ պաղ հոսանքի անձրեւներուն կ’ընկերակցէր անպիտան կարկուտը, ծառերուն ոստերը, մեր ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացուցած, Աստուծոյ խնայողութիւնը կը հայցէինք։ Մեր ձայնը կը միանար պարտիպզպաններու ձայնին, ու բոլորը մէկ «Տէր Ողորմեա» կը կանչէին։ Եթէ կարկուտի հատիկները մեծ ըլլային, ծաղիկները իրենց ճիւղերէն պոկուելով վար կ’իյնային։ Մայր ծառը, որ բոլորէն աւելի բանիմաց էր ու փորձառու
կը պատմէր, թէ՛ ամէնէն դժուար պարագան այդ էր, երբ ծաղիկը միս ու ոսկոր կը կապէր, իսկ կարկուտը կ’իջնէր կազմաւորուած խնձորին վրայ, զայն վնասելով եւ վիրաւորելով։ Այս պարագային ծառի ամբողջ բերքը կը վնասէր։
Դառնալով իմ կեանքի պատմութեան։ Քանի մը շաբաթ ետք ծաղիկիս թերթիկները ինկան ու հետզհետէ կազմաւորուելով, նախ խնձորի նորածին վիճակով երեւիլ սկսայ։ Օ՜, այդ ընթացքին պարտիզպանը երբ ծառերու միջոցով կը շրջէր, անոր ուրախութիւնը անսահման կ’ըլլար։ Հետզհետէ հասունցայ, մեծցայ ու աս վիճակիս հասայ։
Գարնան վերջաւորութեան, խնձորի պարտէզները պէտք է այցելել։ Տօնածառի նման սիրուն կարմիր ու կանաչ խնձորներով կը զարդարուին պարտէզները։ Պարտիզպանները այդպէս կ’ըսեն, երբ մեզի կ’այցելեն։ Անոնք միշտ մեզի հետ կը խօսին, իրենց ուրախ ու տխուր տրամադրութեան վիճակները մեզի հետ կը բաժնեկցին։ Երբ յոգնած ըլլան, մեր ծառերու կոճղերէն մէկուն վրայ կը յենին, շունչ մը քաշելու համար։ Երբ ուրախ ըլլան, բարձրաձայն կ’երգեն, ու դրացի ծառերն իսկ երգերը կը լսեն։
Մէկ-մէկ իրենց ցաւերն ու գաղտնիքները մեզի հետ կը բաժնեն, մենք ալ անոնց գաղտնիքներու տոպրակն ենք, մեր ծառերու տերեւներով անոնց գաղտնիքները կը քողարկենք։
Իսկ մեր երեկոները… օրուան տաքուկ արեւի շողերէն ետք, երեկոյեան ապա գիշերը, երբ հաճելի զեփիւռը փչէ, կը խանդավառուինք ու կը սկսինք պարել։ Ճիւղերու վրայ առանձին խնձորները մենապար կ’ընեն, իսկ զոյգ խնձորները իրար հետ կը պարեն, մինչդեռ երկուքէն աւելի խնձորներու խումբը շուրջպար կը բռնէ։ Երբեմն զեփիւռը աւելի կը զօրանայ ու խնձորները մթնոլորտէն գինովցած աւելի կը խանդավառուին, թըփ, անոնցմէ մէկը վար կ’իյնայ, կը վիրաւորուի, իսկ բաժանումը դաժան ու դժուար կ’ըլլայ։ Կարմիր խնձորները աւելի փափուկ սիրտ կ’ունենան։ Անոնք բաժանումի չեն դիմանար, մէկը որ ինկաւ, խումբի միւս խնձորները անոր ետեւէն վար կ’իյնան, նոյնիսկ երբ կը քաղեն զանոնք։ Սակայն կանաչ խնձորները զօրաւոր սիրտ ունին, բաժանումին կը դիմանան։
Պարտիզպանը բերքահաւաքը կը սկսի, երբ նկատէ խնձորներուն հասուննալը՝ գոյնով, չափով եւ համով։ Պարտիզպանն ու անոր օգնականները դոյլերը ծառերու ճիւղերուն վրայ կը տեղաւորեն ագոլով (երկաթեայ կոր կախիչ)։ Նախ մեծ ու գոյն առած խնձորները կը քաղեն։
Բերքահաւաքի ընթացքին երբեմն բարձր խնձորներէն մէկը հըըը՜, եթէ վար իյնայ, իր ճամբուն վրայ դէպի վար իջած ընթացքին հետը ուրիշ խնձորներ ալ գետին կ’իջեցնէ, այդպիսով վիրաւորեալ խնձորներու թիւը կ’աւելնայ։
Անշուշտ խնձորները զանազան այլ դժուարութիւններու կը հանդիպին։ Օրինակ՝ չորս-հինգ խնձորներ կ’աճին մէկ ոստի վրայ, անոնցմէ մէկը եթէ որդնոտած ըլլայ, կը վարակէ իր ընկերները, ինչպէս մարդ արարածը, երբ վատ ընկերոջ կը հանդիպի։
Երբեմն ծառերը բնութեան ջարդին ալ կ’ենթարկուին։ Այո՛, այո՛, մի՛ զարմանար։ Երբ ծառի ճիւղերէն մէկը շատ բեռնաւորուած ըլլայ խնձորով, այդ ճիւղը երկար դիմադրելէ ետք, երբ խնձորներու ծանրութիւնը աւելի ու աւելի կը շատնայ, բեռին տակ կը չոքի ու թը՛խ կը կտրուի։ Այդ ճիւղին վրայ աճած բոլոր խնձորները գետին կ’իյնան, ոմանք մահացու հարուած կը ստանան, ոմանք ալ պզտիկ հարուած կը ստանան։ Բարեբախտաբար ճիւղին վերի բաժինին վրայ գտնուող խնձորները կը փրկուին, սակայն շուտով շուկայ կը ղրկուին, անոնց փոքր վնասները չբացայայտուած։
Է՜հ- է՜հ, դեռ ի՞նչ պատմեմ, բերքահաւաքի աւարտին երբ հողագործը կռնակը ծառերուն տուած պարտէզէն դուրս կու գայ, երբեմն ծառին վրայ կը մնան մոռցուած հատիկներ ալ, որոնք լուռ ու մունջ իրենց ճակատագրին կ’ենթարկուին։ Աշնան թռչուններուն կեր կը դառնան, չէ որ անոնք ալ անօթի են ու դրամ չունին խնձոր գնելու, կամ ալ երկար սպասումէ ետք, շատ հասունցած, ծառէն վար կ’իյնան վիրաւորուած։
Եկուր այսքանով բաւարարուիմ, վերջին խօսքս ալ ըսեմ քեզի՝ մեր ուրախութեան աղբիւրն է ձեր համեստ ու ճոխ սեղաններու վրայ գտնուիլը, սակայն անկէ աւելի կարեւորը, մեր մայր ծառերը սիրով խնամելն է, որ յաջորդ տարիներուն ալ համեղ խնձոր ունենաք ու վայելէք։
Տղան խնձորին արցունքները սրբելով, երկու ձեռքերով ամուր գրկեց զայն, սիրուն ժպիտ մը գծուեցաւ դէմքին ու շարունակեց խնձորը ախորժակով ուտել, անոր սպին չնկատելով։
Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան