Ներկայիս` հայ ժողովուրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու սփոփիչը` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան`
Ս.Իգնատիոս Մալոյեանն է։ Ան ի լուր համայն մարդկութեան` բարձրացուց
հայուն ազգային արժանապատուութիւնը, եւ անթաքոյց վկան հանդիսացաւ, որ 1915֊ին, հայուն դէմ` թրքական իշխանութեան կողմէ կատարածը ուրիշ բան չէր, եթէ ո’չ ցեղասպանութիւն։
Մալոյեանի Սրբադասմամբ` հանգուցեալ հոգիները,
որոնք թրքական եաթաղանին զոհ գացեր էին` հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն գտան։

Մալոյեանի սրբադասմամբ` հայ եկեղեցին անգամ մը եւս ապացուցեց իր հաւատքն ու հաւատարմութիւնը հանդէպ իր Տիրոջ եւ փրկչին Յիսուս Քրիստոսին։
Իսկ Տէրը իր հերթին` ի տես հայուն հաւատքին ու հաւատարմութեանը` վարձահատոյց եղաւ հայուն ըսելով`
Արդարութիւնը վաղ թէ ուշ ջուրի երես կ’ելլէ, յիշեցնելով զմեզ Յիսուս- Քրիստոսի լերան քարոզին մէջ նշած Երանիներէն մէկը, զոր կ’ըսէ “Երանի՜ անոնց, որոնք քաղցն ու ծարաւը ունին արդարութեան, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան”։

Մալոյեանի սրբադասումը հայոց նորագոյն պատմութեան ամենապանծալի իրադարձութիւններէն մէկն էր, որ յուսադրիչ էջ մը բացաւ հայ իրականութեան մէջ։

Սոյն իրողութիւնը մեզ կը մղէ մտաբերելու
Տիրոջ խոստումը հայոց
Ս. Լուսաւորիչին, ըստ որում` Աստուած երաշխաւորեց հայուն մշտնջենաւորութիւնը։

Այսպիսի լաւատեսութեամբ` Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի շրջափակէն, ձեռամբ`Լեւոն ԺԴ.Պապին, 19 Հոկտեմբեր 2025-ը արձանագրուեցաւ որպէս պատմական աննախադէպ օր։

Արդ` Լեւոն ԺԴ.Սրբազան Քահանայապետի ձեռամբ է, որ սրբադասուեցաւ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Մարտին քաղաքի նահատակ առաջնորդ Արհ. Իգնատիոս Արք.Մալոյեան եւ դարձաւ ընդհանրական եկեղեցւոյ Սուրբ, որուն բարեխօսութիւնը պիտի հայցեն համայն քրիստոնեայ աշխարհի հաւատացեալները։

Սօսէ Փիլաւճեան