Աշնան եղանակը սկսած էր իր ազդեցութիւնը աւելի զգալի դարձնել. օրուան արեւոտ ժամերը սկսած էին նուազիլ, քաղաքին երթեւեկը օրէ օր բազմամարդ կը դառնար, գրադարաններ եւ գրենական պիտոյքներու վաճառատուներ սովորականէ աւելի կը խճողուէին։ Ինքնաշարժներու եւ հանրակառքերու կողքին աւելցած էին նաեւ յատուկ գոյներով եւ թիւերով այլ հանրակառքեր:
Վստահաբար դուք ալ նշմարած էք նշեալ երեւոյթները եւ կամ անոնցմէ քանի մը հատը, բայց ամէնէն կարեւորը՝ կռահած էք անոնց հիմնական շարժառիթը:
Այո՛: Հասած է Վերամուտը:
Հասած է այն շրջանը, երբ տունը, որ ամբողջ ամառը կարծէք դարձած էր պանդոկ մը՝ միայն քնանալու եւ ճաշելու, այժմ վերածուած է տաքուկ ու հանգիստ օրրանի մը, զոր կը փնտռէ իւրաքանչիւր աշակերտ՝ դպրոցական, համալսարանական կամ արդէն կեանքի դպրոց յաճախող:
Վերջապէս կեանքի մէջ բոլորս ալ աշակերտ ենք, թէեւ ոչ անպայման գրասեղաններու ետին նստած, բայց անպայման ունինք մեր անտեսանելի գրասեղանները, որոնց ետին կ’անցնինք ամէն օր՝ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար:
Այժմ վերադառնանք մեր տուները, ուր ամէնօրեայ դրութեամբ
կը կատարուէին արցունքաբեր հրաժեշտներ եւ ողջերթներ, բայց ոչ թէ տունէն մեկնելու առիթով, այլ՝ «տաքուկ» անկո-ղինէն: Կարծէք աշակերտները լրիւ կը փոխուէին, ոչ մէկ բան կը մնար ամառուան, նոյնիսկ մէկ շաբաթ առաջուան աշակերտէն,
որ մեծ դժուարութեամբ
կը գտնէր տան եւ ապա անկողինին ճամբան: Յ. Թումանեանի բանաստեղծութեան բառերը ամէն օր իրականութիւն կը դառնային՝ «Դպրոցի ճամբան դժուար է՝ երկար», բայց մանաւանդ՝ անկողինէն:
Դպրոցականներուն կողքին համալսարանականներ ստիպուած էին վարժուիլ ամբողջովին տարբեր առօրեայի մը, որովհետեւ շատեր ուսման կողքին սկսած էին նաեւ նոր աշխատանքի: Անոնք ամէնօրեայ պայքար պիտի մղէին հասնելու մէկէն միւսին եւ անոնց միջեւ ժամանակ մը պիտի ստեղծէին պատրաստելու արդէն իսկ իրարայաջորդ պարտականութիւնները, ուսումնասիրութիւնները եւ խմբային աշխատանքները՝ իրենց ճշդուած թուականներով:
Այս բոլորին կողքին արդէն իսկ ամիսէ մը աւելի է աշխատանքի լծուած էին կրթութիւն եւ գիտութիւն ջամբող անձնաւորութիւններ, որոնք «ուսուցիչ» անունը կը կրեն, սակայն  թէ՛ մանկավարժ են, թէ՛ հոգեբան, թէ՛ դաստիարակ, ինչու չէ նաեւ ծնողք, ընկեր, քոյր ու եղբայր:
Անոնք իրարու հետ խորհրդակցաբար եւ ժողովներու գումարումէ ետք կը պատրաստուէին դիմաւորելու նոր տարեշրջանը եւ աշակերտները: Չկարծէք, որ դիւրին բաժնուած էին ամառնային արձակուրդէն, բայց նուիրումը, պատասխանատուութիւնը եւ յանձնառութիւնը զիրենք մղած էին ժամանակէն առաջ շարժելու եւ կազմակերպելու Վերամուտը:
Վերամուտ կազմակերպել ոչ միայն կը նշանակէր դասերու պատրաստութիւն կատարել եւ ծրագիրին համաձայն՝ դասաւանդութիւն, այլեւ ամբողջ օրեր ու ժամեր տրամադրել ձեռային աշխատանքներու, որպէսզի կարելի ըլլայ գեղեցկացնել իրենց վստահուած դասարանը՝ պարզապէս գիտութիւնը եւ դպրոցը աւելի դիւրին, հաճելի ու մատչելի դարձնելու աշակերտին համար:
Վերամուտը միայն սովորական վարժարաններու չի վերաբերիր, այլ նաեւ՝ գեղարուեստի դպրոցներու, ուր սերունդներ կը պատրաստուին՝ պահպանելու հայ մշակոյթն ու արուեստը: Վերջապէս իւրաքանչիւր անձ Աստուծմէ ստացած իր շնորհքով ու ձիրքով պիտի պահպանէ հայուն աւանդը:
Երբ գեղարուեստի դպրոց կ’ըսենք, կարելի չէ պատկերացնել խաղաղ ու հանդարտ տեղ մը, ուր աշակերտներ կու գան հլու-հնազանդ, առանց որեւէ աղմուկի մտիկ կ’ընեն ուսուցիչին ըսածը, անմիջապէս կը գործադրեն ու կը մեկնին: Գեղարուեստի դպրոցը կ’ըլլայ ամէնէն աղմկալին, այն աստիճան, որ դաշնամուր նուագողը իր դասարանին մէջ ակամայ  կ’ունկնդրէ եւ կ’ընկերակցի կողքի դասարանը գտնուող ջութակահարի եւ դիմացի դասարանը գտնուող հարուածային գործիքներ նուագողի ձայներուն: Բայց ամէնէն կարեւորը՝ չի կորսնցներ իր կեդրոնացումը, կու  տայ զգացում եւ կ’ունենայ գեղեցիկ երեւակայութիւն: Եւ այդ մթնոլորտին մէջ կը տեսնէք վազվզող փոքրիկներ, հարցուփորձի եկած ծնողներ, պահէն առաջ՝ վերջին վայրկեանին պարտականութիւն գրողներ, բայց նաեւ՝ հայ մշակոյթի եւ մանաւանդ երաժշտութեան մասին խոր եւ հաճելի քննարկումներ կատարողներ:
Հնչած է առաջին զանգը:
Այն շէնքերը, որոնք ամառուան ընթացքին հանդարտութիւն եւ լռութիւն վայելած էին, այժմ կարծէք կը վերադառնային իրենց բնականոն «աղմուկին»: Այն շրջափակները, որոնք ամիսներ շարունակ մնացած էին դատարկ ու լուռ, գտած էին իրենց ամէնօրեայ այցելուները: Այն սալայատակները, որոնք ամբողջ ամառը մնացած էին անկոխ ու մաս-մաքուր, այժմ ենթարկուած էին առօրեայ ցեխոտումի: Նոյնիսկ շէնքի պատերը, որոնք տակաւին նոր ներկուած էին եւ դասարաններու գրատախտակները, որոնք ճեփ-ճերմակ կը փայլէին, պիտի սեւոտէին, իսկ գրատախտակին վրայ գրուածը երբեմն չորնալով՝ գեղեցիկ հետք մը պիտի ձգէր:
Նման հետքեր յաճախ ձգուած կը զգանք նոյնիսկ երբ հասնինք համալսարանական կամ կեանքի դպրոցի աշակերտութեան տարիքի: Հետքեր, որոնք մեզ պիտի յիշեցնեն քաղցրութիւնը այն օրերու, որոնք մեզ պիտի մղեն կարօտի զգացումով նայելու անցեալին, վերապրելու շատ մը յիշատակներ: Յաճախ կը վերապրինք այդ օրերը, երբ կը հանդիպինք նոյն դպրոցը յաճախած անձի մը, նոյնիսկ եթէ սերունդներու մեծ տարբերութիւն մը ըլլայ. այնքան հարազատ զրոյց մը կ’ունենանք, կարծէք տարիներ շարունակ միասին յաճախած ըլլանք այդ դպրոցը:
Դպրոցի եւ ուսման մասին խօսելով, եւ մանաւանդ Վերամուտին անդրադառնալով, չենք կրնար մոռնալ Թարգմանչացի մեծ տօնը: Ճիշդ է, ուսումը, կրթութիւնը եւ ընդհանրապէս մանկավարժութեան կապուած որեւէ ասպարէզ կարելի է գտնել որեւէ ազգի եւ երկրի մէջ, բայց միայն հա՛յ ժողովուրդին մօտ կարելի է անոր կից գտնել Թարգմանչացը:
Այո՛: Հասաւ Վերամուտը, Թարգմանչացը, կամ՝ երկուքը միաժամանակ…
Պատահական չէ Թարգմանչացի տօնին եւ վերամուտին զուգադիպութիւնը: Անոր ետին կայ խորհուրդ մը, որ մեզ կը յուշէ մշակութային ողջ հարստութեան մը առաջին ոսկեդրամի ստեղծումը:
Կը կարծեմ, որ աւելորդ է կրկնել Թարգմանչաց տօնի պատմութիւնը եւ անկէ մեզի հասած աւանդութիւնները, բայց երբեք ալ աւելորդ պիտի չըլլար զանոնք տեսնել եւ զգալ մեր օրերուն: Ինչպէ՞ս:
Բոլորս ալ լաւապէս կը յիշենք եւ յաճախ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս դպրոցական տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը նուիրուած կ’ըլլայ այս գեղեցիկ եւ կարեւոր տօնին: Աշակերտներ առաջին իսկ օրէն տուն
կը դառնան լեցուն թղթածրարներով, որոնք կը պարունակեն երգերու, արտասանութիւններու եւ թատրոններու բառեր ու ցանկեր:
Կարծէք մրցակցութիւն մը կը սկսի աշակերտներուն միջեւ, թէ ո՛վ ամէնէն դիւրին բաժինը, ամէնէն գեղեցիկ երգը, ամէնէն յայտնի հերոսի դերը, ամէնէն ճանչցուած ոտանաւորը պիտի ստանայ, որպէսզի երբ ներկայացման օրը հասնի, կարենայ բեմէն հայու արդար հպարտութեամբ, ոգեւորութեամբ եւ մեծ համարձակութեամբ կատարել իրեն վստահուած բաժինը: Ան երկար փնտռտուքէ ետք գտնելով իր ծնողները ուղղակի պիտի նայի անոնց աչքերուն, ուրախութեան արցունքներ տեսնելով այնտեղ:
Թարգմանչացով միայն դպրոցները սկիզբ չեն առներ, այլ նաեւ ամառնային արձակուրդ ստացած գեղարուեստական երեկոները: Թարգմանչացի կարեւորութիւնը Գիրերու Գիւտի կողքին, նաեւ ամբողջ մշակոյթի մը զարգացման թափ տալն է:  Ուստի, յաջորդաբար մրցակցութեան կը մտնեն թատերախումբերը, երգչախումբերը, նուագախումբերը եւ գեղարուեստական ծրագրեր կազմակերպող միութիւնները՝ մշակութասէր հանրութեան ներկայացնելով հայկական ինքնութեան հարազատ բազմազան ձեռնարկներ:
Արդեօք կարելի՞ է մոռնալ այն օրը, երբ դպրոցական զբօսանքի աւարտին կը յայտարարուէր, թէ վերջին երկու պահերը ջնջուած են, որովհետեւ այսինչ թատերախումբը եկած է եւ պէտք է անոր ներկայացումին ներկայ ըլլալ: Այնպիսի ուրախալի զգացում էր, թէկուզ փոքր ըլլայինք հասկնալու թատերախաղը, ձանձրանայինք եւ աղմկէինք թատերասրահին մէջ։ Իրականութեան մէջ, սակայն, այդ պահուն հայկական մշակոյթը տեսականէն անդին գործնական կերպարով
կը տեսնէինք բեմին վրայ ու կ’ապրէինք անոր զօրութիւնը:
Միթէ այս ալ կրթութիւն չէ՞, երբ մանուկներ ու պատանիներ փոքր տարիքէն կը վարժուին եւ կը սկսին ներկայ գտնուիլ նման ձեռնարկներու՝ դառնալով թատերասէր, երաժշտասէր եւ վերջապէս մշակութասէր անհատներ, որպէսզի մօտ կամ հեռու ապագային իրենք եւս բարձրանան նոյն բեմը՝ փոխանցելու այն, ինչ որ ստացան, ապրեցան ու ընկալեցին հադիսատեսի աթոռին գտնուած օրերուն:
Թարգմանչացով բաց յայտարարուած դպրոցական եւ գեղարուեստական տարեշրջանին, երբեմն կը գտնուինք համերգներու, որոնց ընթացքին կարգ մը երգեր կամ նուագներ աւելի կը սիրենք քան միւսները, մէկը աւելի կը զգանք, միւսը՝ նուազ: Երբեմն ենրկայ կը գտնուինք թատրոններու, որոնցմէ շատ մը հանդիսատեսներ դուրս կու գան ոչ մէկ բան հասկցած ու ձանձրացած, բայց անդին ուրիշներ դուրս կու գան՝ մտքերու եւ երեւակայութեան անհունութեան մէջ սաւառնած:
Անկասկած, որ արուեստը ճաշակ է, բայց զայն կարելի է փոխանցել ոչ թէ դասարաններու եւ դպրոցներու մէջ, այլ մշակութային եւ գեղարուեստական ձեռնարկներու ընթացքին: Դասարաններու մէջ
կը սորվինք անոնց պատմութիւնը, բայց հանդիսասրահներու մէջ կ’ապրինք հայկական ինքնութիւնը եւ շունչը:
Թարգմանչացի աւանդը մեզ կը մղէ խորապէս նայելու եւ գտնելու հասարակաց այն գիծը, որ կը կոչուի Հայու Ոգի: Թարգմանչացով իւրաքանչիւրիս համար կը սկսի իւրայատուկ տարեշրջան մը՝ դպրոցական, համալսարանական թէ կեանքի դպրոցի: Միեւնոյնն է, անիկա ընթացք մըն է, որ իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ սկիզբ կ’առնէ որոշ հանգրուանի մը, բայց կը շարունակուի մինչեւ մեր վերջին շունչը…։
Գրիգոր Արապաթլեան