«Գայլի՛կ մը ըլլալ, գայլի՛կ, ասկէ աղուոր բան չկայ», կ՛ըսէ գայլիկութեան Մեծ կանչին առաջին բաժինը։ Համաձայն եմ, երբ կ՚ապրիս գայլիկական կամ սկաուտական կեանքի քաղցր օրերը, դժուար կ՚ըլլայ բաժանումը։
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հալէպի մասնաճիւղի Սկ. Խորհուրդին եւ խմբապետութեան, 26-27 եւ 28 Սեպտեմբեր 2025-ի միջեւ երկարող օրերուն, տեղի ունեցաւ Գայլ – Արծուիկ միաւորի յատուկ բանակում, Գոլէժ դպրոցէն ներս, մասնակցութեամբ միաւորի Կարմիր, Կապոյտ, Նարնջագոյն եւ Ճերմակ վոհմակ – երամներուն, ներկայութեամբ 67 քոյր – եղբայրներու։
Բանակումի անունն էր «100-ԱՄԵԱԿ», իսկ կոչը «Պանծալի»: Բանակումը նուիրուած էր մասնաճիւղիս 100-ամեակին, պատասխանատուն էր՝ խմբապետ Աքելլա եղբ. Հրակ Փայասեան:
Մասնակիցները բաժնուեցան ութը խմբակներու, որոնք կ՚ընդգրկէին Մոկլիի ընկերներուն եւ թշնամիերուն անունները՝ Մոկլի, Շիլ, Պալու, Ռաքշա, Պաղիրա, Շերխան, Պանտալոկ եւ Թապաքի։
Բանակումի պատասխանատու կազմը լաւապէս ընտրեց դասախօսական ծրագիրը։ Ստացանք զանազան գիտելիքներ, ինչպէս՝ պահակութիւն, նախնական դարմանում, մաքրութիւն, Մոկլիի պատմութիւն, Ռալլի, իսկ «Կինես Ռեքորտ»-ի մասին մեզի տեղեկութիւններ տուաւ հիւր դասախօս երկրչ. Ռաֆֆի Քէշիշեան։
Գայլիկները հաճելի ժամանակ անցուցին խաղավայր այցելութեան ընթացքին, գործնականօրէն կատարեցին իրենց ստացած նիւթերը, պաշտպանեցին բանակավայրը պահակութեամբ, սորվեցան օգտակար դառնալ իրենց անհանգիստ քրոջ եւ եղբօր, վարեցին խարոյկ, շուրջպար պարեցին, համտեսեցին սկաուտին հացը եւ այլն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական խարուկահանդէսը, ներկայութեամբ միութեան հոգեւոր հովիւ Տէր Մաշտոց Աւագ Քհնյ. Արապաթլեանի, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեանի, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան եւ Շրջ. Սկ. Խորհուրդի եւ խմբապետութեան կազմին ու մասնաճիւղի տեղական վարչութեան, միութեան մարմիններու եւ մեծաթիւ ծնողներու։
Խարուկահանդէսը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն։
Բացման խօսք արտասանեց բանակումի պատասխանատու Հրակ Փայասեան։ Օրուան թամատաններն էին՝ Մոկլի միաւորի պատասխանատու խմբապետ Գառնի Կիւլիւմեան եւ փոխպատասխանատու, փոխխմբապետ Մէյրի Սապունճեան։
Ապա ութը խմբակները մուտք գործեցին դաշտ՝ իրենց հաստատ եւ խոստմնալից շարքերով։
Խարոյկի ընթացքին Նարնջագոյն վոհմակ – երամը ներկայացուց զինուորիկին պարը, Ճերմակ Վոհմակ – Երամի քոյրերն ու եղբայրները՝ 100-ամեակի պատմութիւն, գաւազանով մարզանք, վոհմակ-երամի քոյրերն ու եղբայրները Կարմիր-բուրք՝ կատարողութեամբ Կապոյտ եւ նարնջագոյն Վոհմակ-երամի քոյրերուն եւ եղբայրներուն։
Արի – Արենոյշ միաւորի Վիշապ խումբի քոյրերը ներկայացուցին հայկական պար, ինչպէս նաեւ շարք մը ՀՄԸՄ-ական երգեր.
Մասնաճիւղիս Սկ. խորհուրդի սրտին խօսքը ուղղեց Սկ.խորհուրդի ատենադպիր Հուրի Ներսէսեան-Պիսմէճեան, ապա խօսք առաւ միութեանս հոգեւոր հովիւը՝ շնորհաւորելով մասնաճիւղիս 100-րդ տարեդարձը, մաղթելով նորանոր նուաճումներ եւ փայլուն երթ, կատարեցին։
Փակման պատկեր ներկայացուեցաւ «Մեծ կանչ»-ով, ապա խարուկահանդէսը աւարտին հասաւ «Գայլիկ Եմ ՀՄԸՄ-ի» երգով։
Այս առիթով շնորհակալական խօսք կ՛ուղղենք դպրոցի տնօրէնութեան, որ ընդառաջեց մեր առաջարկին եւ սրտաբացօրէն ընդունեց մեզ:
Բանակումի անունը մեզ կը յեշեցնէ թէ, 1925 թուականէն ՀՄԸՄ-ը ծնունդ առաւ Հալէպի մէջ, դարձաւ մեծ դպրոց ընկերասիրութեան, ծառայասիրութեան եւ Հայերէնասիրութեան. Կը խոստանանք բարձրանալ եւ մեզի հետ բարձրացնել սերունդներ:
ԱՊՐԻ՛Ս ԴԱՐԵՐ, ՍԻՐԵԼԻ՛ ՀՄԸՄ։
Մարիա Չաղլասեան