«Թարգմանչաց սերունդը ոչ միայն կերտեց Հայ Եկեղեցւոյ ազգային ինքնուրոյն նկարագիրը, այլեւ 5-րդ դարը վերածեց մշակոյթի Ոսկեդարու»․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոս
«Հայաստանը միայն հող ու քար չէ, վանք ու եկեղեցի չէ, խաչքար ու յուշարձան չէ, բերդ ու պարիսպ չէ, կամուրջ ու աղբիւր չէ, այլ մագաղաթ ու գիրք է»․ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

«Մեր լեզուն ճանապարհ է դէպի յաւերժութիւն, գրաւական՝ մեր ինքնութեան, Նոյան տապան` մեր փրկութեան, լուսաստղ` մեր լինելիութեան»․ Գարեգին Ա․ Ամենայն Հայոց վախճանեալ Կաթողիկոս

Սուրբ թարգմանիչ վարդապետներու տօնը հայ ժողովուրդի ամենանուիրական եւ սիրված ազգային-եկեղեցական տօներէն է: Թարգմանիչ վարդապետներուն յիշատակը Հայ եկեղեցին կը տօնէ տարին երկու անգամ: Առաջինը կը կոչուի «Տօն սրբոց Թարգմանչացը մերոց Սահակայ եւ Մեսրովբայ» եւ կը տօնուի Հոգեգալստեան չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Հինգշաբթի օրը: Երկրորդը կը կոչուի «Տօն մեր սուրբ թարգմանիչ վարդապետներուն՝ Սահակի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի, եւ անոնց սուրբ աշակերտներու՝ Եղիշէ Պատմիչի, Մովսէս Քերթողի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Կլայեցիի», որ շարժական է եւ տօնը կը նշուի 3 Հոկտեմբերէն մինչեւ 7 Նոյեմբերին ժամանակահատուածին մէջ: Թարգմանիչ ընդհանուր անուան տակ յայտնի են Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Ս. Սահակ Պարթեւին աշակերտած շուրջ հարիւր սաներ:

Սկզբնական շրջանին կային յատուկ թարգմանիչներ, որոնք արարողութիւններու ընթացքին Սուրբ Գիրքի հատուածները բանաւոր կը թարգմանէին հայերէնի: Սակայն ատիկա բաւարար չէր: Այս հարցին շուրջ մտահոգուած էր Ս. Մեսրոպ Մաշտոց: Հայը զրկուած էր Սուրբ Գիրք ընթերցելու եւ ճշմարտութիւնն ու փրկութիւնը ձեռք բերելու կարելիութենէն: Ան անընդհատ կը մտածէր Սուրբ Գիրքը հայերէնի վերածելու մասին, որուն իրականացման համար կը դիմէ Հայոց կաթողիկոսին՝ Ս. Սահակ Պարթեւին եւ մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ: Կը պարզուի, որ կաթողիկոսը նոյնպէս մտահոգուած էր այդ հարցով: Անոնց ծրագիրներուն իր համամտութիւնը կու տայ նաեւ թագաւորը՝ Վռամշապուհ Արշակունին: Ս. Մաշտոց իր աշակերտները առնելով կ’երթայ Ասորիքի Միջագետք, Եդեսիա, ուր եւ տեղի կ’ունենայ ամենամեծ հրաշքներէն մէկը. «Մեսրոպ կ՛ապաւինի Աստուծուն պահքով ու աղօթքներով: Եւ Աստուած, որ կը կատարէ իրմէ երկիւղ կրողներու կամքը, կը լսէ Մեսրոպի աղօթքները եւ ցոյց կու տայ անոր գիրերը սքանչելի տեսիլքով, ոչ թէ երազի մէջ քունի ընթացքին, այլ արթուն աչքով իմանալի եւ աչքի տեսանելի: Մեսրոպ կը տեսնէ, որ աջ ձեռքի դաստակով կը գրէ վէմի վրայ, որ դրուած էր անոր առջեւ: Եւ գիրի փորուածքով, ձեռքը ձեւ կու տար վէմի վրայ. գիրերու տարբերութիւններն ու անունները կը ձեւաւորուէին Մեսրոպի միտքին մէջ» (Մ. Խորենացի «Հայոց Պատմութիւն»):

Ունենալով հայ նշանագիրերը՝ Ս. Մեսրոպ Հռոփանոսի հետ կը սկսի ձեւաւորել զանոնք։ Ստանալով արդէն գրելու պատրաստ տառեր՝ Ս. Մեսրոպ առաջին անգամ կը թարգմանէ Սուրբ Գիրքի հետեւեալ տողը. «Ճանչնալ զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», որ առնուած էր Սողոմոնի «Առակաց» գիրքէն: Ահա սա էր, որ եղաւ առաջին հայատառ նախադասութիւնը՝ գրուած հայ ուսուցիչի ձեռքով: Բացայայտ մէկ իմաստութիւն, որով բոլորին համար հասկնալի պէտք է դառնար Խօսքը եւ Գիրքը ընթերցելու անհրաժեշտութեան գաղափարը: Այս աստուածատուր նուէրէն ետք, Ս. Մեսրոպ կը վերադառնայ Հայաստան՝ հետը բերելով գանձ մը, որ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդի հետագայ դարերու մաքառման զէնքը, ինչպէս նաեւ անոր գոյատեւման առյաւատչեան: Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի ջանքերով Հայաստանի մէջ կը սկսին բացուիլ դպրոցներ, ուր կ’ուսուցանուին հայ գիրերը: Անոնք իրենց աշակերտներուն հետ ձեռնամուխ կ’ըլլան Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան: Այսպիսով, քրիստոնէութիւնը կը հայացուի եւ կը դառնայ հայուն կենսակերպը:

Գրող, մտաւորական Լեւոն Շանթ ըսած է․ «Ազգ մը, որ չունի իր լեզուն, իր գրականութիւնը, իր դպրոցը, չի կրնար գոյատեւել իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր»։