Այսօր, երբ 14 տարի անցեր է պատերազմին սկիզբէն ի վեր, երբ ա՛լ չկայ այն քաղաքը, որ ծանօթ էր մեզի իր լաւով-վատով, իր մեզի տուածով եւ մեզմէ առածով, այսօր երբ այս բոլորը հեռու յուշ կը թուի միայն, մեծ ուրախութեամբ կրկին կը կարդանք 20-րդ դարու մեր մեծագոյն մտաւորականներէն մէկուն՝ Վահէ Օշականի (ՎՕ) տպաւորութիւնները Հալէպի մասին, իր այցելութենէն ծնած:
Իրապէ՛ս ալ այդ տպաւորութիւնները, որոնք «դրսեցի»-է մը կու գան մեզի – մէկը որ չէ ապրած Հալէպի մէջ, այլ միայն այցելեր է քաղաքս – ուրախութեան, ափսոսանքի, տրտմութեան եւ անորոշութեան խառն ապրումներ կ’արթնցնեն մեր մէջ:
ՎՕ-ի ճամբորդական տպաւորութիւնները ամփոփուած են «Յառաջ»-ի չորս բաժիններ ունեցող յօդուածաշարքի մը մէջ, որմէ կ’առանձնացնենք Հալէպի վերաբերող բաժինը (յապաւումներով) եւ ձեր ուշադրութեան
կը յանձնենք:
Առաջին անդրադարձը կու գայ շարքին երկրորդ յօդուածին վերջաւորութեան, երբ երկար խօսելէ ետք Պէյրութի հայ գաղութին մասին, կ’անդրադառնայ նաեւ Հալէպին:
«Եւ նաեւ Հալէպ, որ շատ բան կորսնցուցած է իր երբեմնի փառքէն, սակայն պահած է ազգային դրոշմը անաղարտ ու վճիտ բոլոր անոնց համար, որոնք երեւոյթներու ետին մարդկային ոգիի ճշմարտութիւնը
կը փնտռեն, քիչ մը ինչպէս մարդ կը զգայ ատիկա երբ Հեթում թագաւորի արծաթէ դրամին երկա՜ր կը նայի ու կը տեսնէ 13-րդ դարու հայ արքան, Գարագորումէն իր վերադարձին… Հազար ափսոս որ մեր նորանկախ Հայաստանի ղեկավարներէն շատերու համար մաքուր եւ առողջ հայկականութեան այս անսպառ պահեստը չի գնահատուիր իր արդար արժէքով: Բայց այդ ալ ժամանակի հարց է, պէտք է ներել ու համբերել, եւ կանգնիլ անվրդով՝ մեր ազգային արժէքներու կողքին, մենք որ հիմա անոնց միակ պաշտպանի դերը ստանձնած ենք ու գիտակից ենք անոնց անփոխարինելիութեան» (Տպաւորութիւններ Բ. 22 Նոյեմբեր 1995):
Շարքին երրորդ բաժինը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հալէպին.
«Հալէպ:
Պարզ անունը գիտակցութեանս մէջ զգացումներու եւ յիշատակներու ամբոխ մը կը նետէ: Առաջին պատկերը հօրս գերեզմանն է, իր պարզութեան ու վեհութեան մէջ, իր սիրած ժողովուրդին խնամքին տակ: 1918 Յուլիսին էր, որ առաջին անգամ ոտք կը կոխէի հոն ու Զինուորական Ատեանի առջեւ պիտի հանուէի, եթէ Առաջնորդը՝ Զարեհ Սրբազան ոստիկանատուն վազած եկած չըլլար ու զիս ազատած չըլլար – (Պէյրութ հասեր էի նախ ու ֆոլքլորիկ լուսանկարներ գներ էի՝ Փարիզ ընկերներուս ղրկելու: Ժամանակ չգտնելով Պէյրութէն ճամբելու, որոշեցի հետս Հալէպ տանիլ. Սուրիոյ սահմանը հասած ոստիկանները պայուսակիս մէջէն գտան ատոնք ու «դուն վտանգաւոր մէկն ես, կ’ուզես վարկաբեկել արաբական աշխարհը այս գեղջկական քարտ փոստալները ղրկելով: Չէի՞ր կրնար քաղաքի, պողոտաներու պատկերը ղրկել» ըսելով ճիփը դրին ու Հալէպ տարին: Անշուշտ Սրբազանը լուսաբանեց մոլի հայրենասէր ոստիկանապետը եւ փրկեց կացութիւնը):
Հօրս գերեզմանը Հալէպի գերեզմանատան մէջ արմատ մըն է ինծի համար, ես որ արմատ բառին ինչ ըլլալը չեմ գիտցած: Այս իմաստին քիչ մը մօտեցայ Հայաստանի մէջ, բայց նորէն այդ ալ մնաց գաղափարներու, բառերու անանձնական մակարդակին: Արմատը միշտ խորհած եմ թէ անփոփոխ, յաւիտենական, անմահ ու մանաւանդ բարոյական էութիւն մը ունենալու է ու եթէ վստահ ըլլայի Աստուծոյ մասին՝ ան պիտի ըլլար գլխաւոր արմատս կեանքի մէջ: Հայրս այդ բացարձակ էակն էր մինակութեանս ու պատանեկութեանս ատեն, ու հիմա իր գերեզմանին քով երբ կը կայնիմ, գիտեմ թէ այդ պատանիէն դեռ հսկայ բաժին մը սէրով ու յուշերով զմռուած կը մնայ ներքին թանգարանիս մէջ: Մահը մեծագոյն գայթակղութիւնն է ինծի համար, ապսուրտէն աւելի զգացական: Չեմ կրնար ընդունիլ զայն ոչ միտքով, ոչ ալ մանաւանդ ջիղերով եւ անկարող եմ մեռած անձի մը դէմքին նայելու:
Այսպէս է որ հօրս գերեզմանէն ես ուժ ու կեանքի վստահութիւն կ’առնեմ: Աշխարհի վրայ ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ, բայց ոչ հօրս անձը, գերեզմանը, յիշատակը: Այս հոգեվիճակով էր որ Հալէպ մտայ, քաղաք մը որ մնայուն, տոկուն արմատի յատկանիշները ունի, որուն մէջ մարդիկն ու կեանքի կահկարասին մասնաւոր արժէք մը ունին, որ կը զատէ զայն միւս քաղաքներէն: Հոս ալ ժամանակի հանգոյց մը կայ: Հալէպ հին, գունագեղ, համով հոտով անցեալի մը մէջ խրած է մինչեւ մէջքը: Աղուոր ուտել, լայն ու խորունկ խնդալ, լաւ ողբալ, մեծ ու տաք բարեկամութեամբ ապրիլ, հսկայ չափերով շինել դպրոց ու յուշարձան: Մովսէսը պարզ ու մարդկային, կը հասկնայ ինչ կ’ըսեմ: Արտոն ալ, որ իր պզտիկ լուսամուտէն մեծ արեւն ու հորիզոնը կ’երազէ, բայց կը պահէ իր տաղանդին արմատը հայկական Հալէպի մէջ: Քաղաք մըն է որ հերոսի պէտք չունի, դիմանալու համար, իր մարդկային պարզ ու բնական որակը կը բաւէ իրեն: Բայց անշուշտ տոկալը առանձին՝ այդ ալ չի բաւեր:
Ժամանակը դադրած է հոս: Մեկուսացում մը կը զգամ 20-րդ դարու արգաւանդ ժխորէն ու կայլակներէն, քաղաքակրթութեան փորձութիւններէն, կրկնապատկերէն: Այս քաղաքին մէջ մարդիկ միայն մէկ տեղ կրնան երթալ – դէպի ներս, ներքին գաղտնի սենեակները լոյսի եւ մշուշի, Մարուշը կը հասկնայ ինչ կ’ըսեմ: Հոս ալ ժխոր կայ – Հալէպը ապրող, շնչող, քրտնող, հսկայ մարմին մըն է, բոլոր բնակիչներուն հաւաքական մարմինը եւ ինքնութիւն ըսուածը ֆիզիքական առաքինութիւն է ամէն բանէ առաջ, քաղաքը ամբողջ կեանքի շուկայ մըն է, միասին ապրուած եւ անսպառ:
 Չորս ժամ կը դնեմ Տէր Զօր երթալու, բայց գտածս հասարակ քաղաք մըն է իր ոստիկաններով, սրճարաններով եւ չաուրմայով: Կը յիշեմ Թէքէեանի տողերը – «Ինչ որ տուիր ուրիշին՝ այն միայն կը մնայ»: Այսինքն պարապ է աշխարհը եւ ոչինչ կրնաս փոխանցել մարդոց: Ի վերջոյ՝
կը մնաս քու առանձնութեանդ հետ, միս մինակ: Տէր Զօրն ալ նոյնն է:
Ամայի դաշտեր, իմաստէ զուրկ քաղաք մը, բայց աւելի անմատչելի անկիւններ, ուր կ’ըսեն թէ ջարդերէն կմախքներու ոսկորներ կը մնան:
Յիսուն տարի առաջ հայրս եկաւ այս անապատի եզրին ու կը մտածէր Տէր Զօր այցելել, սկսելէ առաջ «Մնացորդաց»-ի վերջին հատորը, որ «Դժոխք» պիտի կոչուէր: Եւ տուաւ ինչ որ ունէր իր երեւակայութեան մէջ, որ ջարդի ու մահուան յաճախանք մըն էր: Եւ այդ ապրումն էր որ սրտին կաթուած բերաւ կէս գիշերին, մահը իր մէջն էր ու զինքը մեռցուց: Եթէ Տէր Զօրը չմեռցնէ քեզ, ժամավաճառութիւն է ըրածդ, մեղք ես, ետ Հալէպ գնա՛, քեպապի բոյրին ու կեանքի տօնավաճառին: Ու կը յիշեմ Եղեռնի Մատուռը, այդ Տէր Զօրի անշուք փողոցի մը մէջ: Ոչ մէկ «պռոշիւր», բացատրական թղթիկ կամ գրքոյկ կայ այցելուներուն համար: Պատճա՞ռ – կը խորհիմ թէ Եղեռնի ահագնութիւնը, բանականութենէն ու մարդկային խիղճէն անդին անցնող, ամէն օրէնք զանցող այդ սարսափելի եղելութիւնը
չի բացատրուիր, չի նկարագրուիր, չի հասկցուիր հասարակ դէպքի մը իմաստին նման: Տպաւորիչ է կառոյցը, պարզ ու վսեմ: Բայց այդ մատուռը իր պատգամը ունի – պիտի խոնարհեցնես գլուխդ, որ կարենաս զայն տեսնել: Հոս ժամանց չէ, այլ բզկտումը մտքիդ մէջ՝ բացուելու եւ ապրելու ահաւոր Եղեռնը: Անշուշտ անկարելի ձեռնարկ է, նոյնիսկ երբ Աստուծոյ օգնութեան կը դիմես, կ’աղօթես, խաչ կը հանես, խեղճ մոմ մը կը վառես:
Հայ ըլլալու մասնաւոր ոճ մը կայ որ Հալէպի յատուկ է եւ որ
չի հասկցուիր եթէ մարդ մտիկ չ’ըներ հայ եկեղեցւոյ գաղտնի խօսակցութիւնը իր սրտին հետ: Անթիւ դարեր ան ընկերացած է մեզի ու շարունակած նոյն ատեն ներքին թաքուն խօսակցութիւնը: Ան որ չի լսեր անոր շշուկը ինչպէ՞ս կրնայ գիտնալ իր հայ ըլլալը: Այդ ձայնը Պէյրութ շատ յստակ կը լսուէր, կարծես արգիլուած ռատիոկայանի մը ձայնն էր, «բարազիթով» խառնուած: Արգիլուած՝ որովհետեւ քաղաքական կիրքերու եւ կուսակցական եռանդի ժամանակներ կ’ապրինք եւ գրեթէ խուլցած ենք: Հոս Հալէպ շատ աւելի յստակ կը լսուի այդ շշուկը, հոս քաղաքական մոլուցքը գոյութիւն չունի: Բայց ժամանակին, ասկէ կէս դար առաջ հայկական կլիման տարբեր էր հոս: «Փառքի շրջանը» կ’ըսեն մարդիկ, սակայն որքան պրպտեմ այդ օրերուն յիշատակները եւ տիրական անունները՝ մեծ մասը յուզումնահեղձ, աղմկարար, բանաստեղծ – խաղցող մարդիկ է որ կը տեսնեմ: Բայց բարեբախտաբար որ հսկայ հիմերը կան հայկականութեան, ազգային խառնուածքին, հայկական բնազդին՝ յամառ եւ անդուլ աշխատելու եւ սիրելու ինչ հայ է – այս է մասնաւոր ոճը այս քաղաքի հայութեան» (Տպաւորութիւններ 23 Նոյեմբեր 1995):
Եւ ի վերջոյ յօդուածաշարքի վերջին գրութեան վերջին բաժինը, ուր կը յիշէ նաեւ վաղամեռիկ բանաստեղծ Յովսէփ Ղազարեանը.
«Այնպէս որ արմատի հարցը Հալէպի մէջ չի դրուիր, որովհետեւ օդին ու ջուրին պէս է, եւ ամէն վայրկեան սնունդ կու տայ անոր որ անօթի է: Ամէն արմատ լոյսին մէջ ըլլալու է, մտքին բանալին հոն է: Եւ ահա օրինակ մը թէ ինչպէս լուսային այս թրթռացումը կ’անցնի հալէպցի բանաստեղծին տողերուն մէջէն ու կ’աւետէ նոր տաղանդներու գալը: Կտորը առնուած է Յովսէփ Ղազարեանի «Ընտրեալք» մատեանէն, լոյս տեսած 1991-ին:
Ե՛լ Սերոբ
Մեր հարսնի՛քն է այսօր..
Զուր այսօր ֆետայի էր Սօսէն
Քու անուն շուրթերուն իմ հարամ՝
Չխօսական քու զինուոր…
Այսօր ես հա՛րս եմ նոր
Առանց քօղ ու քաւոր…
Ե՛լ Սերոբ
Արձակեմ զիմ գօտիկ,
Քեզ բանամ կղպուած զիմ սրտիկ,
Քակեմ կապ ամօթու չորացած զիմ շուրթեր
Քեզ պատմեմ արգիլուած զիմ սէր…
Մեր հարսանի՛սն է այսօր
Սօսէ՛ն է թագուհի՝
Դո՛ւն թագւոր
Ե՛լ Սերոբ
Այս տողերուն մէջ ներքին, պրկուած յուզումի մը թափը զգալի է, գրեթէ Վարուժանեան հեւք մը թելադրող ու միակ յանցանքը չկրնալ զանազանելն է կեանքի յուզումը արուեստի յուզումէն, որ բոլորովին տարբեր բնոյթ ունի: Սակայն ահա այս իսկ է Միջին Արեւելքի, յատկապէս Հալէպի հայկականութիւնը, անմիջական ու վարակիչ, խորապէս ու ակամայ ապրուած, որուն կարօտով հոս եկեր էի հեռաւոր Աւստրալիայէն: Ազգային հոգեվիճակ մը, որ Արաբական աշխարհին ալ յատուկ է ու կարելի դարձուցած է Հալէպի հայ մտաւորականներուն ձեռնարկել հայ ու սուրիական գրական սերտ կապեր: Վկան՝ այն թարգմանական աշխատանքը, որ երկու լեզուներով կը կատարուի պատմուածքի կալուածին մէջ՝ իրարու աւելի մօտեցնելու երկու ժողովուրդներու գրական զգայնութիւնները: Կ’ակնարկեմ «22 Սիրիական Պատմուածք» հատորին, կատարուած 1994-ին Պօղոս Սարաճեանի կողմէ, խմբագրութեամբ Երուանդ Քասունիի: 1992-ին լոյս կը տեսնէր արաբերէն լեզուով, «20 Հայկական Պատմուածքներ»: Հոյակապ նախաձեռնութիւն, որ սփիւռքեան մեր սահմանումներուն նոր իմաստ մը կրնայ տալ»:
 Մարուշ Երամեան