Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքը դարեր շարունակ կը վկայէ, որ իւրաքանչիւր փորձութեան դիմաց ստեղծուած են երկու հիմնական գիծեր՝ հայրենիք եւ գաղութներ։ Երբ հայրենի հողը բռնագրաւուեցաւ եւ անոր կեդրոնական կեանքը ենթարկուեցաւ ճնշումներու ու սասանումներու, գաղութները դարձան ապաստարաններ, ուր պիտի պահուէր ազգին գոյութիւնը, ինքնութեան եւ յիշողութեան պատուանդանը։ Սակայն գաղութներու գոյատեւումը պատահականօրէն  տեղի չունեցաւ.  Անոնց պահպանման ու կազմակերպման համար անհրաժեշտ էր ունենալ խոր գիտակցութիւն, հաստատուն հիմքեր, կազմակերպական ճիգեր եւ նուիրեալ անձեր։
Գաղութի կամ հետագային համայնքի առաջին եւ գերագոյն երաշխիքը եկեղեցին եղաւ։ Տաճարը աղօթքի վայր ըլլալէ անդին մարմնացաւ որպէս ազգային գոյութեան յաւերժական կեդրոն։ Անիկա կապեց սերունդները իրենց նախնիներու հաւատքին, պահեց հոգեւոր շունչը եւ եղաւ ամուր պատնէշ ընդդէմ մոլորութեան։ Առանց եկեղեցւոյ գաղութը պիտի դառնար ցիրուցան բազմութիւն։
Երկրորդ երաշխիքը դպրոցն է։ Գիտականօրէն ապացուցուած է, որ լեզուի կորուստը ինքնութեան կորուստի առաջին քայլն է։ Մայրենիով կրթութիւնը կը մնայ մեր մշակութային ժառանգութեան առանցքը։ Սակայն ժամանակը կը պահանջէ նաեւ երկլեզու եւ բազմալեզու կրթական համակարգ, որ կը համատեղէ տեղական կեանքի լիարժէք մասնակցութիւնը եւ ազգային ոգին։ Այս ձեւով գաղութը կը մնայ արդիական՝ առանց խզուելու իր արմատներէն։
Ազգային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները երրորդ ամուր երաշխիքն են։ Անոնք կը ծառայեն որպէս պատուանդան՝ պահելու գաղութի զաւակները ցիրուցան ըլլալէ կամ ձուլումէ։ Որքան զարգացած է կազմակերպական կեանքը, այնքան տոկուն կը մնայ համայնքը։ Այսօր սակայն այս կազմակերպութիւնները պարտին յարմարիլ նոր պայմաններուն՝ օգտուելով տեղեկատուական արհեստագիտութենէն, հասարակական ցանցերէն եւ արդիական կառավարման ձեւերէն։ Միայն այդպէս կը դառնան ժամանակի հետ քայլ պահող կառոյցներ։
Չմոռնանք մամուլի անփոխարինելի դերը։ Թերթն ու գիրքը եղան մեր յիշողութեան եւ զարգացման ազդակները։ Առանց մամուլի ժողովուրդը պիտի դառնար մոռացութեան գերին ու պիտի կտրուէր համահայկական կեանքի հետ առնչուելու կարելիութենէն։ Այսօր մամուլի տպագիր եւ թուային տարբերակները կը մնան մեր շարունակականութեան եւ իրազեկութեան ամենաուժեղ միջոցները։ Հինն ու նորը, տպագիր էջն ու համացանցային հարթակը, պէտք է միատեղ գործեն՝ սերունդները կապելով անցեալին եւ ներկային։
Բոլոր կառոյցները սակայն կը մնան դատարկ կեղեւ առանց առաջնորդներու։ Անոնք են, որոնք կը մարմնաւորեն զոհաբերութեան ոգին, կ’երաշխաւորեն սերունդներու դաստիարակութիւնը եւ կը դառնան կենդանի կամուրջներ հայրենիքին ու սփիւռքի համայնքներուն միջեւ։ Գիտական ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ համայնքներու կենսունակութիւնը առնչուած է առաջնորդներու շարունակական վերարտադրութեան։
Այսօր նոր մարտահրաւէրներ կը կանգնին մեր դիմաց՝ համաշխարհայնացում, գաղթի ալիքներ, արագ հաղորդակցութիւն։ Գոյատեւման համար պէտք է զարգացնենք թուային մշակոյթ՝ երիտասարդութեան ներգրաւման համար, ստեղծենք համալսարանական եւ գիտական ցանցեր՝ հայագիտական ուսումնասիրութիւնները խթանելու համար, խրախուսենք տնտեսական ու ներդրումային նախաձեռնութիւններ, որպէսզի համայնքները դառնան ոչ միայն մշակութային, այլեւ արտադրական կեդրոններ։
Այս բոլորը կ’առաջնորդեն դէպի մեծ տեսլական։ Համայնքները պիտի շարունակեն գոյատեւել միայն այն ատեն, երբ համադրեն աւանդը եւ նորարարութիւնը։ Անոնք պէտք է ըլլան ոչ միայն հայրենիքէն դուրս կազմակերպ հաւաքականութիւններ, այլեւ համայն հայութեան ռազմավարական յենարաններ։ Հայրենիքն ու սփիւռքահայ համայնքները միասնական ամբողջութիւն կը կազմեն. մէկը առանց միւսին չի կրնար գոյատեւել։ Այսօր համայնքները հրաւիրուած են դառնալու ոչ միայն գոյութեան ապացոյցներ, այլեւ ապագայի կենդանի երաշխաւորներ։
Յակոբ Աւ.Սրկ. Պարսումեան