Քրիստոնեայ աշխարհը, տարաբնոյթ ձեռնարկներով, կը շարունակէ նշել Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովին 17-րդ դարադարձը, տրուած ըլլալով որ անիկա գումարուած էր 325 թուականին, այսինքն՝ ճի՛շդ 1700 տարի առաջ։
Այս մասին առաջին ազդանշանը տրուած էր Արեւելեան Ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներուն կողմէ՝ երբ անցնող Մայիսին, Գահիրէի մէջ կը մէկտեղուէին հայ, ասորի եւ ղպտի դաւանակից քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը (Արամ Ա. կաթողիկոս, Աֆրամ Բ. պատրիարք, Թաուատրոս Բ. պապ) ու մեծահանդէս արարողութիւններով
կը վերահաստատէին իրենց համակամութիւնն ու դաւանական միութիւնը, որուն հիմքը, կ’ըսէին անոնք, խարսխուած է Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովի հաւատոյ բանաձեւին ու դաւանաբանական տեսութիւններուն վրայ։
Գահիրէի երկօրեայ հաւաքները (17-18 Մայիս) ունեցան երկու երես՝ միասնական խորհրդաժողովներ եւ միացեալ
Ս. Մարկոս մայր տաճարին մէջ, հոն ներկայ եղողներուն համար երկա՜ր տարիներ պիտի մնայ անմոռանալի դէպք մը, տպաւորիչ աննախընթաց երեւոյթ մը։
Միջինարեւելեան այս երեք եկեղեցիներու գործակցութիւնը նոր չէ։ Առնուազն քսանհինգ տարիէ անոնք պարբերաբար կը մէկտեղուին Անթիլիասի, Դամասկոսի կամ Գահիրէի մէջ ու սերտօրէն կը համակարգեն իրենց գործունէութիւնն ու տեսակէտները։ Այս անգամուան հանդիպումը, սակայն, զգեցաւ արտասովոր բնոյթ ու փայլք եւ պարզեց «շռնդալից» պատկեր մը՝ շնորհիւ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովի յոբելենական դարադարձին, որ իր շուքին տակ պահեց միջեկեղեցական բոլոր ձեռնարկները, որոնց մասնակցեցան երեք քոյր եկեղեցիներէն մեծաթիւ հոգեւորականներ։
Հոգեւոր երեք պետերու այս վերջին հանդիպման վաղորդայնին հրապարակուեցաւ միացեալ ընդարձակ հաղորդագրութիւն մըն ալ։ Հոն կը շեշտուէր, թէ քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի բնիկ ու արմատացած տարրերէն են, գործունեայ եւ արդիւնաբեր։ «Մենք ամրօրէն կառչած պիտի մնանք այս հողատարածքին՝ հակառակ Միջին Արեւելքը պատուհասող մարտահրաւէրներուն եւ հակառակ արտագաղթին», կը հաւաստիացնէին հոգեւոր պետերը։ Անոնք կ’ակնարկէին նաեւ իրենց ապրած երկիրներու քաղաքական իրավիճակին, սա՛ տողերով. «Փառք կու տանք Աստուծոյ՝ որ ընդհանուր կայունութիւն կը տիրէ Եգիպտոսի մէջ. կը յուսանք որ նոր նախագահի մը ընտրութիւնն ու նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանի մէջ՝ կը դառնայ սկիզբը խաղաղութեամբ ու բարօրութեամբ լեցուն փուլի մը. նմանապէս, ուշադրութեամբ կը հետեւինք Սուրիոյ նոր ղեկավարութեան ճիգերուն արդիւնաւորման, որ պիտի վերահաստատէ անդորրութիւնը, ապահովութիւնն ու միութիւնը եւ պիտի երաշխաւորէ բոլոր քաղաքացիներուն իրերահաւասար իրաւունքները»։
* * *
Մեր ժողովուրդին լայն հատուածները (ներառեալ՝ կարգապահ հետեւողականութեամբ եկեղեցի յաճախողները), սակայն, դոյզն գաղափար մը ունի՞ն, թէ ի՞նչ էր սա Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովը, եւ կամ ինչո՞ւ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ան յաչս քրիստոնեայ աշխարհին։
Եկէ՛ք նախ ճշդենք Նիկիա քաղաքին աշխարհագրական դիրքը քարտէզի վրայ։
Նիկիան, որ այն հին դարերուն Հռոմէական կայսրութեան մէջ էր, ներկայիս
կը պատկանի Թուրքիոյ եւ կը կոչուի Իզնիք։ Փոքր քաղաք մըն է, Պոլսէն 90 քլմթ. դէպի հարաւ-արեւելք, համանուն լիճի ափին։ Կ’իյնայ Պուրսա նահանգի սահմաններէն ներս։ Հեռու չէ մեր երբեմնի հայաբնակ Պարտիզակէն ու Արմաշէն։ Մենք այդ շրջանը կը կոչենք Բիւթանիա։
Իսկ ի՞նչն էր Նիկիոյ ժողովին գումարման դրդապատճառը։
Օրմանեան պատրիարք իր «Ազգապատում»-ին մէջ կու տայ Արիոս Աղեքսանդրացիի մը անունը եւ կ’ըսէ որ այս իմաստասէր-եկեղեցականը,- երէց մը,- սկսած էր պաշտպանել այն տեսութիւնը, թէ «Յիսուս Քրիստոս չէ Որդի Աստուծոյ մարդացեալ, այլ գերագոյն արարած մը, եւ թէ իրեն տրուած Որդի Աստուծոյ կոչումը բառական իմաստով առնելու չէ»։
Յստա՛կ է Արիոսի միտքը. Քրիստոս աստուածորդի չէ, այլ՝ գերմարդկային տիպար մը, ժամանակակից ամէնէն կատարեալ մարդը։ Այս տեսակէտը կը հակասէր Աւետարանին եւ թիւր մեկնաբանութիւններով կը շեղեցնէր հաւատացեալները քրիստոնէական ուղիղ վարդապետութենէն։
Արիոսի տեսակէտը բուռն կողմնակիցներ ունեցաւ եկեղեցական դասուն մէջ, որովհետեւ դարը աղանդներու աճման ու տարածման դար մըն էր։ Վէճերը ընդհանրացան, հակառակութիւնները սաստկացան, մինչեւ որ Կոստանդիանոս Ա. Մեծն կայսրը որոշեց համընդհանուր ժողով մը գումարել այս նիւթը քննարկելու եւ եզրակացութեան մը յանգելու նպատակով։ Այդպէս է որ գումարուեցաւ Նիկիոյ ժողովը, որ համաքրիստոնէական բնոյթ կրելուն համար պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ իբրեւ Տիեզերական Ա. Ժողով։ Թուական՝ Յունիս 325։

Հետաքրքրական է որ այս ժողովին հրաւիրուեր ու իր մասնակցութիւնը բերեր է նաեւ Հայ Եկեղեցին։
Այդ թուականին հայոց կաթողիկոսը Գրիգոր Լուսաւորիչն էր, իսկ թագաւորը՝ Տրդատ Գ.-ը։ Երկուքն ալ հրաւէր ստացան ժողովին մասնակցելու, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով չկրցան ընդառաջել։ Անոնք իրենց փոխանորդ ու ներկայացուցիչ նշանակեցին Արիստակէս եպիսկոպոսը՝ Գր. Լուսաւորիչի կրտսեր որդին, որ տարիներէ իվեր արդէն իր հօր հայրապետական գործերուն գլխաւոր աջակիցն ու օգնականն էր։ Ան գրաւոր յանձնարարական մը ի ձեռին՝ անձամբ Նիկիա մեկնեցաւ ու Հայաստանը ներկայացուց այդ պատմական համաժողովին, որպէս մէկը հոն ներկայ 318 հայրապետներէն։
Իսկ ի՞նչ եղաւ ժողովին արդիւնքը։
Նիկիոյ մէջ հաւաքուած երեք հարիւրէ աւելի քրիստոնեայ հայրապետներն ու աստուածաբանները, երկարատեւ քննարկումներէ, թեր ու դէմ կարծիքներէ եւ վերլուծումներէ ետք՝ ի վերջոյ հասան եզրակացութեան մը։ Այդ եզրակացութիւնը Արիոս երէցի տեսակէտին կտրուկ ժխտումն էր։ Նիկիոյ ժողովը Արիոսն ու անոր հետեւորդները աղանդաւոր (հերետիկոս) հռչակեց, դատապարտեց ու նզովեց։ Արիոս վտարուեցաւ եկեղեցիէն ու շուրջ տասը տարի ետք մահացաւ Կ. Պոլսոյ մէջ, յառաջացեալ տարիքին։
Եկեղեցին հարկ տեսաւ, այսպէս, ինքզինք ու իր հաւատքը պաշտպանել սխալ կամ անճիշդ ուսուցումի մը դէմ, որ այս պարագային Քրիստոսի աստուածութեան ուրացումն էր։
Արդարեւ, Նիկիոյ ժողովին կարեւոր իրագործումը եղաւ դաւանական բանաձեւի մը որդեգրումը։ Ասով, քրիստոնեայ աշխարհը վերահաստատեց Աստուծոյ եւ անոր որդւոյն՝ Քրիստոսի մասին իր տեսակէտը, սեղմ ու խտացեալ շարադրանքով մը, որ ծանօթ է «Նիկիական հանգանակ» անունով։ Ասիկա մեր հայ հաւատացեալներուն քաջածանօթ «Հաւատամք»-ն է, որ ամէն Ս. Պատարագի կ’արտասանուի կամ կ’երգուի եկեղեցիներու բեմերէն։ Եկեղեցի յաճախողները գոց գիտեն այս «Հաւատամք»-ը ու անոր արտասանութեան կը մասնակցին ձեռնամած (ափերը իրարու միացուցած) ու բարձրաձայն, բեմը կանգնած սարկաւագներուն ու դպիրներուն երգեցողութեան հետ համահունչ…։
Հաւատա՜մք ի մի Աստուած,
ի Հայրն ամենակալ,
յարարիչն երկնի եւ երկրի,
երեւելեաց եւ աներեւութից։
Եւ ի մի տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ,
ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ, Միածին,
այսինքն՝ յէութենէ Հօր… եւ այլն։
«Նիկիական հանգանակ»-ը յստակօրէն կը շեշտէր Քրիստոսի աստուածային բնութիւնը. «Նոյն ինքն ի բնութենէ Հօր»։ Այսինքն, Աստուած ինչ բնութիւն որ ունի՝ նոյն բնութիւնը ունի Քրիստոս ի՛նք։
Արիստակէս եպս. այս բանաձեւը բերաւ Հայաստան, ուր անիկա որդեգրուեցաւ անվարան։
Նիկիոյ Ժողովը, որ Արիոսի հարցէն զատ, միջանկեալ, քննարկումի առարկայ դարձուցած էր եկեղեցական ինչ-ինչ հարցեր, հաստատեց շուրջ քսան կէտերէ բաղկացած կանոններու շարք մըն ալ, զոր կը գտնենք Թաւրիզի երբեմնի համբաւաւոր առաջնորդ Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանի «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» երկհատոր գործին մէջ (Շուշի, 1903-1905, վերատպուած՝ Թեհրան, 2005)։ Այդ կանոններուն մէջ ուշադրութիւն
կը գրաւէին մա՛նաւանդ եկեղեցականներու կենցաղին վերաբերեալ պարտաւորիչ օրէնքներ, որոնք,- սկզբունքով,- կիրարկելի են մինչեւ մեր օրերը։ Զորօրինակ, կուսակրօնութեան հարցին մասին Նիկիոյ ժողովը պարզած է իր տեսակէտը։
Այսքանէն ետք, եկէ՛ք բացատրենք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «հանգանակ»։
Եթէ բառարան բանանք, հոն պիտի կարդանք, թէ այս բառը
կը նշանակէ «բանաձեւուած հաւատալիք»։
Շատ գործածական բառ մը չէ «հանգանակ»-ը։ Այնուհանդերձ, մեր ընթերցողներուն ծանօթ ըլլալու է «դրամ հանգանակել» կամ «հանգանակութիւն կատարել» ըսելաձեւերը։ Այսինքն՝ բարի ու շինիչ նպատակի մը համար նիւթական հասոյթ ժողվել։ Ուրեմն, բառիս այս մեկնակէտէն ելած՝ «հանգանակել» պիտի նշանակէ ժողվել, քով-քովի բերել, հաւաքել։ «Նիկիական հանգանակ»-ն ալ, հետեւաբար, դաւանական գաղափարներու եւ տեսակէտներու համադրական մէկտեղում մըն էր, կէտերու հաւաքում, ամփոփում եւ խմբագրում։ Ա՛յս է իմաստը «հանգանակ»-ին։
Միայն քիչեր գիտեն, թէ այսօր մեր արտասանած «Հաւատամք»-ը ճիշդ ու ճիշդ նոյնը չէ Նիկիայէն բերուած «Հանգանակ»-ին։ Միջուկը նոյն է անշուշտ՝ իր ընդհանուր գաղափարներուն մէջ, եւ սակայն հոն կատարուած են որոշ յաւելումներ, յաջորդող դարերուն, Տիեզերական Բ. ժողովին (381, Կ. Պոլիս) ընդունուած դաւանական կարգ մը հաստատումներուն ալ ներմուծումով։ Ուրեմն, այժմու «Հաւատամք»-ը լրացուած տարբերակն է 325-ի «Նիկիական հանգանակ»-ին։
«Նիկիական հանգանակ»-ը, հին դարերուն, բացատրուած ու մեկնաբանուած կը գտնենք Խոսրով եպս. Անձեւացիի (Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հայրը, Թ. դար), Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետի (ԺԱ.-ԺԲ. դար) եւ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի (ԺԲ. դար) գործերուն մէջ։ Ասոնք գրաբարով են ու մատչելի չեն ժամանակակիցներուս։
Սակայն մեր օրերուն, այս մասին ամէնէն համապարփակ ու մանրազննին ուսումնասիրութիւնը կը պատկանի մեր եկեղեցւոյ ժամանակակից մեծ աստուածաբաններէն հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւորեանին (1947-2004)։ Կիլիկեան Ս. Աթոռին հասցուցած այն բացառիկ ու տիպար դէմքն էր Զարեհ սրբազան, որ իր անձին վրայ
կը մեկտեղէր մաքրակենցաղ հոգեւորականի ու խորահմուտ մտաւորականի բոլոր ստորոգելիները։ Իր գործը՝ «Մեկնութիւն Հայց. Առաքելական
Ս. Եկեղեցւոյ Հաւատամքին», 450 էջանի ծաւալուն աշխատասիրութիւն մըն է, լոյս տեսած՝ Հալէպ, 2008-ին, Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի խմբագրութեամբ։ Այստեղ, հեղինակ սրբազանը, նախադասութիւն առ նախադասութիւն եւ նոյնիսկ բառ առ բառ սեւեռումի ու աստուածաբանական քննարկումի կ’ենթարկէ «Նիկիական հանգանակ»-ը, զայն ուղղակի «մաղէ կ’անցընէ», վերբերելով միաժամանակ իր ամէն մէկ հաստատումին ետին կանգնող պատմութիւնը, այդ հաստատումին խորքային իմաստը…։
* * *
Ինչ որ բացատրեցինք այստեղ՝ պատմութիւն էր, պատմական դրուագներու յիշեցում։
Թերեւս անտեղի պիտի չըլլայ շեշտել այս առթիւ, որ մեր կապուածութիւնը մեր եկեղեցիին՝ հաւատքի հարց է։ Մէկը կրնայ յիսուն տարի շարունակ եկեղեցի յաճախել կանոնաւոր հերթականութեամբ, ամէն Ս. Պատարագի ձեռնամած ու վերացած արտասանել «Հաւատամք»-ը, բայց չկարենալ բացատրել անկէ տո՛ղ մը անգամ…։
Արդէն, ի՞նչ է «հաւատք» ըսուածը։ Անիկա անշօշափելի, աներեւելի բաներու մասին համոզուած ըլլալ չի՞ նշանակեր…
Լեւոն Շառոյեան
