ԱԿՆԱՐԿ
Կազզայի համաձայնութեան մասին իրերայաջորդ երեք լուրեր հետագայ ընթացքին մասին որոշ պատկերացումներ կը սկսին փոխանցել: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը նախ հաղորդեց, որ կը պատրաստուի անմիջապէս գործադրել Թրամփի ծրագիրը: Ապա բանակը ցուցմունք ստացաւ կրճատելու Կազզայի մէջ յարձակողական գործողութիւնները: Մինչ Համասի ղեկավարական շրջանակներէն հնչեց այն միտքը, որ Համաս Թրամփի ծրագիրին համաձայնութիւն տուած է, սակայն անոր գործադրութիւնը բանակցութիւններ կ’ենթադրէ:
Իսրայէլին վերագրուած լուրերու բաժինին մէջ կայ անորոշութիւն: Նախ կը հաստատուի, որ Թել Աւիւ կողմ է ծրագիրին անմիջական գործադրութեան: Հետեւող լուրը սակայն անմիջական գործադրութեան չի վերաբերիր: Ռազմական գործողութիւններու կրճատումը կ՛ենթադրէ պատերազմի շարունակութիւն: Հետեւաբար, այս համաձայնութիւնը զինադուլ հաստատելուն չի վերաբերիր:
Համաս հակազդեց ըսելու համար, որ համաձայնութեան գործադրութիւնը բանակցութիւն կ’ենթադրէ: Այլ խօսքով՝ այդ համաձայնութիւնը միանգամայն գործադրելի չէ: Համասի այս պատասխանը համազօր է հրադադար հաստատելու համաձայնութեան: Հրադադար, ապա բանակցութիւններ, սկզբունքով համաձայնեցուած նախագիծ մը գործադրութեան դնելու համար:
Այս տարբերակի բանաձեւը եթէ պարզացնենք՝ հրադադար, ապա բանակցութիւններ ձեւակերպումով կարելի է բնութագրել: Անշուշտ կայ այլ իրականութիւն: Բանակցութիւններ, ոչ թէ խաղաղութեան ծրագիրին շուրջ համաձայնելու, այլ համաձայնուածը գործադրելու:
Ուաշինկթընի կանխատեսումը բարացուցական է: Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին, Համասի զինաթափումը բարդ պիտի ըլլայ: Ամերիկացի դիւանագէտը 20 կէտերէն առանձնացուցած է միայն Համասի զինաթափումի խնդիրը, որ յայտնապէս հանգոյցն է այս ամբողջ թղթածրարին:
Հարցերը կը շարունակեն փոխկապակցուած մնալ: Հըզպալլան կ’ողջունէ Համասի համաձայնութիւնը ամերիկեան նախագիծին: Կ’ենթադրուի, որ համաձայնութեան համասեան տարբերակին համաձայնիլը կը ներառէ անոր գործադրելիութեան շուրջ բանակցելու սկզբունքը:
Այդ սկզբունքը կիրարկելի կրնայ ըլլալ նաեւ Հըզպալայի համար: Զէնքի մենաշնորհումի առաջադրանքին կամ արդէն իսկ համաձայնեցուած 1701-ին կապակցութեամբ կայ սկզբունքային համաձայնութիւն: Հարցը գործադրելիութեան մէջ է: Կիրարկումը այս բոլորին զուգահեռ պէտք է ընթանայ: Զէնքի մենաշնորհում՝ իսրայէլեան ուժերու հեռացման դիմաց:
21 կէտերու համաձայնութիւնը, ըստ Միացեալ Նահագներու նախագահին, չի վերաբերիր միայն Կազզային, այլ ընդհանրապէս խաղաղութիւն կ’ապահովէ Միջին Արեւելքին: Փոխկապակցուածութեան շղթայականութիւնը կը շարունակուի:
Խնդիրը, պահանջը համաձայնութիւններու ամբողջական համակողմանի գործադրութիւնն է: Լիբանանի պարագային զինադուլի համաձայնութիւնը կը կիրարկուի միակողմանի: Պահանջները լիբանանեան կողմէն եւս միակողմանի են: Իսրայէլ կը շարունակէ վերահսկել լիբանանեան ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող տարածքներ, կ’ոտնձգէ լիբանանեան օդը, կը հրթիռակոծէ լիբանանեան տարածքներու վրայ գտնուող եւ իրեն համար վտանգ սպառնացող թիրախներ:
Այս բոլորը նկատի ունենալով կը թուի, որ 21 կէտերու գործադրելիութեան անմիջականութիւնը խնդրոյ առարկայ է:
Առայժմ ռազմական գործողութիններու կրճատումն է, որ կ’իրականացուի: Ինչպէս Լիբանանի պարագային զինադուլի միակողմանի աշխատիլը: Թէկուզ իսրայէլեան կողմէն կրճատուած գործողութիւններով:
«Ա.»