115 տարի առաջ, աշնանային գեղեցիկ օր մը Հայ ժողովուրդի կարիքներուն լաւագոյնս ծառայելու առաջադրանքով Նիւ Եորքի մէջ Խաչատուր Մալումեան՝ Ակնունի, հիմը կը դնէր Հայ Օգնութեան Կարմիր Խաչին……

Նոյնպէս աշնանային բարեբաստիկ օր մը, երկար ճանապարհ կտրելէ ետք, ՀՕՄ-ը պիտի վերադառնար անկախ հայրենիք, վերականգնելու իր հիմնադիրներու ուղիին՝ հայրենիքի ծառայութեան Սուրբ Գործին․․․
Նոյն այդ աշնանային գեղեցիկ պայծառ առաւօտն էր, անհաւատալիօրէն շշմած կը քալէի Երեւանի սալահատակուած հրապարակը, տարիներու երազը իրականացած էր, բայց այնքան անհաւատալի էր, որ կասկածանքով հարց կուտայի՝ արդեօ՞ք իրականութիւն է, թէ՝ երկար տարիներու երազներուս շարունակութիւնը… Ըլլալ հայրենի հողին վրայ եւ վայելել պաշտած Արարատս, իսկապէս անհաւատալի կը թուէր: Աչքերս կը շրջին, անյագ կը դիտեմ չորս կողմս, երկնակամարին վրայ մեղմիկ, վախկոտ արեւ մը կը ժպտի, ո՛չ փնտռածս այս չէր, կը նայիմ հեռուները չեմ տեսներ որոնածս, չորս կողմս կը զննեմ՝ միշտ բարձրերը նայելով եւ յուսահատ՝
-Ո՞ւր է Արարատը, ես Արարատս կ’ուզեմ, յանկարծ կը բարձրաձայնեմ: Արդե՞օք Սուրիա ենք տակաւին…
Քովէս տիկին Արփին նկատելով անհամբերութիւնս կամացուկ մը կը փսփսայ՝
-Քիչ մըն ալ համբերէ, պիտի տեսնես Արարատդ:
1992-ի Հոկտեմբեր ամիսն էր, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի 6 ընկեուհիներով օր մը առաջ օդանաւէն իջած եւ Երեբունի պանդոկ տեղաւորուած էինք, այսօր առաւօտ կանուխէն իջած էինք փողոց՝ Երեւանին ծանօթանալու եւ Արարատը տեսնելու, չէ որ սփիւռքի տարածքին ամէն տուն, ամէն դպրոց, ամէն գիրք, ամէն ակումբ, նոյնիսկ խանութներ Արարատ ունին, մե՛ր Արարատը։ Մենք հասակ առած էինք օտար հողի վրայ, Արարատը մեր դրոշմն էր, հիմա երբ հայրենիքի մէջ եմ, զայն կը փնտռեմ, բայց ո՞ւր է… Աշնան մեղմիկ հովը, տժգոյն արեւը եւ զբօսայգիներու մէջ տեղաւորուած Սումկայիթի ջարդերէն ճողոպրած գաղթականներու խումբերը զիս լալու չափ կը յուզեն։ Յանկարծ ետեւէս լսուող երեխաներու ուրախ ճիչերը զիս կ՛արթնցնեն, կարծէք արեւն ալ կը զօրանայ, ժպիտ մը` անդին կը հրէ դէմքիս տխրութիւնը, hոն տեղաւորելով յոյսը:
Կեանքը կը սկսէր արթննալ հայրենի ազատ հողին վրայ, ինչպէս երկնակամարի ծածանող եռագոյնները՝ յոյսի նշոյլ սփռելով:
Առաջին անգամ էր, որ հայրենիք կ’այցելէի, անկախացած հայրենիք…
-Այսօր մեծ օր է,- կը մրմնջամ ես ինծի եւ ընկերուհիներով կ’աճապարենք վերադառնալ պանդոկ:
Էրեբունի պանդոկը կը վխտար աշխարհի չորս ծագերէն հասած ՀՕՄ-ուհիներով, մեծ տօնախմբութիւն էր, հայրենիքի սիրով ու կարօտով փթթած սփիւռքատարած ՀՕՄ-ուհիներ, աւելի քան ութ տասնամեակներ ետք, աշխարհի չորս ծագերէն կը փութային մայր հայրենիք՝ մասնակցելու անկախ մայր հողի վրայ առաջին անգամ գումարուելիք Համահայկական 64-րդ Պատգամաւորական ժողովին:

Այդ բոլոր իրարանցումին, խանդավառութեան, ծանօթ անծանօթ դէմքերու ուրախութեան ճիչերու, տարիներով զիրար չտեսած իրար հանդիպելու հրճուանքով զիրար գրկած բարեկամուհիներու, հին ընկերներու ողջագուրումին ու ոգեւորութեան մէջ, ես ափ ի բերան խառն զգացումներով ընդհանուր խանդավառութենէն յուզուած կը փորձէի ծանօթ մը գտնել եւ պահուան ոգեւորութիւնը ապրիլ, երբ խառնիճաղանճին ընդմէջէն հեռաւոր ձայն մը՝ ոչ միայն ականջիս այլ հոգիիս խուլ մէկ անկիւնէն լսուեցաւ, հակառակ անտարբերութեանս եւ չլսելու փորձերուս՝ աւելի սաստկացաւ եւ յանդիմանական շեշտ մը ստացաւ.
-Պատրաստուէ՛, այս Կիրակի ՍՕ Խաչի տարեկան ճաշկերոյթն է…
-Նորէ՞ն մը, ես դաս ունիմ, դպրոց ունիմ։
-Ի՞նչ «նորէն մը»՝ տարին մէկ անգամ է, դասդ ամէն օր է։
-Ո՞ր մէկն է ասի՝ «Նէտի Սաատ»ի սրահը՞,
-Տարեկան քանի՞ ճաշկերոյթ կայ, անշուշտ «Նէտի Սաատ»-ինը միակն է։ Արդէն խմբապետուհիս՝ ընկերուհի Աննիկը տոմսերը բերաւ…։
-Ա՜խ այս հայ կիները․ ուտել խմել…
-Կը նեղացնես զիս, ասոնք «սովորական հայ կիներ չեն», շուտով դուն ալ պիտի անդամագրուիս։
-Ո՞ւր ՍՕ Խա՞չ …..
Մօրաքրոջս ձայնը ամօթի զգացումով պատեց զիս, մինչ ականատես կ’ըլլայի հաւատաւոր հայ կիներու այնպիսի փաղանգի մը, որ առաջին իսկ պատեհութեան հայրենիքէն ներս մուտք գործելով՝ ի գին ամէն զոհողութեան, սկսած էր հզօր աշխատանքներ իրագործել անտեսելով ամէն խոչընդոտ:
Մօրաքրոջս ձայնը՝ «սովորական հայ կիներ չեն»ը, կը շարունակէր զիս տանիլ դէպի ակունքներ, մօրաքոյրս հաւատարիմ խաչուհի՝ ոչ մէկ ձեռնարկ բաց կը թողուր, «գոնէ այդ ձեւով օգտակար ըլլամ», ըսելով։ Երկու տոմս կը գնէր, մէկը իրեն՝ հաւատաւոր խաչուհիին, միւսը՝ ինծի, մտքին մէջ ձեաւորած ապագայ խաչուհիին….
Տարիները սահեցան, մօրաքոյրս միշտ ալ շարունակեց հաւատարիմ մնալ իր սկզբունքին, իր հաւատացած կազմակերպութեան:

Իմ պայմաններն ա՛լ փոխուած էին, ուսանող չէի, ոչ ալ ուսուցչուհի, ընտանիք ունէի եւ երկու մանչ զաւակ, օր մըն ալ հեռաձայն մը ստացայ.
-Կ’ուզենք որ ՍՕԽ-ի շարքերուն միանաս…
․․․Անխօս կը լսէի, վերապահութիւնս տակաւին կը շարունակուէր երբ.
-Մենք ձեզի պէտք ունինք… լսեցի եւ անմիջապէս՝
-Ուր որ աշխատանքի կարիք կայ՝ սիրով, ես պատրաստ եմ,- ըսի եւ փակեցի հեռաձայնը:
Խոստումը տրուած էր, ճամբան սկսած․ պիտի աշխատէի «հայ կիներ»-ուն հետ…

Յաջորդ տարի արդէն «Անի» մասնաճիւղի վարչական էի, նախ ատենադպրուհի, ապա ատենապետուհիի պաշտօններով, հակառակ որ երկու մանչերուս միացած էր դուստրս ալ, բայց պատասխանատուութիւնը ստանձնած էի եւ աշխատանքի լծուած, ալ ՍՕԽ-ի ծրագիր-կանոնագիրը բարձի տակի գիրքս եղած էր։ Միութենական կեանքի անծանօթ մը չէի, բայց ՀՕՄ-ի ծաւալուն գործունէութեան կը ծանօթանայի։ ՀՕՄ-ը միայն ՍՕ Խաչը չէր, ՀՕՄ-ը միայն բարեսիրական միութիւն մը չէր, ՀՕՄ-ը միջազգային հայ կիներու նուրբ ու ազնիւ, բայց ուժեղ եւ զօրաւոր, իրար զօդուած ոսկեայ շղթան էր, հայ կինը ձեւաւորողն ու կազմակերպողն էր, հայ կնոջ ներշնչումն էր, ներուժը ուղեւորողը, զայն առաջնորդողն ու եռանդը ուղղորդողը…
Այո՛, ՀՕՄ-ուհիները «սովորական հայ կիներ չէին»։
Թէեւ տարակուսանքով մտայ այս աշխարհ, բայց երբ ծանօթացայ աշխատանքներուն, արդէն գտայ տեղս։ Աւելին․ իմ կողքին ընտանիքս ալ գործի լծեցի:

ՍՕ Խաչի ծրագիրներու շրջագիծը կ’ընդգրկէր կրթական, դաստիարակչական, խնամատարական ծառայութիւններ, առաւել Պատսպարանի եւ դարմանատան աշխատանքները։ Սուրիոյ տարածաշրջանը ունէր 9 տեղական մասնաճիւղեր, որոնք ըստ կանոնագիր-ծրագրի կը գործէին տեղական վարչութեան գլխաւորութեամբ, Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ համարատուութեամբ, իսկ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ ծրագրուած աշխատանքը կը ծաւալէին մասնագիտացած յանձնախումբեր եւ մարմիններ, որոնք բոլորը մեծ նուիրումով կը կատարէին իրենց առաքելութիւնը, ոչ միայն զիրար այլ տարուէ տարի իրենք զիրենք իսկ գերազանցելով: Այս բոլոր աշխատանքները կը կատարուէին կանոնագիր-ծրագրի շրջագիծէն ներս, կնոջական բծախնդիր նրբութեամբ եւ երկամեայ շրջանի աւարտին յաջողութեամբ կը ներկայանային Շրջանային ժողովի համարատուութեան:

ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան նստավայրը Հալէպ էր, Հալէպի մէջ ունէր կեդրոններ։ Շրջանային Վարչութիւնը իր ժողովները կը գումարէր նախ Սալիպէ՝ Ազգային Հայկազեան վարժարանի նախկին Մանկապարտէզի շէնքը, ապա՝ Նոր Գիւղի կեդրոն։ «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը նախքան Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տուն փոխադրուիլը կ’օգտագործէր Պատսպարանը, իսկ «Սեւան»-ի վարչութիւնը՝ Կիւլպէնկեան վարժարանի նախքին շէնքը։ «Նայիրի»-ն միշտ ալ ունէր դարմանատունը, նախապէս հին կառոյցը, ապա նոր շէնքը: Այդ տարիներուն տակաւին արծուիկները ՍՕ Խաչի կրտսերներն էին եւ իրենց հաւաքներն ու գործունէութիւնը կը կազմակերպէին նոյն կեդրոններէն ներս։ Հետագային դարձան սկաուտական շարքերու մէկ թեւը:

«Անի» մասնաճիւղի վարչական պաշտօնիս աւարտին, որպէս պատգամաւոր մասնակցեցայ Շրջանային պատգամաւորական ժողովի, վայրը՝ Նոր Գիւղի Ընկերաբժշկական կեդրոնը։ Ինքնաշարժէն իջայ, վստահ չէի թէ կեդրոնը ո՞ր թաղն էր, երբ ընկերուհիի մը հանդիպեցայ եւ միասին հասանք շէնքի մը գեղեցիկ դարպասին, ան կանգ առաւ։
-Հասա՞նք, ընկերուհի՛,- ըսի։
-Այո՛,- պատասխանեց զարմացած։

Ես պահ մը կանգ առի, յիշողութիւնս զիս քանի մը տասնամեակ ետ տարաւ, փոքր աղջնակ մըն էի, երբ մօրս ձեռքէն բռնած վախվխելով բժիշկի եկած էի շէնքի դարմանատունը՝ բակով հասարակ տուն մը, այսօր անոր տեղ կը կանգնէր ՍՕ Խաչի հինգ յարկանի ընկերաբժշկական գեղեցիկ կեդրոնը, մտովի համեմատեցի զոյգ վայրերը, փոքրիկ բակը՝ շէնք եղած էր, շէնքի իւրաքանչիւր անկիւն՝ ժողովուրդին ծառայող գործունէութեամբ մը կը ծաղկէր, խաչուհիներու նուիրումով կը շաղախուէր ու կը դառնար սնունդ՝ կարիքաւորի սեղանին, դարման՝ հիւանդի սնարին, ժպիտ՝ որբի դէմքին եւ կրթանպաստ՝ հայ ուսանողին… Զարմանքս ու հիացմունքս ակներեւ էին, չէի զարմանար շէնքին, քարին ու շինութեան, կը խոնարհէի հայ կնոջ՝ խաչուհիի կամքի զօրութեան, համոզուելով կրկին որ «սովորական հայ կիներ չեն»։ Ժողովը ըստ կանոնագրի իր ընթացքը առաւ, շարունակուեցաւ երկու օրերու վրայ։ Աւարտին, նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամներէն մէկն ալ ես էի, ալ այդ կեդրոնը դարձաւ երկրորդ տունս մինչեւ 2001՝ Հալէպէն մեկնումս:
1989-էր, մեր աշխատանքները կեդրոնացած էին կեդրոնի ծառայութիւնները բազմապատկելու վրայ, զայն օժտելով առաւել կարելիութիւններով՝ ըստ ժողովուրդի պահանջներուն։ Այսպիսով ստեղծուեցաւ Մանկամսուրը՝ ապահովելու աշխատող մայրերու երեխաներուն կեցութիւնն ու խնամքը,

Դարմանատունը օժտուեցաւ մասնագիտական նոր բաժիններով, ինչպէս՝ ակնաբուժարան եւ ատամնաբուժարան, գետնայարկը դարձաւ աշխուժ աշխատանոց մը, ոչ միայն արտադրանքի որակով, այլեւ՝ տեսակով։ Աշխատանոցը սկսաւ արտադրել ազգային վարժարաններու համազգեստներ, բանակումներու քնապարկեր, միաժամանակ ապահովելով մնայուն աշխատանք եւ եկամուտ՝ հոն աշխատող Պատսպարանի չափահաս աղջիկներուն։ Ատիկա պատճառ դարձաւ որ կեանքի կոչուի վաճառատունը, որ կը վաճառէր համազգեստներու կողքին ձեռարուեստի յանձնախումբին մտայղացումները եղող արտադրանքը, հրամցնելով ժողովուրդին հայ մշակոյթի գոհարներ՝ բացառիկ ձեռագործներ, որոնք դարերու հեռաւորութենէն հասնող հայրենի գաւառներու զարդասեղներն էին, հայու ինքնութիւնը մարմնաւորող ազգային արժէքներ։ Ձեռարուեստի յանձնախումբը նաեւ կ’իրականացնէր հայկական ասեղնագործութեան դասընթացքներ, որպէս աւանդ զանոնք փոխանցելով նոր սերունդին եւ ապահովելով հայ մշակոյթի յարատեւութիւնը:

ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը դարձած էր հայապահպանման ձուլարան֊։ Հոն ամփոփուած էր մեր բազմաբնոյթ եւ ծաւալուն գործունէութիւնը, որուն կամաւոր առաքեալները իրենց ծառայութեան ընթացքին կը թրծուէին որպէս անձնուրացներ։ Աստուածատուր ձիրքերով օժտուած հայուհին ճիգ չէր խնայեր աշխատանքները յառաջ տանելու, շաբթուան 6 օրերը մեղուափեթակի մը պէս կեդրոնը կ’եռար գործունէութեամբ՝ ելեւմուտք, աշխատանք, ստեղծագործութիւն, արտադրութիւն, վաճառք, դասընթացքներ, դասախօսութիւններ, ժողովներ, ծրագրումներ … Կիներու իսկական ամրոց, անգամ մը եւս հաստատելով, որ անոնք «սովորական հայ կիներ չեն»…։
80-ականներու վերջաւորութեան, աշխարհաքաղաքական պայմանները լրիւ սկսած էին փոխուիլ։ Խլրտումներ կային Սովետական Միութեան հանրապետութիւններու տարածքին։ Զգալի էին փոփոխութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Ասոնք էին այդ օրերու մեր նիւթերը, աշխարհը կ’եռար, Սովետական Միութիւն փլուզումի եզրին հասած էր, Չերնոպիլի աղէտը աշխարհը զարմացուցած էր, Արցախի ըմբոստութիւնը պայքարի վերածուած էր․ եւ ահաւասիկ բօթ մը աշխարհատարած հայութիւնը կը ցնցէր… Սպիտակի երկրաշարժը…։

Սարսափելի էին 7 Դեկտեմբեր 1988-ի կէսօրուան լուրերը, որոնք հետզհետէ աւելի կը յստականային եւ ահաւորութիւնը կը բազմապատկուէր։ Հալէպի փողոցները ամայացած էին, խանութները փակուած, եկեղեցիներու զանգերը կ’ահազանգէին հազարաւոր հայորդիներու կորուստը, ակումբներէն ներս հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր, պատկան մարմիններ օգնութիւն կը հաւաքէին եւ զայն փութացնել կը ծրագրէին, միջոցներ կ’որոնէին…։
Նոյն գիշերն իսկ Աղուիթայի շառաւիղ խաչուհիները իրենց կոչումին անսալով Արամ Մանուկեան կիսաւարտ ակումբի առաջին յարկին վրայ «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար»-ը նշանաբան ըրած՝ եկած էին իրենց օգնութիւնը «Ցօղելու հայ ցաւին վրայ»:

Այդ գիշեր հայ կեդրոնէն ներս մինչեւ լոյս մեր կամաւոր հաւատաւորները օգնեցին պատրաստելու հաւաքուած մեծաքանակ ապրանքը՝ աղէտեալ գօտի ուղարկելու նպատակով։ Հո՛ն, ա՛յդ օրը, ես ստացայ իմ խաչուհիի առաջին մկրտութիւնը՝ ի տես ընկերուհիներու անմնացորդ նուիրումին, վարակիչ աշխուժութեան եւ ներշնչող կամքին։ Ես մկրտուեցայ որպէս խաչուհի, ինչպէս որ կեդրոնը մկրտուեցաւ՝ «Սպիտակ»:
1990 թուականը ՍՕ Խաչի գործունէութեան անկիւնադարձն էր։ Տարիներով փայփայած էինք անկախ հայրենիքի մը տեսլականը։ Հասած էր պահը, երազը իրականացած֊։ Հասած էր պահը ամէն գնով հայրենիքի կաիքները հոգալու:

21 Սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստան կը հռչակէր իր անկախութիւնը, մինչ Արցախի մէջ ծայր առած էր ազատագրական շարժումը: Հայրենազուրկ սփիւռքահայը մեծ խանդավառութիւն կ’ապրէր, տարիներով փայփայուած հայրենիքի տեսլականը իրականացած էր։ Դարաններէն դուրս եկած էին Եռագոյնն ու Զինանշանը։ Հին երգերու կողքին նոր երգեր կը հիւսուէին Արցախը ազատագրող նորօրեայ ֆետայիներու քաջութիւնները դրուատող։ Միութիւններ, կազմակերպութիւններ, անհատներ, որոնց առաջիններէն էր ՀՕՄ-ը, կը փութային նորանկախ հայրենիք՝ օգնութեան ծրագիրներ մշակելու վճռակամութեամբ:
1991-ի ամռան, մեր առօրեայ տեղական ծրագիրներուն վրայ աւելցած էին նորանկախ հայրենիքի վերելքին եւ հայրենի ժողովուրդի բարօրութեան ծառայող շատ մը ծրագիրներ։ Աշխատանքը մեծ էր, բայց կամքն ու խանդավառութիւնը անզսպելի։ Բոլորիս մէջ լաւագոյնն ու կատարեալը հայրենիքին մատուցելու մարմաջը անգերազանցելի էր:

Այս ծրագիրներէն ամենահետաքրքրականը մեծ թիւով հայրենի որբերու հիւրընկալութիւնն էր։ Անոնք կ’իջեւանէին Հալէպ, կը մնային Պատսպարան, կ’ուղեւորուէին Քեսապ կազդուրուելու, Հալէպի մէջ մկրտութեան արարողութիւններով զանոնք կը մօտեցնէինք քրիստնէութեան, միջոցին շատ մը ազգայիններ կը ստանձնէին կնքահայրութեան պարտականութիւնը, սաներ կ՛որդեգրուէին, ձեւով մը սփիւռք- հայրենիք շփման մէջ մտնելով, ապա խումբը կը վերադառնար հայրենիք: Այդ նոյն ամառն էր, 21 Օգոստոս 1991-ին, առաջին անգամ ՀՕՄ-ը պաշտօնապէս մուտք կը գործէր Հայաստան եւ հայրենիքի ազատ հողին վրայ կը գումարէր Շրջանային վարչութիւններու ատենապետուհիներու ժողովը, կը վերակենդանացնէր ՀՕՄ-ի ծիլերը հայրենիքէն ներս եւ կը նշանակէր նորանկախ Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը:
ՀՕՄ-ը իր առաքելութեան մէջ էր՝ «Նոր աշխարհներէն մինչեւ Հայաստան, անօգներն ամէն իրեն կը յուսային»: ՍՕԽ-ը նաեւ իր ընթացիկ աշխատանքներուն զուգահեռ նուիրուեցաւ առաջնահերթ նպատակ եղող հայրենիքի ծառայութեան Սուրբ աշխատանքին:

Սփիւռքահայուն մօտ 1915-ի տարագրութեան եւ Սովետական Հայաստանի երկաթեայ վարագոյրի պատճառած հայրենազրկման զգացումը ստեղծած էին ոգեղէն հայրենիքի մը հասկացութիւնը եւ անսահման պաշտամունք՝ հանդէպ ան հայրենիքին։ 1991-ի Հայաստանի անկախացումով ոգեղէնն ու քարեղէնը իրար միացան, առաւել՝ Արցախը վերադարձնելու հաւատքը։ Մեր մէջ տարիներու կուտակուած հայրենասիրութիւնը՝ խելագարելու չափանիշերուն հասցուցած էր սփիւռքահայ ամէն անհատ, ամէն կազմակերպութիւն ձեւով մը օգտակար ըլլալ կը ջանար։ Այդ կարգին մենք՝ խաչուհիներս, որպէս մայր, որպէս կամաւոր ծառայող, որպէս հայրենիքի կարօտով տոչորուած սփիւռքահայ կին՝ կը ջանայինք կատարել մեր գերագոյնը օգտակար ըլլալու հայրենիքին, Արցախին եւ Սպիտակի աղէտեալ գօտիին։ Միութեան եկամուտը կ՛ապահովէինք մեր ձեռնարկներէն եւ մեր ժողովուրդի լայն բացուած քսակներէն, բայց պահանջքը մեծ էր, մեր ծառայութեան ծիրը ընդլայնած էր հասած հայրենիք… Պէտք էր գտնել եկամտաբեր նոր միջոցներ:

Նկատի առած որ այդ օրերուն Արցախի թէժ կռիւներու եւ նուաճումներու լուրերը ամէնօրեայ մեր հացն ու ջուրն էին, իսկ ազատամարտիկները՝ ներշնչման նոր աղբիւր։ Մենք ծրագրեցինք միօրեայ սեմինար մը, օրուան քաղաքական պայմանները վերլուծող, որ նաեւ կ’ընդգրկէր ճաշերու վաճառք։ Այո՛, գտած էինք ձեւը, պիտի միացնէինք օգտակարն ու հաճելին եւ պիտի ներգրաւէինք բոլոր խաչուհիներու զօրակցութիւնը:
Եւ այդ սեմինարը եղաւ իմ երկրորդ մկրտութիւնս:

Պատրաստութիւնը արդէն ջիղերու լարում կը պահանջէր, այսօրուան ելեկտրոնային դրութեամբ այնքան դիւրին աշխատանքը՝ քանի մը օր տեւեց։ Բոլոր ազատամարտիկներու նկարները, Սումկայիթի ջարդերու պատկերներ, երկրաշարժէն աղէտեալ երեխաներ, օրաթերթերէ առած մեծ չափերով պատրաստած տեղադրած էինք Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան վերի երկու յարկերը։ Իւրաքանչիւր յարկ առանձին գործունէութիւն կը ծաւալէր, դասախօսական տարբեր նիւթերով, բայց միշտ ընդգրկելով հայրենիքի եւ Արցախի այդ օրերու պայմանները, պէտքերն ու մարտահրաւէրները: «Սպիտակ» սրահէն ներս մթնոլորտը ուրիշ էր։ Առաւօտ կանուխ, իւրաքանչիւր խաչուհի իր սէրն ու յոյսը ներդրած պատրաստած էր ճաշ մը եւ աճապարանքով կը բերէր «Սպիտակ» վաճառքի, իւրաքանչիւրի աչքին մէջ կրակ կար, դէմքին վճռական այն նայուածքը, որ կարծէք կանգնած ֆետայիի կողքին, զայն կը մղէր դէպի յաղթանակ։ Այդ օր, մենք առաջին անգամ ըլլալով֊։ Մեծ չափանիշով ճաշի վաճառք մը յաջողցուցինք, յաջող էր որովհետեւ խաչուհին իր սէրը, հոգին, սպասումն ու հաւատքը ճաշին հետ բերած էր եւ կը հաւատար հարիւրամեայ կորսուած հողերու վերադարձին:

Ձեռնարկը յաջողցուցած էինք, մենք լուսաւորած էինք մեր ընկերուհիներուն մտքերը հայրենիքի եւ ընդհանրապէս քայքայուած Սովետական Միութեան եւ տարածաշրջանի կացութեան իրազեկութեամբ, լուսաբանած էինք զիրենք հայրենի ժողովուրդի, Արցախի եւ տուժած աղէտեալ շրջաններու կարիքներուն եւ պահանջքներուն շուրջ։ Անոնք տեղեկացած էին Արցախի պայքարին եւ վերադարձուած տարածքներուն։ Կրցած էինք խաչուհիին մէջ բոցավառել հայրենաշինութեան խայծը եւ փոխանցել հաւատքը իւրաքանչիւր հայու ներդրումին կաեւորութեան, ապա հանգանակած էինք 65.000 սո.։ Այդ օր ես հաւատաւոր ընկերուհիներուս խանդավառութենէն ու նուիրումէն, ժողովուրդին հաւատքէն ու խոյանքէն՝ երկրորդ անգամ մկրտուեցայ որպէս՝ ՀՕՄ-ուհի:

Եւ ահաւասիկ հասած էր պատմական պահը, որ երկար երազած էինք։ Հոկտեմբեր 1992-ն էր։ Հայրենի աշունը իր կծու քամիով, մեղմիկ արեւով եւ նարնջագոյն դեղձերով մեզ դիմաւորեց։ Երեւան․՝ հազարամեայ մայրաքաղաք, ես առաջին անգամ կը գտնուէի հայրենիք, առաջին անգամ կը մասնակցէի ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովին եւ առաջին անգամ կը հանդիպէի վսեմ ՀՕՄ-ուհիներու փաղանգին: Հետագային ալ Պատգամաւորական ժողովներու մասնակցեցայ, բայց 64-րդ Պատգամաւորական ժողովը պատմական էր։ Ես բախտաւոր էի ըլլալով մէկ մասնիկը այդ պատմական ժողովին:

Պատմական էր, որովհետեւ հո՛ն էր որ սկիզբ առին հայրենիքը հզօրացնող ՀՕՄ-ի ծրագիրները, հո՛ն էր որ պաշտօնապէս հիմը դրուեցաւ շատ մը մարդասիրական եւ բարեսիրական կեդրոններու, որոնք ցարդ կը գործեն, այդ ժողովն էր որ վաւերացուց եւ ճանապարհը հարթեց Արցախի շատ մը մարդասիրական եւ ազգաշէն ծրագիրներու, ինչպէս՝ «Սօսէ» մանկապարտէզները, պայքարող ժողովուրդի զօրակցող ծրագիրները, նաեւ եղաւ երկրաշարժէն տուժած հազարաւորներու յոյս ու հաւատք ներշնչող եւ հայ ազատամարտիկին ապաւէն դարձող ծրագիրներ:

Քառօրեայ ժողովը իր աւարտին հասած էր, ընկերուհիները, ինչպէս որ սկսած էին եռաբլուրի մէջ հաղորդուելով նահատակներու պատգամով, աւարտեցին իրենց աշխատանքները բարձրանալով Սարդարապատի կոթողն ի վեր, նորոգեցին իրենց երդումը Շաքէներու, Սօսէներու եւ Մարոներու վճռակամութեամբ, բազմապատկեցին իրենց յանդգնութիւնը սլացող արծիւներուն հետ սեւեռելով դէպի Արարատի անաղարտ ձիւնը, իսկ ես, նահատակներու արեամբ սրբացեալ այդ փուռ մը հողին վրայ, խումբ մը առաջնորդող հայուհիներու կողքին ոչ միայն վկան եղայ այդ պատմական ժողովին, այլ լեռնացաւ հաւատքս հայ կնոջ ուժին, կամքի զօրութեան, հաւատարմութեան, բանականութեան եւ Սրբազան Գործին հանդէպ ունեցած նուիրումին:

Մինչ մաղուող մեղմիկ անձրեւը կը զովացնէր վառուող աչքերէն հոսող տաք հեղուկը, շրթներս կ’արտասանէին Կառվարենցի տողերը՝
«Կամքի, հաւատքի կոթող անսասան,
Լոյսի սերմնացան, ցաւի բալասան,
Հսկէ՛ քառաթեւ, գործէ՛ աննահանջ,
Ապրէ՛, ապրեցո՛ւր, Հայ Օգնութեան խաչ»:

ՀՕՄ-ի հիմնադրութենէն անցած է 115 օրհնեալ տարի, իսկ այդ սրբազան պատմական օրէն անցած է 33 տարի, որոնց ընթացքին շատ մը հաւատաւորներ եկած ու անցած են, բայց այդ օր սկսուած հայրենանուէր Սուրբ Գործը կը շարունակուի, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն։ ՀՕՄ-ը որպէս յոյսի փարոս, հաւատարիմ իր հաւատամքին, կը շարունակէ գործել անսայթաք, Աւարայրէն մինչեւ Արարա, նոր աշխարհներէն մինչեւ Հայաստան, իր մէջ ներառելով հայաշխարհի ներուժը եւ սփռելով հոն՝ ուր կարիքը կայ հայ կնոջ բարերար հպումին, կը լուսաւորէ հայ ժողովուրդը եւ որպէս մայր, առանց ընկճուելու ոտքի կանգնած, իր հոգատարութեան սփռոցով կը պարուրէ հայութիւնը:
Խոնարհումս ու յարգանքս ՀՕՄ-ի բոլոր Նուիրեալներուն:
Անոնք՝ «սովորական հայ կիներ չեն»։

Լինտա Գանտիլեան