Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը վերստին լոյս կը տեսնէ՝ վեցամեայ ակամայ դադարէ մը ետք:

1957 թուականէն սկսեալ, «Գլաձոր» կը հանդիսանայ Դպրեվանքի սաներու գրական, ուսումնասիրական եւ գեղարուեստական առաջին փորձերուն հանդէսը. հոն կ՚արտացոլայ Դպրեվանքի իսկական ոգին՝ իր առօրեայով, առաքելութեամբ, աշխատանքով եւ հունձքերով: Անցնող վեց տարիները ամենեւին հեզընթաց չեղան. Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ բողոքի ցոյցերը, տնտեսական տագնապը, աշխարհացունց թագաժահրը, Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, արցախեան տխրահռչակ պատերազմը եւ Լիբանանի հարաւին անակնկալ գրոհները արգելք հանդիսացան, որ «Գլաձոր»ի հետեւողական հրատարակութիւնները զգալիօրէն յամենան:

Հակառակ այս խառնակ վիճակին, դպրեվանեցիներ Պիքֆայայի իրենց խաղաղիկ շէնքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի հայրական հոգածութեան, տեսչութեան անմիջական գուրգուրանքին եւ ուսուցչաց կազմին անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ՝ իրենց հոգեմտաւոր աճն ու կրթանքը միեւնոյն թափով շարունակեցին ստանալ։ Արդ, սաներուն մտաւորական արտադրութիւնները եւս կանգ չառին. եւ ահա, այս տարիներուն ընթացքին կուտակուելով՝ կազմած են արժէքաւոր ատաղձ մը։ Դպրեվանքի համատեղ ջանքին պատկերը մարմնաւորուեցաւ ներկայ տարեգիրքին մէջ՝ շնորհիւ խմբագիր հայր սուրբերուն՝ Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեանի եւ Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեանի անսակարկ ու տքնաջան աշխատանքին:

«Գլաձոր»ի սոյն հատորը լոյս տեսաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Լագիսեանի եւ իր կողակիցին՝ երէցկին Էօժէն Լագիսեանի ազնիւ մեկենասութեամբ, առ ի երախտագիտութիւն Կիլիկեան Դպրեվանքին եւ իբրեւ խրախուսանք՝ անոր տարած առաքելութեան: Անհուն շնորհակալութիւն այս օրհնեալ ամոլին:

Ահաւասիկ, «Գլաձոր»ը կրկին կը մատուցուի հայ ընթերցասէր ու եկեղեցասէր հանրութեան: Ահա ձեր առջեւ Դպրեվանքը՝ իր իսկութեամբ, պարզութեամբ ու հարազատութեամբ: Ձեր առջեւ կը բացուին վերջին վեց տարիները. սա հաշուեյարդար մը չէ, այլ՝ պանծալի յուշարձան մը Դպրեվանքի առաքելութեան յաղթանակին: