Հայագիտութիւնը կարեւոր ուսում է, որովհետեւ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը իրազեկ կը դարձնէ մեր լեզուին, գրականութեան, պատմութեան, բանահիւսութեան, մամուլին եւ այլն։
Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը արդէն բոլորած է իր գործունէութեան 28 տարիները, որոնց ընթացքին ան երիտասարդ սերունդներուն մէջ հայերէնի նկատմամբ հետաքրքրութիւն եւ սէր յառաջացուցած է, շատերը մղելով ուսուցչական, լրագրական, գրական ստեղծագործական ասպարէզներ։ Հայկական վարժարաններու մեր աշակերտներն ու շրջանաւարտները հիմնարկին ծանօթացնելու միտումով, «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ հիմնարկի տնօրէնուհի Սիլվա Ճապաղջուրեանի հետ։
«Գանձասար»- Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկի 29-րդ վերամուտի սեմին էք: Ամփոփ կը ներկայացնէ՞ք, թէ ի՛նչ է այս հիմնարկին նպատակը: 
Սիլվա Ճապաղջուրեան- Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը հիմնուած է 1996-1997 ուսումնական տարեշրջանին, նախաձեռնութեամբ ապագայատեսիլ ու խելամիտ համազգայնականներու եւ աջակցութեամբ ու հովանաւորութեամբ օրուան առաջնորդ, վախճանեալ Գերշ. Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանի: Անշուշտ հիմնարկի հիմնադրութիւնը ինքնանպատակ չէր, այլ՝ կը միտէր ունենալ կեդրոն մը, ուր բիւրեղ արեւմտահայերէնը պիտի հնչէր եւ ուսուցանուէր, պիտի կոփուէր ուսանողներուն լեզուագիտական կարողութիւնը եւ առիթը պիտի ընծայուէր հայագիտական նիւթերու նկատմամբ հակում ունեցողներուն իրենց ուսումը շարունակելու Հայագիտական Հիմնարկէն ներս: Այս ծրագիրը կը նպատակադրէր յարմար ենթահող պատրաստել հայ ազգային մշակոյթով յագեցած հայագէտներ եւ մտաւորականներ կազմաւորելու, յատկապէս մշակութային կեանքը հարստացնելու հեռանկարով: Նաեւ պատրաստել հայերէնաւանդ, կրօնաւանդ եւ հայկական վարժարաններու մէջ հայերէն լեզուով դասաւանդող ուսուցիչներ եւ պաշտօնեաներ: Պատրաստել որակեալ մարդուժ, ծառայելու համայնքի կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս:
  «Գ. »- Ի՞նչ են ուսանողներու ընդունման պայմանները: 
Ս. Ճ. – Հիմնարկի ուսումնառութեան քառամեայ ծրագիրին կրնան հետեւիլ սուրիական պետական պաքալորիա ստացած եւ նախընտրաբար հայկական ճեմարանէ շրջանաւարտ ուսանողներ:
 «Գ. »- Ի՞նչ նիւթեր կը դասաւանդուին չորս տարիներու ընթացքին եւ ինչպիսի՞ դիւրութիւններ կ’ընծայուին ուսանողին, որպէսզի աշխատանքի կամ այլ ճիւղ մը ուսանելու կողքին կարենայ հետեւիլ նաեւ հայագիտականին:
Ս. Ճ. –  2025-2026 ուսումնական տարեշրջանին պիտի դասաւանդուին հետեւեալ նիւթերը.
– Հայ Լեզու (Քերականութիւն եւ աւանդական ուղղագրութիւն)
– Հայ Գրականութիւն (Զարթօնքի, Իրապաշտ, Գեղապաշտ եւ Խորհրդահայ շրջաններ),
-Սփիւռքահայ Գրականութիւն,
– Գրականութեան Տեսութիւն,
– Աշխարհագրութիւն,
-Հայ Ժողովուրդի Պատմութիւն,
-Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն,
-Աղբիւրագիտութիւն,
-Բանահիւսութիւն,
-Մատենագրութիւն,
-Հայ Դպրոցի եւ Մանկավարժութեան Պատմութիւն,
-Հայ Գաղթավայրերու Պատմութիւն,
– Հայ Դատ,
– Ձեռագրաց, Մամուլի եւ Տպագրութեան Պատմութիւն,
– Լրագրութիւն,
– Գրաւոր Խօսք եւ Թարգմանութիւն։
Ուսանողը կրնայ հետեւիլ քառամեայ ամբողջական ծրագիրին (լիաժամ) եւ աւարտին,  ներկայացնելէ վերջ աւարտաճառը, ստանալ համապատասխան վկայական: Եւ կամ, ըստ իր նախասիրութիւններուն եւ ժամանակի յարմարութեան, կրնայ մասնակի նիւթեր ճշդել եւ հետեւիլ անոնց դասերուն։  Ամբողջացնելէ վերջ տուեալ նիւթին համար ճշդուած ծրագիրը կը ստանայ համապատասխան հաստատագիր:
Յոյսով ենք, որ Երեւանի Խաչատուր Աբովեան Մանկավարժական համալսարանի հետ մեր համաձայնագիրը շուտով կը վերանորոգուի եւ մեր հիմնարկէն վկայեալ ուսանողները առիթ կ’ունենան շարունակելու իրենց ուսումը այս համալսարանէն ներս:
 «Գ. »- Աւարտողը աշխատանքի ասպարէզ կ’ունենա՞յ:
Հայերէնը լաւապէս իւրացնողին աշխատանք չի պակսիր: Բաց են մեր վարժարաններուն դռները: Բաց են մեր միւթիւնները, որոնք լաւ պատրաստուած մարդուժի կարիքն ունին։ Վստահաբար կարելի է բոլորին աշխատանք վստահիլ: Իսկ այսօրուան արհեստագիտական զարգացումներուն հետ քայլ պահելով, թարգմանական եւ այլ աշխատանքներ կարելի է առցանց իրականացնել:
«Գանձասար»