Հ 4-Ընդհանրապէս ընթերցում կ’ընե՞ս: Որո՞նք են սիրած հեղինակներդ, հայ թէ օտար:
Պ 4.-Շատ ընթերցասէր եմ: Կը յիշեմ տարիներ երբ մէկ համալսարանի գրադարանէն միւսը կը վազէի լման օրը, տասնեակ մը գիրքեր ձեռքիս տուն դառնալով, ամէն տեսակի նիւթերու մասին, գիտական թէ գրական, եւ ժամանակս կ’անցընէի գիշեր-ցերեկ կարդալով: Ընդհանրապէս ֆրանսերէն.  հայերէն կարդալու սովորութիւնը պակսած էր դպրոցի օրերէն ի վեր, բայց վերջերս մեծ կարօտ կը զգամ հայերէն կարդալու: Անցեալ տարի կարդացի Վարդանանքը եւ շատ մեծ հաճոյք պատճառեց ինծի: Ունիմ հեղինակներ, որոնց վրայ կը մնամ երկար ժամանակ: Ներկայիս օրինակ, նախընտրած հեղինակս Ամպրօզ Պիրսն է (Ambrose Bierce 1842-1914), ամերիկացի հեղինակ մը անցեալ դարէն, որ մեծ վարպետութեամբ կը նկարագրէ պատերազմի ու մահուան զգացումները:
Հ 5- Ցուցահանդէսները ի՞նչ կու տան քեզի, նիւթականէն անդին:
Պ 5-Ցուցահանդէսները կը դասաւորեն արուեստագէտի աշխատանքին ռիթմը: Երբ նկարիչը պայմանաւորուած է ժամանակամիջոցով, կ’աշխատի աւելի կազմակերպուած, աւելի ծրագրուած, ինչ որ դուռ կը բանայ ներշնչումի, որովհետեւ ներշնչումը կու գայ աշխատանքով: Կայ նաեւ այլ դրական կէտ մը, որն է դէմ առ դէմ կայնիլ լման մէկ կամ աւելի տարիներու աշխատանքին հետ, աշխատանոցէն դուրս, կախուած մաքուր պատերու վրայ, ինչ որ որոշ հեռաւորութիւն կը ստեղծէ արուեստագէտին եւ իր գործին միջեւ, եւ ասիկա առիթ կու տայ ինքնաքննարկման: Այլ կէտ են ճամբորդութիւնները, այլ երկիրներու մէջ ցուցահանդէսներու պարագային, ուր արուեստագէտը ուղղակի դեսպանի դեր ունի, ներկայացնելու ինքն իր աշխարհը բոլորովին օտար միջավայրի մը, փաստաբանի մը պէս պաշտպանելով ինքն իր դատը: Ասիկա արուեստագէտին ինքնավստահութիւն կը շահեցնէ:
6- Ի՞նչ է կարծիքդ սփիւռքահայ կին արուեստագէտներու եւ գրագիտուհիներու մասին. ի՞նչ են անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները:
6-Կը կարծեմ սփիւռքահայ իմ եւ ինձմէ առաջ եկած սերունդներու արուեստագիտուհիները բաւական լուրջ խոչընդոտներու դէմ եղած են իրենց ձգտումները իրագործելու, ինչպէս նաեւ առօրեայ կեանքին նկատմամբ: Ասիկա պատճառներէն մէկն է, որ կին արուեստագէտները քանակով աւելի քիչ են քան տղամարդիկը.  խօսքս ընդհանրապէս կիներու մասին է, ոչ անպայմանօրէն հայ: Հայրիշխանական սիստեմը ճզմած է կինը եւ կնոջ տաղանդը, դարերով: Ես ալ այդ  տագնապներէն զուրկ չեմ եղած: Թեմաներս մեծ հարց էին սկիզբը մօտիկներուս համար, մանաւանդ որ անոնք դեռ լաւ ծանօթ չէին գեղարուեստական աշխարհին.  ճամբորդելն ալ հարցեր կը ստեղծէր երբեմն: Արեւելքի տղամարդոց կապը կնոջ հետ  պատկանելիութեան կապ է, կինը կը համարուի տղամարդու սեփականութիւնը, հետեւաբար կը խնդրուի իրմէ բացարձակ հնազանդութիւն: Եթէ կինը նիւթապէս անկախանայ, սեփականութեան եւ իշխելու յոյսերը կը պակսին եւ այդ կրնայ բարկացնել տղամարդը. նոյնպէս եթէ կինը աւելի ուսանի, աւելի յաջողի, աւելի սիրուի: Տղամարդը կը վախնայ ու կը նախանձի, եւ հարցեր կը սկսին ծագիլ: Նման պայմաններու մէջ եղած եմ եւ միշտ նախընտրած եմ գործս եւ արուեստս… կարծեմ այդ լաւ որոշում էր: Այսօրուան անձս, մտային առողջութիւնս
կը պարտիմ գործիս: Նոր սերունդին մօտ կը կարծեմ այս հարցերը նուազած են: Արդէն ներկայիս ծայրայեղ անհատապաշտութիւնը կ’իշխէ աշխարհի վրայ, եւ կին թէ տղամարդ առանձին են: Այս տխուր բան է, բայց նոյն ատեն կինը քիչ մը կ’ազատագրէ դարերու կաշկանդումէն:
Հ 7- Եղա՞ծ են քեզմէ առաջ հայ նկարչուհիներ, որոնք նման «զգայացունց» գործեր նկարած են:
Պ 7-Անկեղծօրէն, փնտռտուք չեմ ըրած, բայց մինչեւ այն ատեն որ արուեստ եւ արուեստագիտուհի կայ, վստահ եմ որ նման թեմաներ  օգտագործուած ըլլալու են: Նաեւ վստահ եմ, որ ապագայ  սերունդները նոյնպէս այս թեմաներով պիտի նկարեն:
Հ 8-Ուժգնօրէն էրոթիք գիծ մը կայ նկարներուդ մէջ, ուրկէ՞ կու գայ եւ ի՞նչ կ’ուզէ ըսել այդ գիծը:
Պ 8-Էրոթիք թեման միշտ կայ նկարչութեան մէջ: Կը կարծեմ արուեստը կը դառնայ երկու հիմնական թեմաներու շուրջ, որոնք են կեանքը եւ մահը։  Լաւ արուեստի մէջ այս երկու թեմաները կողք կողքի կ’ապրին։  Էրոթիզմի մէջ ալ նոյնպէս.  կայ ցանկութիւնը «Միւսին»  (գլխագիր մենով), որ հակառակ սեռն է, յաւիտենական օտարը, որուն հետ կարելի է միանալ միայն կարճ ակնթարթի մը մէջ, «օրկազմ»-ի պահը, որ ցանկութեան մահն է: Ցանկութեան եւ մահուան երկու բեւեռներուն մէջ կրնան ամփոփուիլ կեանքի բոլոր երանգները: Էրոթիզմը կրնայ շատ անմիջական եւ ուղիղ ձեւով արտայայտել կեանքի բոլոր երանգները: Ինչո՞ւ չօգտագործել զայն:
Հ 9-Կրնա՞ս ըսել, թէ արուեստդ կ’արտայայտէ սփիւռքահայ արուեստագէտ կնոջ  հոգեկան աշխարհը, թէ՞ «հայ»-ը հոն տեղ չունի:
Պ 9.-  Չեմ կրնար ըսել որ հայը տեղ չունի նկարներուս մէջ, ոչ ալ կրնամ ըսել որ կ’արտայայտեմ հայը: Այս բաները անգիտակցաբար կ’անցնին արուեստի մէջ.  գեղանկարչական լեզուն, սիմպոլ թէ գոյն, իր արմատները ունի ենթագիտակցութեան մէջ, անհատային եւ ցեղային: Ծնած ըլլալով հայ ընտանիքի մէջ, ստացած ըլլալով հայկական ուսում եւ կրթութիւն,
կը կարծեմ թէ փախուստ չկայ. հայը երակներուս մէջ է եւ անպայման տեղ մը կ’արտացոլայ նկարներուս մէջ: Բայց նաեւ կ’արտացոլայ խառնուած այլ երանգներու: Ես նոյնպէս լիբանանցի եմ եւ ունիմ անհատական իմ պատմութիւնս՝ լեցուն անձնական ցաւերով, յուզմունքներով: Այս բոլորը խառնուած են իրարու:
Հ 10-Կը պատկերացնե՞ս, որ օր մը կրնաս աշխատիլ սփիւռքահայ բանաստեղծուհիի մը հետ, թարգմանելով անոր քերթողութիւնը  նկարներովդ:
Պ 10.-Ընդհանրապէս այսպիսի գործակցութիւն մը կրնայ պատահիլ շատ անիջական եւ աննախատեսուած ձեւով: Նկարազարդումը (illustration) տարբեր է գեղանկարչութենէն: Պատկերազարդումը կը ստեղծուի, որպէսզի օգնէ գրութեան, զարդարէ զայն.  գեղանկարչութիւնը կ’ապրի ինքն իրմով, որովհետեւ ինքն իր մէջ ամբողջական է: Ես գեղանկարչուհի եմ, նկարազարդում չեմ ըրած, չի հրապուրեր զիս: Ասի չի նշանակեր որ չեմ ազդուիր բանաստեղծներէ եւ չեմ ներշնչուիր անոնցմով: Այդ մէկը շատ կը պատահի շատ անմիջականօրէն: Շատ սիրած եմ Արթիւր Ռիմպոյի «Սով» բանաստեղծութիւնը օրինակի համար եւ նկարած անկէ ներշնչուած.  այլ բազմաթիւ օրինակներ ալ կան: Ուրեմն կարելի է, բայց սիրահարութեան պէս բան մըն է, չես գիտեր երբ եւ որու հանդէպ կ’ըլլայ:
Հ11-Ընդհանրապէս ի՞նչն է որ կը ներշնչէ քեզ եւ կը մղէ վրձինը ձեռք առնելու:
Պ 11-Առաւօտեան արթննալս եւ վրձինները ձեռք առնելս, երբեմն կը թուի ինծի բաժին մը երեւակայական համաձայնագրէ մը, որ ստորագրած եմ այն անձերուն հետ, որոնք բացակայ են կեանքէս, բայց ինծի իսկապէս սիրած են, տուած ամէն բան եւ կ’ուզեն տեսնել զիս լաւ մէկը, մաքուր հոգիով: Ասոնցմէ են օրինակ, հայրս եւ մօրաքոյրս: Համաձայնագրի յօդուածներէն մէկը կ’ըսէ՝ ստանալէ ետք այդ բոլոր բարիքները այդ անձերէն, պէտք է կառչած մնամ որոշ արժէքներու, չյուսահատիմ, չյանձնուիմ, գործերուս մղող ուժը ըլլայ միշտ սէրը.  փորձեմ ստեղծագործել միշտ։  Լուրջ պայմանաւորուածութիւն մըն է, որ կը յարգեմ շատ.  ասիկա միշտ հոգեւոր հաղորդակցութեան մէջ կը պահէ զիս այդ սիրելի հոգիներուն հետ, եւ համաձայնագիրը իր աւարտին կը հասնի, երբ միանամ անոնց  վերստին: Մինչ այդ, կայ արուեստը, որ աղօթքի եւ մաքուր մնալու իմ ձեւն է։
Հ 12-Նկարներուդ մէջ տիեզերական առանձնութիւն մը կայ, որ բնաւ յոռետեսական չէ, այլ կը մղէ դիտողը, որ պահ մը անջատուի շրջապատէն, խոկայ եւ սուզուի ինքն իր մէջ. ուրկէ՞ կու գայ այս պայծառ առանձնութիւնը:
Պ 12- Առանձնութեան շատ մեծ սիրահար մըն եմ  եւ կը կարծեմ այդ մէկը կ’արտացոլայ նկարներուս մէջ: Առանձնութիւնը ամէնէն հիմնական պայմաններէն  մէկն է ստեղծագործութեան: Պէտք է առանձին մնալ, ինքն իրեն ծանօթանալու: Այլ միջոց չկայ: Երբ Թարքովսքիին կը հարցնեն, թէ ի՞նչ կը խրատէ հետագայ արուեստագէտներուն, կ’ըսէ. «Թող սիրեն իրենց առանձնութիւնը»: Ներշնչումը աղմուկ եւ ժխոր չի սիրեր, աստուածային է եւ կը փնտռէ մտերմութիւն եւ լռութիւն: Հոգեւոր շնորհքը կը գտնէ միայն այն անձը, որ կը համարձակի աշխարհին տալ ուժեղ կից մը  եւ լռել, մտիկ ընելու ներշնչման ձայնը: Երկնային գիրքերուն մէջ եւս
կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Աստուած իր սիրելիները կ’ուղղէ անապատ, որպէսզի կարենան լսել զինք:
Արուեստագէտն ալ նոյնպէս իր ներշնչումը կը գտնէ իր անապատին՝  արուստանոցի չորս պատերուն մէջ:
(շար. 2 եւ վերջ)
Հեռակայ հարցազրոյցը վարեց 
Մ. Երամեան