«Երկրագունդը եւ երկինքը, անտառն ու պարտէզը, գետերն ու լիճերը եւ լեռներն ու ծովերը բացառիկ ուսուցիչներ են։ Անոնք մեզի աւելի բաներ կը սորվեցնեն, քան գիրքերը կրնան երբեւէ սորվեցնել»

Ճոն Լուպպոք

Տարիներ շարունակ մեր սկաուտական կեանքի բանակումները եղած են իւրաքանչիւր մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին կազմակերպութեամբ եւ յաճախ միտքս տառապած է այն մտորումով, թէ ինչո՞ւ մենք ալ այլ միութիւններու նման մեր տարեկան բանակումները իրարու հետ, բոլոր մասնաճիւղերու մասնակցութեամբ չենք իրականացներ։ Ինչո՞ւ այս գեղեցիկ մէկ շաբաթը առիթ չ՛ընծայեր ծանօթանալու այլ սկաուտներու` բաժնեկցելու մեր գիտելիքները, քաղցր պահերը եւ ինչու չէ անքուն գիշերները։

Այս առաջարկէն եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած միջցամաքամասային առաջին բանակումէն մեկնելով, ուր Սուրիոյ մասնաճիւղերու անդամներս մասնակցելով իրարու եւ այլ շրջաններու սկաուտներու մօտէն ծանօթացանք, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդն ու Խմբապետութիւնը  ծանրաբեռն պատրականութիւն յանձն առին եւ անիկա լիուլի կատարեցին։ Այլ խօսքով՝ այս տարուան բանակումին Սուրիոյ համարեա՛ բոլոր մասնաճիւղերը ներգրաւեցին։

Առաջին օրէն իսկ հարզատութիւնը զգալի էր տարբեր քաղաքներէ ժամանած անդամներու միջեւ` կարծէք Քրիսեանը, Յակոբեանն ու Հինդիլեանը մեզի կը շշնչային, թէ հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն, ՀՄԸՄ-նն է ձեզ միացնող անխրոխտ ուժը։ Սկաուտական իւրաքանչիւր կապ որ կը կազմուէր բանակումի կայմը բարձրացնելու համար, միեւնոյն ատեն մասնակիցներուս սրտերը ընկերական ջերմութեամբ կը հանգուցէր։

Բանակումը կը կրէր «Հայրենիք» անունը, որովհետեւ անոր թուականը կը զուգադիպէր ՀՀ վերանկախացման 34-ամեակին, հետեւաբար ալ բանակողներու վեց խմբակները կը կրէին Հայաստանի ներկայ քարտէզի մարզերուն անունները Արմաւիր, Շիրակ, Լոռի, Այրարատ, Տաւուշ եւ Սիւնիք։ Այս տարի ինծի ալ բաժին ինկաւ պատասխանատուութեան ստանձնումը «մի՛շտ յաղթական» Արմաւիր խմբակին, որուն մաս կը կազմէին աշխոյժ քոյրեր եւ եղբայրներ։

Այս բանակումը իւրայատուկ էր  ոչ թէ միայն վերոյիշեալ պատճառով , այլ որովհետեւ 4 բանակումներ՝ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերու տարեկան բանակումները եւ վկայեալ կարգի գործնական բանակումը միաձուլած էր։ Վերջինիս մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը մեր մասնաճիւղերու մէջ միաւորի գործուն պատասխանատուներ եւ փոխպատասխանատուներ կ՛ըլլան։ Այս բանակումին, հետեւաբար, հետաքրքրական էր տեսնել մեր պատասխանատուն որպէս անդամ՝ այլ պատասխանատուի մը մօտ։

Երկուշաբթի,  15 Սեպտեմբեր 2025-ի արշալոյսի առաջին ճառագայթներուն հետ սկիզբ առաւ մեր վեցօրեայ բանակումը։ Իւրաքանչիւր օր նուիրուած էր սկաուտի վեց առաքինութիւններէն մէկուն, որոնք են՝ աշխատասիրութիւն, չարքաշութիւն, աշխուժութիւն, խանդավառութիւն, հաւատք, իմացականութիւն եւ հայրենասիրութիւն։

Իւրաքանչիւր  խումբ իր նախորդ օրուան  գործունէութեան համեմատ դրօշակի արարողութեան կը ստանար իր արժանի թոթեմը։ Թոթեմներն էին՝ մաքրութեան ճերմակ թոթեմ, արագաշարժութեան՝ նարնջագոյն, աշխուժութեան՝ կարմիր, կոկիկութեան՝ կապոյտ, կարգապահութեան՝ կանաչ եւ անկարգապահութեան՝ սեւ։

Հարկ է յիշել որ Շրջանային Խմբապետութիւնը բանակումի երկրորդ օրը բոլոր խումբերուն լաւ ընթացքէն մղուած, յարմար տեսաւ սեւ թոթեմը չեղեալ համարել  եւ զայն փոխարինել հայրենասիրութեան դրօշով՝ Արցախի դրօշով, որ անդամներէն մէկուն անձնական դրօշն էր եւ ի՜նչ պատիւ որ հայրենասիրութեանդ էական խորհրդանիշերէն մէկը դառնայ ողջ բանակումի մը հայրենասիրութեան խորհրդանիշը, դրօշը։

Օրակարգի կէտերը նորաձեւ էին եւ արտասովոր։ Ամէն տարի արշաւները նոյն վայրերուն մէջ կ’ընթանային,  այս  տարի, սակայն, տարբեր վայրերով ու  բոլորովին նոր բովանդակութեամբ կը յատկանշուէին։

Անոնցմէ մէկը դէպի Ջալմա հետախուզական արշաւն էր, որուն հետախոյզ խմբակին մաս կը կազմէի։

Հետախուզական արշաւը կը զատորոշուի այլ արշաւներէ` քայլերը հաշուելու կարեւորութեամբ, որպէսզի ճիշդ նշանը ճիշդ տեղը զետեղուի։ Այդ պատճառով ես եւ քոյր մը ստանձնեցինք քայլերը հաշուելու պարտականութիւնը։ Այս մէկը զիս մղեց խորհելու․․․։ Մարդ արարածը ամէնօրեայ իր թոհուբոհին մէջ չի հաշուեր իր քայլերը, ոչ ալ ժամանակը՝ իր ուզած վայրը հասնելու, երբեմն նոյնիսկ չի գիտակցիր, որ իւրաքանչիւր քայլ զինք աւելի կը մօտեցնէ իր նպատակին եւ թէ կեանքին անուշութիւնը ոչ թէ միայն մեր նպատակներուն հասնելու մէջ է, այլ այդ ճանապարհին որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի մեր նպատակը։ Մտածումներով տարուած հասայ Ջալմա, բնութեան գիրկը զետեղուած յաջորդ կէտերուն սպասելով։

Բանակումի ընթացքին վայելեցինք նաեւ «ռալլի paper» խաղը, Քեսապի հրապարակը, ուր խումբերը մրցակցեցան կազմելու Հայաստանի քարտէզը, իւրաքանչիւր տաղաւարէ հաւաքելով անոր բաժիններէն մին։ Այլ օր մը ծով մեկնեցանք, որուն ընթացքին անդամներուն համար պատրաստուած էին ջրային զանազան խաղեր։ Բանակավայրէն ներս կատարուեցաւ աշխատանոցներու օրակարգ, առնչուած զանազան մասնագիտութիւններու՝ ճնշում չափելու, հայկական գիրերը սերտելու, կապերու, պատգառակներու, բոյս ցանելու տաղաւարներով։ Տրուեցան նաեւ Հայրենիքի մասին դասախօսութիւն եւ սկաուտական նիւթեր։ Տրուեցան կարմիր խաչի դասախօսութիւններ, որոնցմէ մէկուն դասախօսը ըլլալու բախտաւորութիւնը ունեցայ։ Կատարուեցաւ ծառատնկում եւ այլ բաներ, որոնք կարելի չէ նկարագրել յօդուածի մը սահմաններուն մէջ։

Խարուկահանդէսը իւրայատուկ էր. նախ ներկայացուեցաւ ՀՀ  քարտէզը, ապա բոլոր մասնաճիւղերու խմբապետները իրենց ճրագը ստացան շրջանային խմբապետութենէն  եւ զանոնք վառելով առաջնորդեցին իրենց մասնաճիւղերը եւ իրար հետ շաղախուելով կազմեցին մեր դրօշը՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն։

Ճոխ յայտագրէ ետք, վկայեալ կարգի քոյրերն ու եղբայրները ստացան իրենց պէճերն ու վկայականները։

Այս մէկը լոկ բանակում մը չէր, այլ փորձառութիւն մը իր տքնաջան աշխատանքով, ինչպէս նաեւ այն յիշատակներով, որոնք դրոշմուեցան սրտիս ամենագողտրիկ անկիւնը։

Աւարտին կ՛ուզեմ հաստատել, որ թէեւ մեր բանակումին անունը «Հայրենիք» էր եւ կ՛ընդգրկէր ներկայ Հայաստանի քարտէզը, սակայն այդ չի նշանակեր որ Պատմական Հայաստանը մեր սրտերուն մէջ չէր եւ մեզի չէր յուզեր այն վիճակը, որուն հասած է մեր հայրենիքը։ Աւելին․ հայրենիքի սէրը չէ սահմանափակուած դրօշներու մէջ, ոչ ալ զգացական անտեղի պոռթկումներու կամ կիսաւարտ ճառերու մէջ։ Մեզի աշխատանք է պէտք, որովհետեւ ինչպէս Յակոբոս առաքեալ կ’ըսէ. «Հաւատքը առանց գործի մեռած է»։

Թող այսպիսի բանակումներ միշտ կազմակերպուին, հարստացնելով մեր ծանօթութիւններու գանձանակը եւ բոլորիս տարբեր գաղափարները միաձուլելով, որպէսզի իրականանայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան նպատակը։

Քարէն Գատէհճեան