Ատենէ մը ի վեր համացանցին մէջ լայն ուշադրութեան կ’արժանանան կարգ մը գեղանկարներ, որոնք իրենց խիստ ինքնուրոյն ոճին պատճառով նախ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնեն, ապա կը մղեն մօտէն ճանչնալու անոնց հեղինակը:
Նկարներուն անպաճոյճ գիծերը, կերպարներուն անմիջականութիւնն ու խորունկ տխրութիւնը Զահրատի քերթուածներուն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն. ինչպէս որ զանոնք հասկնալու կամ զգալու համար մարդ պէտք չունի գրագէտ ըլլալու, այդպէս ալ այս նկարներուն հետ առաջին պահէն իսկ հաղորդակցութիւնը ոչ մէկ կարիք ունի գեղագէտ ըլլալու կամ նկարչութենէն «բան հասկնալու»: Անոնց մէջ արուեստի հզօր ներկայութիւնը սակայն կասկածէ վեր է անշուշտ:
Իր վերջին շրջանի նկարներուն մէջ անչափելի առանձնութիւն մը կայ, որ կը խորհրդանշէ այսօրուան կիներուն ապրածը, առանց ազգային խտրականութեան: Այսօր բոլոր կիները բռնուած են աշխարհի եռին մէջ, մէկ կողմէ վտանգի սուր ապրումին, միւս կողմէ իրենց զաւակները, ընտանիքն ու միջավայրը պաշտպանելու բնազդին միջեւ:
Անի Քիւրքճեանի նկարներէն իւրաքանչիւրը բարձրաձայն աղաղակ մըն է անմարդկային անարդարութեան դէմ:

Հ1-Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր դիմատետրը դարձեր է այն վայրը, ուր կարելի է հանդիպիլ մարդոց, փորձել ճանչնալ զիրենք իրենց գրառումներուն ընդմէջէն, յաճախ անդրադառնալով որ միշտ ծածկոց մը օգտագործուած է, ինքզինք, կամ իր թերիները ծածկելու համար: Ո՛չ Անի Քիւրքճեանի պարագային, որուն դիմատետրի էջը ի յայտ կը բերէ խորապէս մարդկային հոգի մը, որ կը ցաւի այսօրուան կեանքին ի տես:
Կը կարծե՞ս որ գեղանկարներդ կրնան բան մը փոխել շրջապատի անմարդկութենէն:

Պ1- Անկեղծօրէն, վերջին 2 տարիներու ընթացքին, այնքան մեծ է հիասթափութիւնը, որ ալ ինչ յուսալ արուեստէն¬: Պէյրութի մէջ ապրիլը մանաւանդ, մարդը անընդհատ կապուած կը պահէ քաղաքականութեան, եւ դէպքերուն ահաւորութիւնը ուղղակի կ’ազդէ առօրեայ կեանքին վրայ: Արդէն Պէյրութի բնակիչին յիշողութեան մէջ 1975-ի պատերազմին վէրքերը դեռ սպիացած չեն:
Ղարաբաղի դէպքերը, Կազզան, Ուքրանիան, քաղաքակիրթ երկիրներու լռութիւնը բացարձակ անիմաստ կը դարձնեն ամէն բան:
Ցեղասպանութիւնը, որ ուղղակիօրէն կը սփռուի ընկերային ցանցերու վրայ, ամօթի զգացում կը ստեղծէ երբեմն մէջս, նկարելու, մինչ աշխարհը կ’այրի, մանուկները մեզմէ օգնութիւն կը սպասեն, սոված:
Արուեստով աշխարհը փրկելու երազը Տօն Քիշօթային է, ասով հանդերձ, կապուած կը մնամ վրձիններուս եւ ամէն օր կը նկարեմ, հաւանաբար միակ յոյսով, որ գոնէ ինքզինքս փրկեմ արտաքին աշխարհէն: Զիատ Ռահպանին, որ ամէնէն սիրած արուեստագէտս է, կ’ըսէ՝ «Նպատակս այս երկիրը փոխելը չէ, այլ կ’աշխատիմ միայն որ երկիրը զիս չփոխէ»:
Հնդկական առասպելի մը համաձայն, օր մը մեծ հրդեհ կը բռնկի անտառի մը մէջ եւ բոլոր անասունները խելագարած կը սկսին փախչիլ. թռչուն մը սակայն (colibri-շատ փոքր թռչուն մըն է), կ’երթայ ու կու գայ անդադար, ջուր փոխադրելով կտուցին մէջ, ջանալով կրակը մարել. այս տեսնելով մնացած անասունները կը ծիծաղին վրան. թռչունը բարոյապէս ամէնէն ճիշդն է, կ’ընէ իր կարելին. այս հոգեբանութեամբ է, որ ես ալ կը նկարեմ այս վերջին տարիներու ընթացքին:

Հ2-Յանդգնութիւն մը կայ նկարներուդ մէջ, որ հազուադէպ երեւոյթ է սփիւռքահայ կին նկարչուհիի մը պարագային՝ պարզ, բացայայտ, բայց տարօրէն խորունկ: Ե՞րբ սկսար այս ոճով նկարել եւ ի՞նչ հանգրուաններէ անցնելէ ետք հասար այս բիւրեղացումին:

Պ2-Նկարչութեան այս թեմաներով կը նկարեմ 2005-էն ի վեր. ատկէ առաջ, շատ երկար ժամանակ կը փնտռէի ոճ մը, որուն մէջ կ’արտացոլայ ամէնէն հարազատ պատկերը ինքնութեանս:
Պատանի տարիքէս արդէն կը զգայի պէտքը արուեստին, ստեղծագործութեան: Գիտէի որ փրկութիւնս այդ կողմէն պիտի գայ:
Լիբանանի պատերազմը, ընտանեկան կարգ մը պայմաններ, մեծ խոչընդոտներ էին, որ չկարենամ սուզուիլ պէտք եղածին չափ արուեստի աշխարհի գիտելիքներուն մէջ: Համացանց դեռ չկար: Իբր մտաւորական սնունդ, կը ստանայի միայն այն ինչ որ դպրոցը ինծի կու տար՝ Հայ գրականութիւն… յետոյ քիչ մը ֆրանսական եւ արաբական գրականութիւն: Դպրոցը աւարտելէս ետք երազս էր դառնալ բանաստեղծուհի: Բայց կեանքը տարաւ զիս այլ անսպասելի տեղեր. հայերէն լեզուն հետզհետէ քիչ կը գործածէի, հետեւաբար մէջս ստեղծուեցաւ լեզուի հանդէպ շուարած վիճակ մը. հայ մըն էի, արաբախօս շրջանակի մը մէջ, ուր հարկաւոր էր լաւ գիտնալ նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն. դպրոցը աւարտելէս քանի մը տարի յետոյ քաոս մը ստեղծուեցաւ մտքիս մէջ, չորս լեզուները իրար անցան եւ չորսն ալ խորթ սկսան թուիլ ինծի:
Երբ ծանօթացայ նկարչութեան, վերջապէս գտայ իմ հարազատ լեզուն, առանց բառերու: Նոր հորիզոն մը կը բացուէր դէմս եւ կ’ուզէի նետուիլ բոլոր ուժովս դէպի առջեւ, ետեւ նետելով բոլոր ձախողութիւններս:
Սակայն հոս եւս սկսան հարցեր ծագիլ. չորս տարի ակադեմական ուսում ստանալէս ետք, առաւօտ մը ինքզինքս գտայ մինակ, դէմ առ դէմ սպիտակ պաստառին հետ, առանց ուսուցիչի, առանց դասընկերներու… վերստին կորսուած զգացի եւ անկարող արտայայտուելու այդ նոր լեզուով, որ այնքան խանդավառած էր զիս: Ի՞նչ պէտք էր նկարել հիմա եւ ինչպէ՞ս. ակադեմական նաթիւր մօրդը կամ մօտէլները բոլորովին անիմաստ էին ալ. պէտք էր ստեղծել ինքնուրոյն աշխարհ մը:
Դարձեալ ճամբաս անել թուեցաւ. ակադեմական ամբողջ մտապաշարը բաւարար չէր ճամբայ մը բանալու արուեստի աշխարհին մէջ: Նոյն ատեն, տարիները կը սահէին եւ պէտք էր կայանալ, պէտք էր անկախանալ նիւթապէս եւ լուրջ գործով մը զբաղիլ. չէի գիտեր ի՞նչ ընել. երազներուս առաստաղը հարկաւոր էր իջեցնել եւ մոռնալ նկարչուհի դառնալը, ինչպէս կարողացած էի մոռնալ բանաստեղծուհի դառնալը: Որոշեցի դարձեալ ճամբաս փոխել, արձանագրուեցայ համալսարան, հոգեբանութիւն ուսանելու, մտածելով քանի մը տարիէն գործ մը գտնել եւ աշխատիլ լուրջ մարդու պէս, ինչպէս որ ինծի կը թելադրէին բոլոր շուրջիններս:
Քալեցի ուրեմն այդ ճամբով. սակայն ուսանողութեան վերջին տարին դարձեալ պատահեցաւ անսպասելին, եւ ամէն բան յեղաշրջուեցաւ նորէն, այս անգամ դրական ձեւով:
Աւարտական տարին, վեց ամսուան ծրագիր մը պէտք էր կատարել հոգեբուժարանի մէջ, Տէյր Սալիպ հիւանդանոցը, հոգեկան ծանր հիւանդութիւններէ տառապողներու հետ, շիզոֆրէններ, հալածախտէ տառապողներ, պիբօլար հիւանդներ… Այս հիւանդները ունէին իրենց աշխատանոցը եւ կը նկարէին: Նկարչութիւնը կ’օգտագործուէր իբր բուժումի միջոց:
Առիթ ունեցայ այդ վայրը մտնելու. ուշի ուշով սկսայ զննել թէ ինչպէ՛ս կ’աշխատէին խենթերը, ազատագրուած բոլոր տեսակի կապերէ, անկաշկանդ, անկեղծ, անհոգ, ինքնուրոյն: Ունէին այն, ինչ որ կը փնտռէի, բայց չէի կարողացած գտնել ակադեմական ուսումի մէջ:
Հրապուրուած էի խենթերուն ոճով եւ սկսայ սորվիլ անոնցմէ, որդեգրել անոնց գեղագիտական մօտեցումը: Մեծ ներշնչումով այդ վեց ամիսներու ընթացքին, սկսայ նորէն նկարել, բայց տարբեր ձեւով: Տարուան աւարտին, հոգեբանութեան վկայականը չէր միայն, որ պատրաստ էր, այլ նաեւ առաջին անհատական ցուցահանդէս մը. հարիւր տոկոսով ինքնավստահ էի, որովհետեւ գտած էի կապը ձեռքիս եւ հոգիիս միջեւ: Նկարներս վերջապէս նման էին ինծի:
Այս հանգրուանէն յետոյ ամէն ինչ մէկ կողմ թողնելով, սկսայ նկարել: 2005-էն ի վեր ցուցահանդէսներու ցանկը դարձաւ անհամար:

Հ3-Ո՞ւր ստացեր ես նկարչական ուսումդ եւ ո՞վ կամ որո՞նք եղած են դասախօսներդ: Կա՞յ արուեստագէտ մը, որուն ոճը ազդած է վրադ:

Պ3.- Աւարտած եմ Համազգայինի Ճեմարանը 1990-ին. ատկէ յետոյ, ուսանած եմ վարչագիտութիւն (պիզնէս), լիբանանի Սան Ժոզէֆ համալսարանին մէջ, աւարտելով 1994-ին. նաեւ ուսանած եմ գեղանկարչութիւն, լիբանանեան պետական համալսարանին մէջ, աւարտելով 2001-ին: Ատկէ յետոյ ուսանած եմ հոգեբանութիւն, դարձեալ Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ, աւարտելով 2007-ին: Ասոնց միջեւ հետեւած եմ նաեւ աստուածաբանութեան դասընթացքներու, Սան ժոզէֆ համալսարանին մէջ:
Սկիզբը արուեստագէտներու ցանկը, որոնք ազդած են վրաս քիչ մը նեղ էր, բայց 2001-էն յետոյ, երբ համացանց սկսայ գործածել, ամէն օր նոր արուեստագէտներու կը հանդիպիմ, մէկը միւսէն հետաքրքրական:
(Շար. 1)

Հեռակայ հարցազրոյցը վարեց
Մարուշ Երամեան