Կազզայի հարցի լուծման համար ամերիկեան 21 կէտնոց նախագիծի հրապարակումը չի նշանակեր անշուշտ, որ միանգամայն խաղաղութիւն պիտի հաստատուի: Առաւել եւս` ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հրաբխային իրավիճակը հանդարտի, ինչպէս կը նշեն ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները:
Հիմա գնդակը գլորուած է Համասի կիսադաշտ: Համասը ընտրանքի առջեւ է, ինքզինք լուծարելով Կազզան փրկելու: Այդ փրկութիւնը սակայն իր իւրայատուկ նախապայմանները ունի եւ ըստ էութեան Կազզան
կը դարձնէ Իսրայէլի համար անվտանգ, որեւէ սպառնալիք չեղող միջազգային հովանաւորութիւն ունեցող շրջանի:
Նոյնիսկ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը խնդրոյ առարկայ է, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը պարզ դարձուց, որ ինք համաձայնութիւն չէ տուած այդ առաջադրանքին:
Անցումային կառավարութեան մասին կայ յատուկ կէտ: Կառավարման մարմինին պիտի ներառուին պաղեստինցի ոչ քաղաքական, մասնագիտական մարդուժի ներկայացուցիչներ եւ միջազգային փորձագէտներ: Նախքան նախագիծի հրապարակումը, կը շրջէր Թոնի Պլերի անունը: Յայտնաբար այդ խումբը պիտի ղեկավարէ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը:
Անցումային կառավարութեան աշխատանքները պիտի վերահսկուին յատուկ խորհուրդի կողմէ, որուն ղեկավարութիւնը պիտի ստանձնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Այս հանգամանքը կարեւոր է: Նախագահ Թրամփ անձնապէս կը ներգրաւուի այս ձեւաչափին եւ իր երաշխաւորութիւնը կ’ամրագրէ Կազզայի հակամարտութեան լուծման: Հեռանկարը, որ կ’առաջադրուի այս նախագիծով, Կազզան դարձնել է ներդրումային գրաւիչ եւ զարգացող շրջանի: Այստեղ անմիջապէս պէտք է յիշել ամիսներ առաջ Թրամփի յայտարարութիւնը՝ Կազզան Ռիվիերայի վերածելու, որ բնականաբար մեծ տարակուսանքով ընդունուեցաւ հանրային կարծիքին թէ ընդհանրապէս քաղաքագիտական շրջանակներուն կողմէ:
Բայց գանք Թրամփի անհատական ներգրաւուածութեան եւ անմիջապէս յիշենք Թրիփփի շուրջ կայացած համաձայնութիւնը: Թրիփփով ապաշրջափակելի հաղորդուղիներու կարեւորութեան մասին խօսելով Ուաշինկթընի մէջ դարձեալ ցոյց տրուած էր տնտեսական զարգացման հեռանկար, եւ գերշահոյթներու մասին նոյնիսկ ակնարկներ
կատարուած էին:
Յստակ է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին-ներքին քաղաքականութեան առանցքային բաժինները պիւտճէի խնդիրներն են, նոր եկամուտներու ապահովումը, այլ տեղեր կրճատումներ կատարելը եւ ներդրումային նոր միջավայրեր ստեղծելը: Զուգահեռը այս պարագային տեսանելի է շարժառիթներու եւ հեռանկարներու առումներով:
Համասին ամերիկեան նախագիծը միանգամայն չմերժելը նշանակութիւն ունի: Այստեղ առնչակից պետութիւններ պիտի աշխատին Համասի ճամբով Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններ վարելու: Անուղղակի բանակցութիւններ վարելու համար իբրեւ Համասի վրայ ազդեցութիւն ունեցող երեք երկիր առաջին հերթին կը ներկայանան: Քաթարը, Իրանն ու Թուրքիան: Քաթարն ու Թուրքիան իրենց համաձայնութիւնը տուած են ամերիկեան նախագիծին: Քաթարը վերստանձնած է միջնորդական առաքելութիւնը: Տոհայի մէջ տեղի կ’ունենան  Թուրքիա-Քաթար-Համաս բանակցութիւններ, յայտնաբար ընդունիլ տալու համար նախագիծը:
Իրանը լուռ է: Շատ բան կախեալ է ուրեմն Իրանէն Համասի պատասխանի բանաձեւման համար: Բնականաբար այս օրակարգը առանցքային է Ուաշինկթըն-Թեհրան գիծի վրայ: Հոս դարձեալ պէտք է վերյիշել Ուաշինկթընի պաշտօնական յայտարարութիւնը առ այն, որ այս նախագիծին շուրջ համաձայնութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին
կը վերաբերի եւ ոչ միայն Կազզային: Ըստ էութեան ուրեմն նախագիծին շուրջ Թեհրանի համաձայնութիւնը էական է: Չձեւակերպուած 22-րդ կէտը:
«Ազդակ»