Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտօնական բանակցութիւններուն մէջ երբևէ չէ եղած այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը։
«Արմէնփրէս»-ի համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհ․ ժողովի 80-րդ նստաշրջանի ամպիոնէն այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ՄԱԿ-ի ամպիոնէն հնչեցուցած յայտարարութիւններուն։
«Ատրպէյճանի նախագահը, որուն հետ ընդունած ենք Ուաշինկթընի հռչակագիրը, անկէ ետք քանի մը անգամ, այդ կարգին նաեւ այս ամպիոնէն կ՛օգտագործէ այսպես կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը։
Ուաշինկթընի մէջ համաձայնեցուած փաստաթուղթերուն մէջ նման արտայայտութիւն չկայ, Հայաստան–Ատրպէյճան բանակցութիւններուն կամ փաստաթուղթերուն մէջ երբեք չէ եղած։ Կը կարծեմ, որ ատրպէյճանցի գործընկերս պէտք է պարզաբանէ, թէ ի՛նչ նկատի ունի այդ արտայայտութիւնը օգտագործելով, որովհետեւ հայաստանեան իրականութեան մեջ ատիկա կ՛ընկալուի որպէս տարածքային պահանջ Հայաստանէն եւ ընդհարումի խոսոյթին հետ կը զուգորդուի», յայտարարեց Փաշինեան։

Ան յիշեցուց, որ 8 Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ յստակ բովանդակութեան եւ խոսոյթի շուրջ համաձայնած են։