Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ աշ-Շարաա հանդիպում ունեցաւ Հալէպի պետական համալսարանի եւ նահանգի գիտութեան ու կրթութեան տնօրէնութեան անձնակազմերուն հետ:
Հանդիպումի ընթացքին, կողմերը խորհրդակցեցան ուսման եւ գիտական հետազօտութեան զարգացման շուրջ, քննարկեցին նաեւ դասաւանդման գործընթացին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անոնց լուծման միջոցները: