Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ աշ-Շարաա հանդիպում ունեցաւ Հալէպ նահանգի ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարման պետական հաստատութիւններու պաշտօնէութեան հետ:
Նախագահը ունկնդրեց նահանգի ջուրի եւ ելեկտրականութեան իրավիճակը բարելաւելու եւ երկու հատուածներուն դիմագրաւած հարցերուն լուծման առնչուող առաջարկները, նկատի ունենալով, որ անոնց լուծումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ քաղաքացիին ապրելակերպին վրայ: