Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Աբիսողոմեան բացման խօսք արտասանած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ Խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթի օգտագործման ոլորտին մէջ համագործակցութեան` «123 համաձայնագիր»-ի բանակցութիւններու մեկնարկին նուիրուած տեսահանդիպման ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:

Բանակցութիւններու մեկնարկին բացման խօսք արտասանած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի փոխտեղակալ Կոնզալօ Սուարեզ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Նարեկ Մկրտչեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը իր խօսքին մէջ վերահաստատած է, որ խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթի ապահով եւ անվտանգ օգտագործումը Հայաստանի առաջնահերթութիւններէն է, եւ որ Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ հիւլէական ռումբի չտարածման միջազգային դրութեան սկզբունքներուն:

Կողմերը գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ 8 Օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն միջեւ փոխըմբռնման յուշագրերու ստորագրման ծիրին մէջ անցում կը կատարուի գործնական քայլերու իրականացման:

«123 համաձայնագիր»-ի ստորագրումը պիտի ստեղծէ իրաւական հիմք` խաղաղ նպատակներով հիւլէական ճարտարագիտութիւններու, տուեալներու եւ գիտելիքի փոխանակման համար` հիմնուած հիւլէական զէնքի չտարածման բարձր չափանիշերու վրայ: