Կը թուի թէ մեր օրերուն լուրջ հրատարակութիւններու կարիք չի զգացուիր, քանի որ հազիւ կը կարենանք կողմնորոշուիլ տեղեկատուութեան ընթացիկ լրահոսին մէջ։ Բայց երբ վերջաւորութեան կը փորձենք ամփոփել նման եղանակով եղած հապճեպ կարծիքները, ակնյայտ կը դառնայ, որ լուրջ հրատարակութիւններու պակասն է որ մեզ կը զրկէ արտաքին ու ներքին տեսաշարին մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու կարելիութենէն։

Իրականութեան մէջ մենք կը վերապրինք նման ձեռնածութիւններէն ծնող քաոսը, որուն մէջ ներկան կ’արժեզրկուի, իսկ ապագան կը մնայ անորոշութեան մէջ։ Նման պայմաններու մէջ կարեւոր է անցեալի այն էջերու ուսումնասիրութիւնը, որոնք գոնէ՝ կարմիր գիծեր կը քաշեն դէպի ապագայ տանող մեր հաւանական քայլերու ճանապարհին։ Այս առումով վտանգաշատ մեր օրերուն մէջ խիստ արդիական նշանակութիւն ունի նախեղեռնեան շրջանի հայ քաղաքական միտքի ուսումնասիրութիւնը։ Պատմութիւնը հասկնալու ու հնարաւոր ողբերգութեններէն խուսափելու համար հարկաւոր է թարմացնել սերունդներու երկխօսութեան հարթակները՝ շփուելով անոնց միտքերուն ու ապրումներուն հետ։

Հետագային Ազատամարտի սերունդ անունը ստացած նախեղեռնեան սերունդի ամենավառ ներկայացուցիչներէն մէկը մինչեւ վերջին պահը՝ Ապրիլ (24) -ը պատնէշի վրա մնացած Ռուբէն Զարդարեանն էր։ Ուստի պատահական չենք համարեր, որ անոր անտիպ նամակներու ժողովածուն կազմած ու հրատարակած է դաշնակցական մտաւորականի դիրքերը ամուր պահողը՝ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան։

Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները ամփոփող ժողովածուի յառաջաբանը գրած է բարեխիղճ ու բծախնդիր հետազօտող Կարօ Յովհաննիսեան։

«Վէմ» Մատենաշարի 10-րդ հատորը դարձած այս ժողովածուի տպագրութեան յոբելեանին առիթով մեր պարտք կը համարենք յիշեցնել, որ ներկայ պայմաններուն անգամ սահմանափակ տպաքանակով լոյս տեսնող հատորները տարիներով կը մնան պահեստներու փոշոտ դարակներուն մէջ։ Վերջերս իջնելով մեր պահեստարանը՝ ուրախութեամբ արձանագրեցինք, որ «Վէմ» մատենաշարի հիմնականօրէն՝ 500-էն 1000 տպաքանակով հրատարակած հատորներու մեծագոյն մասը արդէն անհետացած է այնտեղէն։ Գիտական հրատարակութիւն հանդիսացող նման մատենաշարի արձանագրած լուրջ յաջողութեան մէջ ամենամեծ վաստակը ունի Երուանդ Փամպուքեան։ Ուղղակի խօսքեր չենք գտներ անոր ցուցաբերած յամառ աշխատասիրութիւնը գնահատելու համար։

Հատորի բովանդակութեան հետ նախնական ծանօթութեան համար կը ներկայացնենք (յաջորդիւ կը հրատարակենք-խմբ.) Կարօ Յովհաննիսեանի ընդարձակ յառաջաբանն ու Երուանդ Փամպուքեանի ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔԸ։ Յոյս ունինք, որ յառաջիկային նաեւ ելեկտրոնային հարթակներու վրայ առիթներ պիտի ստեղծուին «Վէմ» մատենաշարի նշանակութեան ու հետագայ ծրագիրներուն աւելի լայն քննարկման ու մանաւանդ՝ Երուանդ Փամպուքեանի վաստակի գնահատման համար։

«Վէմ» հանդէսի խմբագրութիւն