Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ պըն Ֆարհան ալ-Սաուտ քաղաքական խորհրդակցութիւններու մասին փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրեցին։ Այս տեղեկութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Փոխըմբռնումի յուշագիրը ստորագրուեցաւ 26 Սեպտեմբերին՝ ՄԱԿ-ի ընդհ. Ժողովի 80-րդ նստաշրջանի շրջագիծէն ներս:

Հայաստանի Հանրապետութեան և Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են 25 Նոյեմբեր 2023-ին: