Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի հաստատեց, որ նոր Սուրիան պիտի ըլլայ միասնական, քաղաքացիական պետութիւն, որ բաց է աշխարհին եւ երաշխաւորն է սուրիական ընկերութեան համերաշխութեան, ընդգծելով, որ միասնական, ուժեղ և համախմբուած Սուրիոյ գոյութիւնը պիտի ծառայէ սուրիացի ժողովուրդին եւ ամրապնդէ տարածաշրջանային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:
CNN-ի թղթակից Ֆարիտ Զաքարիայի հետ Կիրակի, 28 Սեպտեմբերին ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին նախարարը ըսաւ. «Մենք ամէն ճիգ ի գործ կը դնենք, որ տարածաշրջանի, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Սուրիոյ, ժողովուրդները երկար տարիներու պատերազմէն, գաղթականի ու ապաստան որոնողի տառապալից կեանքէն ետք, ապրին ապահովութեան եւ խաղաղութեան մէջ։ Կ՚ուզենք երկխօսութեան եւ համագործակցութեան լեզուով հաղորդակցիլ բոլորին հետ»: