Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու ենթայանձնաժողովը ճշդուած ժամկէտի վերջին օրը ընդունեց Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամակցութեան թեկնածուներու դիմումները՝ Դամասկոսի ընտրական խորհուրդի անդամներէն։

Նախապէս Սուրիոյ բոլոր նահանգներու ընտրական խորհուրդներու կազմութիւնը ամբողջացած էր։ Նշեալ խորհուրդներու կազմերէն պիտի ընտրուի խորհրդարանի անդամներու երկու երրորդը։